«ՍՓԻՒՌՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԱՊԱՐԱՆՔ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները նախընթաց օր Երեւանի մէջ այցելեցին Հանրապետութեան նախագահի ապարանքը։ Այս առթիւ անոնք հիւրընկալուեցան Նախագահական աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Մերի Յարութիւնեանի կողմէ։ Անմիջական զրոյցի ընթացքին ան բովանդակալից ձեւով ներկայացուց հանրապետութեան նախագահին եւ որպէս կառոյց նախագահական ապարանքին գործունէութիւնը՝ կանգ առնելով Սահմանադրութեամբ նախատեսուած գործառոյթներուն, պետական իշխանութեան համակարգէն ներս դերակատարութեան եւ պետութեան ղեկավարի այլ պետական մարմիններու հետ ունեցած փոխյարաբերութիւններուն վրայ։
Մերի Յարութիւնեանի արտայայտութիւններէն վերջ, հիւրերը հետեւեցան նաեւ նոյն նիւթերուն վերաբերեալ պատրաստուած ժապաւէնի մը։ Նախագահականի աշխատակիցներէն Գայիանէ Սարգսեանի ուղեկցութեամբ անոնք շրջայց մըն ալ կատարեցին ապարանքէն ներս։ Ամառնային դպրոցի մասնակիցները այս հանգրուանին տեղեկութիւններ ստացան, թէ ե՛րբ կառուցուած է նախագահական ապարանքը, ո՛վ է ճարտարապետը, ի՛նչ առանձնայատկութիւններ ունի շէնքը։ Պատասխանատուները բացատրութիւններ տուին, թէ շրջայցի ընթացքին հիւրերուն ներկայացուած դահլիճներէն եւ սրահներէն ներս, ըստ արարողակարգի, ինչ ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենան։
Այցելութեան աւարտին մասնակիցները որպէս յիշատակ ստացան այս շրջայցին լուսանկարները եւ գրիչներ։