ԸՍՏ ՇԱՒԱՐՇ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ, ՊԱՔՈՒ ՊԷՏՔ Է ԽԵԼՔԸ ԳԼՈՒԽԸ ՀԱՒԱՔԷ
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պէտք է խելքը գլուխը հաւաքէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարարը կոչ ուղղեց, որպէսզի Պաքու չտարուի սպառազինութիւններու մրցավազքէն։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան վերջին յայտարարութիւններուն անդրադառնալով՝ Շաւարշ Քոչարեան ընդգծեց, թէ հայկական կողմի նպատակը միշտ եղած է սպառազինութեան հաւասարակշռութեան պահպանումը։
Շաւարշ Քոչարեան համոզուած է, թէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կ՚օգտագործէ իր իշխանութիւնը պահելու համար, որովհետեւ այնտեղ ուրիշ նիւթ մը գոյութիւն չունի քաղաքացիներուն ուշադրութիւնը ներքին խնդիրներէն շեղեցնելու եւ հասարակութիւնը համախմբելու համար։ Շաւարշ Քոչարեանի կարծիքով, ղարաբաղեան հակամարտութեան, լարուածութեան տեւականացումը Ալիեւի վարչակարգին տեսակէտէ անհրաժեշտ է միայն մէկ բանի համար՝ Ատրպէյճանի ժողովուրդին մօտ ստեղծել պատկեր մը, ըստ որու, գոյութիւն ունի արտաքին թշնամի մը եւ այսպէսով իսկ իշխանութիւնները քննադատողները կը յայտարարուին Հայաստանի գործակալներ, անոնց դէմ կը սկսին դատական գործընթացներ։
Մանրամասնելով Ատրպէյճանի սպառազինութիւններուն վերաբերեալ մօտեցումները՝ Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ. «Ատրպէյճան միշտ ալ կրնայ զէնք գտնել որեւէ շուկայէ։ Վերջ ի վերջոյ մենք պէտք է գիտակցինք, որ Ատրպէյճանի համար այդ հնարաւորութիւնը կու գայ օդէն, իսկ եթէ աւելի ճիշդ արտայայտուինք՝ գետնի տակէն դուրս բերուած նաւթատոլարներէն։ Ատրպէյճան աւելի խելամիտ ձեւ մը չէ գտած, քան սպառազինութիւններու մրցավազքի մէջ մտնելը, ինչ որ անհեռանկար է։ Վերջ ի վերջոյ, այսօրուան յարաբերակցութիւնը շատ աւելի բարենպաստ է հայկական կողմերուն համար՝ ի տարբերութիւն 90-ականներու սկիզբներէն, երբ Ատրպէյճան ամէն անգամ կը փորձէր յարձակման ձեռնարկել ու կը կրէր նորանոր պարտութիւններ։ Այդ տեսանկիւնէն Ատրպէյճան պէտք է խելքը գլուխը հաւաքէ»։