ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Թ.)
ՎԻՃԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒ ՏԱՐԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մի քանի օրեր առաջ նորապսակ զոյգ մը հարցուց, թէ կարելի՞ բան է որ գոյութիւն ունենայ ամուսնական կեանք, ուր չըլլայ տարաձայնութիւններ ու վիճաբանութիւններ. մեր պատասխանը յստակ ո՛չ մըն է. ամուսնական կեանքի մէջ եղած տարաձայնութիւններն ու վիճաբանութիւնները ամուսնական կեանքին բնական մէկ մասը կը կազմեն եւ կրնանք վստահեցնել, թէ աշխարհի երեսին դժուար գտնուին զոյգեր, որոնք երբեք իրենց ամուսնական կեանքին մէջ տարաձայնութիւն ու վիճաբանութիւն չեն ունեցած:
Այդ իսկ պատճառով պէտք է մեր կեդրոնացումը դնենք ո՛չ թէ չվիճելուն վրայ, այլ վէճը ի նպաստ ընտանիքին դարձնելու նրբութեան վրայ:
Զոյգերու պարագային կարելի չէ երբեք չվիճիլ, սակայն այդ վիճաբանութիւններուն բարի աւարտ տալը կը բխի առողջ հաղորդակցութենէն եւ անոր պակասն է յաճախ, որ մեր ընտանիքներէն ներս անպակաս կ՚ընէ վիճաբանութեան ու տարաձայնութեան գոյութիւնը: Սէրը առանձին բաւարար չէ ընտանիքի մը խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը պահելու. մեծագոյն խաղաղութիւն հաստատողը ընտանիքին մէջ հաղորդակցութեան առողջ մթնոլորտն է, որովհետեւ կը հաւատանք, որ կեանքի բոլոր դժուարութիւնները զոյգեր խորհրդակցելով, զիրար հասկնալով ու նեցուկ ըլլալով կրնան խաղաղութեամբ անցնիլ, իսկ այնտեղ ուր գոյութիւն ունի հաղորդակցութեան ոչ առողջ վիճակ, վիճաբանութիւններն ու կռիւներ կ՚ըլլան անպակաս:
Ամուսնական կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող վիճաբանութեան պատճառները կրնան տարբեր ըլլալ. անոնց մեծագոյններէն մին է նիւթական խնդիրները. (յայտնենք սակայն, որ նիւթապէս ապահով ընտանիքներու մէջ եւս անպակաս են կռիւներն ու վիճաբանութիւնները եւ սխալ է այն կարծիքը, որ նիւթապէս ապահով ըլլալը ընտանիքին երազային կեանք կը պարգեւէ): Նիւթական խնդիրներու կողքին զոյգերու իրարու հանդէպ ունեցած անիրատես սպասումներն ու ակնկալիքները կրնայ լուրջ խնդիրներ ստեղծել անոնց միջեւ: Չբաւարարուած սպասումները, ճնշուած վիճակը, ինչպէս նաեւ արտաքին աշխարհի ճնշուածութիւնը կրնայ վիճաբանութեան պատճառ դառնալ:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ զոյգերը տարբեր ընտանիքներու մէջ լոյս աշխարհ գալով ունին տարբեր նկարագիր, դաստիարակութիւն ու բնաւորութեան գիծեր. զոյգերէն մին կրնայ ազատախօս ըլլալ, իսկ միւսը զգայուն եւ արտասանուած պարզ խօսք մը, արտայայտութիւն մը անգամ բաւարար է վէճ ստեղծելու: Նման հարցեր նկատի ունենալով կը շեշտենք, թէ ամուսնութիւնը պարզապէս երկու զոյգերու մարմնական մէկտեղումը չէ, այլ անկէ անդին ու շատ աւելի կարեւոր յուզական աշխարհն ու փոխանցուած զգացումներն են: Եթէ այդ հոգեկան բաժինը չըլլար, ամուսնութիւնը շատ աւելի տարբեր ու դիւրին հաստատութիւն մը կարելի է նկատել:
Ստեղծուած վիճաբանութիւնները իրականութեան մէջ հոգեկան այդ խնդիրներէն առաջ կու գան. օրինակի համար՝ անվստահութիւնը, անյարգալից վերաբերմունքը:
Իրականութեան մէջ մենք վէճն ու տարաձայնութիւնները որպէս լաւ երեւոյթ կը տեսնենք, որովհետեւ առողջ ամուսնութեան պարագային անոնք պէտք է սրբագրութեան եւ կատարելագործութեան առաջնորդեն. վիճաբանութիւն չենք հասկնար ամբողջ օր մը իրարու հետ չխօսող, իրարմէ նեղուած ձեւացնող զոյգերու մասին, որովհետեւ նման վիճաբանութիւնները ամուսնական կեանքը խաթարելէ բացի ուրիշ բանի չեն ծառայեր:
Վիճաբանութիւնները կը նմանին զոյգերուն առջեւ խաղաղ ու հարթ ճամբու մը կէսին դրուած քարերու, որոնք կը խոչընդոտեն ճանապարհորդութիւնը. սակայն քարերը մէկդի տանիլը եւ կամ այդ քարերուն դիմաց նստիլ ու անշարժ մնալը կախեալ է զոյգերէն: Այդ քարերը իրականութեան մէջ ո՛չ թէ պէտք է դժուարացնեն զոյգերու կեանքը, այլ վստահութեան պատճառ դառնան: Բժշկութենէն օրինակ մը տալով բացատրենք.
Բժշկութեան մէջ ի յայտ կու գայ նոր հիւանդութիւն մը. այդ հիւանդութեան դիմաց բժիշկներ տարբեր ուսումնասիրութիւններ կատարելով կը փորձեն այդ հիւանդութեան բուժումը գտնել, որպէսզի ապագային նոյն հիւանդութեան եթէ հանդիպին, գիտնան անոր բուժման ձեւը եւ բուժեն: Նոյնն է պարագան ամուսնութեան. իւրաքանչիւր տարաձայնութիւն ու վիճաբանութիւն պէտք է զոյգերուն համար առիթ ըլլայ, որպէսզի ստեղծուած հարցին շուրջ խորհրդակցին, առողջ հաղորդակցութիւն մը ունենան, որպէսզի ապագային նոյն հարցերու դէմ յանդիման գալով ընտանեկան անդորրը չխանգարուի: Հաղորդակցութեան պակաս ունեցող զոյգերու մօտ է միայն, որ նոյն հարցը կրնայ շարունակական բնոյթ ունենայ, մինչ հոգեպէս պատրաստուած եւ առողջ հաղորդակցութեան տէր զոյգեր կը յաջողին աւելի դիւրաւ դիմագրաւել ապագայի հարցերը:
Գիտակից զոյգերու համար վիճաբանութիւններն ու տարաձայնութիւնները առիթ են զարգացնելու անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխըմբռնումը, ստեղծելու աւելի առողջ յարաբերութիւններ:
Պատկերացուցէք երկու տարբեր զոյգեր, որոնք նոյն հարցով վիճաբանութիւն մը կ՚ունենան: Առաջին զոյգը որպէս հետեւանք վիճաբանութեան կը հասնի ամուսնալուծութեան, մինչ միւս զոյգը նոյն հարցին շուրջ վիճելով հանդերձ կ՚ամրապնդեն իրենց ամուսնական կեանքը:
Այդ իսկ պատճառով խնդիրը վիճաբանութեան նիւթին ինչ ըլլալը չէ. այլ այդ վիճաբանութեան ընթացքը կառավարելն է: Հետեւաբար որպէս եզրակացութիւն ամուսնական կեանքին մէջ եղած վիճաբանութիւններն ու տարաձայնութիւնները կը նմանեցնենք թոյնի, որ կրնայ մահուան պատճառ դառնալ, սակայն միւս կողմէ դեղի վերածուելով առողջ ամուսնական կեանքը մը ստեղծել:
•շարունակելի
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Եթէ հնարաւորութիւն ունենայիր աշխարհի մէջ բան մը փոխելու, ի՞նչ կը փոխէիր:
Պատասխան.- Եթէ հնարաւորութիւն ունենայի փոփոխութիւններ կատարելու, իմ ուժը կը յատկացնէի բնապահպանութեան խթանման, առաջնահերթութիւն տալով կլիմայի փոփոխութիւնները մեղմելու: Կը ձգտէի ստեղծել աշխարհ, ուր մարդկութիւնը ներդաշնակ կը գոյատեւէ մոլորակին հետ: Խրախուսելով նորարարական լուծումները, կը պաշտպանէի երկիր մոլորակը, ներկայ, ինչպէս նաեւ ապագայ սերունդներուն համար պատրաստելով հաւասարակշռուած ու բարգաւաճ միջավայր մը: Այս նպատակը կը պահանջէ համաշխարհային համագործակցութիւն, արհեստագիտութեան յառաջընթաց եւ պատասխանատու յանձնառութիւն, նպաստելու համար մարդկութեան, ինչպէս նաեւ բնական աշխարհի բարօրութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան