ՅՍՏԱԿԵՑՄԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ
Ապակեդրոնացեալ ձեւաչափի մէջ Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու Լեռնային Ղարաբաղի հետ համագործակցութեան արգելափակումը հակազդեցութիւն յառաջացուց ֆրանսահայ համայնքին մօտ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուսի եւ Ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազնէօվի կողմէ ստորագրուած շրջաբերականով մը արգելք սահմանուած էր՝ Ֆրանսայի կողմէ չճանչցուած միաւորներուն հետ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համագործակցութեան, անոնց հետ համաձայնագրերու կնքման համար։ Այս ծիրին մէջ ներառնուած էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը։
Փարիզի, «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդը (CCAF) այս կապակցութեամբ շփման մէջ անցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ։ Այսպէս, CCAF-ի համանախագահները՝ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան քանի մը օր առաջ այցելեցին Քէ տ՚Օրսէ, ուր տեսակցեցան Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ-ի, անվը-տանգութեան ու ռազմավարական հարցերու խորհրդականին հետ։ CCAF-ի համանախագահները այս առթիւ յիշեցուցին Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը եւ անոր՝ ռազմատենչ Ատրպէյճանի կողմէ ենթարկուած շրջափակումէն դուրս գալու իրաւունքը։ Անոնք պահանջեցին, որ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ ընդգրկուի ապակեդրոնացեալ գործակցութեան շրջանակին մէջ եւ տեղեկութիւն տրուի օրէնսդրական այն շրջանցումներուն կամ հնարաւորութիւններուն մասին, որոնք կրնան կարելիութիւն ընձեռել Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համագործակցութեան համար։
Ֆրանսացի դիւանագէտ Կիոմ Օլանիէ դիտել տուած է, որ խնդրոյ առարկայ շրջաբերականին նպատակն է նահանգապետներուն յիշեցնել ապակեդրոնացեալ գործակցութեան օրէնսդրական շրջանակը եւ տեղական ընտրեալներուն նկատառման յանձնել, որ անկարելի է Ֆրանսայի կողմէ չճանչցուած միաւորները օրինապէս ճանչնալ որպէս անկախ պետութեան մը պատկանող տարածքներ։ «Բայց այս մէկը չի նշանակեր, որ կարելի չէ յարաբերութիւններ հաստատել եւ զանոնք զարգացնել», ըսած է ան։ Միեւնոյն ժամանակ, Օլանիէ յանձնառու եղած է Ներքին գործոց նախարարութեան հետ տեսակցելով՝ հարցը յստակացնելու եւ հրապարակուած շրջաբերականին հաւանական թիւր մեկնաբանութիւնները կանխելու։