ՊԱՏԻՒՍ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՑ

Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները ուրախութեամբ հետեւեցան Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած մեծարանքի արարողութեան՝ ի պատիւ շարականագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր իր անձնուրաց ներդրումը կը բերէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Նշան Չալկըճեան, որ շարականներու մարզին մէջ իսկական հեղինակութիւն մըն է, Պէյօղլուի վերջին վարչական վերիվայրումներուն ժամանակ դժբախտաբար հեռացուած էր եկեղեցիէն։ Այժմ արդէն թաղային խորհուրդը որոշած է վերահաստատել իրեն նկատմամբ արդարութիւնը եւ այդ վարչական կամքին զուգահեռ՝ երէկ Նշան Չալկըճեան պաշտօնապէս հռչակուեցաւ Պէյօղլուի ընտանիքի ցկեանս երաժշտապետը։

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ, որու կազմին միացած էին նաեւ քոյր խումբերէ մասնակիցներ։ Սրբազան երգեցողութիւնը գլխաւորեց Սեւան Շէնճան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Արարողութեան ընթացքին հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին կողմէ Նշան Սրկ. Չալկըճեանին շնորհուած Օրհնութեան գիրը։ Ընթերցման աւարտին Նորին Սրբազնութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց մեծարեալը եւ իրեն յանձնեց զայն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ արարողութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանէն Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սեւան Տէյիրմենճեանի, որ եղած էր մեծարեալի սաներէն եւ այս կապակցութեամբ դիպուկ արտայայտութիւններ ունեցաւ։ Ռաֆֆի Սիւզմէ ընթերցեց մեծարեալին կենսագրականը։ Ընթերցուեցան արտասահմանէն ուղարկուած շնորհաւորականներ՝ մանաւանդ բովանդակալից էր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողմէ Վատիկանէն ուղարկուածը։ Ձեռարկի տեւողութեան մեծարեալի մասին արտայայտուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ, Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Սայաթ Կիւրիւն, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի դպրապետ Կարօ Հալէբլի, Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբէն Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, մեծարեալի սաներէն Արտա Քապատայը, Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի անունով Կարօ Գաբրիէլեան եւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Ելոյթներուն առընթեր, օրուան մեծարեալին յանձնուեցան նաեւ յուշանուէրներ։

Նորին Սրբազնութիւնը հուսկ բանքին մէջ շեշտը դրաւ Նշան Չալկըճեանի ենթարկուած անարդարութեան վրայ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ բեկանած սիրտը անկարելի է հարիւր տոկոսով թարմանել, սակայն մեծարանքի հանդիսութիւնը միայն սփոփանք մը կրնայ ըլլալ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի տեսակէտէ։ Նորին Սրբազնութիւնը բացատրեց, որ աշխարհի վրայ մարդոցմէ արդարութեան պէտք չէ սպասել, որովհետեւ մարդ արարածը շահախնդիր է եւ արդարութիւնը միշտ կը պատկերացնէ՝ ըստ սեփական շահերուն։ Ուստի, ան դիտել տուաւ, որ արդարութիւնը միշտ կը հաստատուի ի վերուստ եւ Նշան Չալկըճեանի պարագային ալ պիտի ըլլայ նոյնը։ Ամփոփելով իր խօսքերը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մաղթեց, որ Նշան Չալկըճեան տեսնէ իր 100-ամեակը՝ ուրախացնելով իր հարազատները եւ իր բոլոր սիրելիները։ Արդարեւ, ան պիտի ապրի՝ որքան ատեն, որ կան իր աշակերտները։

Հաւաքոյթի աւարտին ծափողջոյններու ներքեւ հատուեցաւ Նշան Չալկըճեանին համար պատրաստուած կարկանդակը։ Արձակման փուլին բոլոր ներկաները գնահատեցին Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ ցուցաբերուած կամքը, նաեւ բարեմաղթութիւններ յղեցին օրուան մեծարեալին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023