ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր տիկնանց կազմի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Սիլվա Ալաչամի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Այսպէս, վարչայինները յայտնեցին, որ ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս այցելութեամբ եկած են խնդրել Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը՝ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան, որ նախատեսուած է դեկտեմբերի 16-ին։
Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց եկեղեցւոյ ի նպաստ կատարուած աշխատանքները եւ գոհունակութիւն յայտնեց կանոնաւորութեան եւ եկեղեցանուէր ծառայութեան ոգիին առընչութեամբ։ Ան ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց գործունէութեանց համար։