ԵՒՍ ՀԻՆԳ ՆԱՀԱՏԱԿ
Թուրքիա աննախընթաց պայքար մը կը մղէ ահաբեկչութեան դէմ։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր ահաբեկչութեան հարցը անպակաս է երկրի օրակարգէն՝ ամենաողբերգական դրսեւորումներով։ Վերջին տարիներուն այս խնդիրը մասամբ մտած է լուծման հունի մը մէջ, ինչ որ լաւատեսութիւն ներշնչած էր հանրային կարծիքին։ Ներկայիս, այս իմաստով ստեղծուած է յուսախաբութեան մթնոլորտ մը, ինչ որ ահաբեկչութեան դէմ ձեռնարկուած պայքարին վճռականութիւնն ալ աւելցուցած է։
Վերջին օրերուն թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ երկրէն դուրս գործողութիւններ կ՚իրականաց-ւին ահաբեկիչներուն դէմ։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) եւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ Թուրք զինեալ ուժերը կ՚իրականացնեն լայնածաւալ գործողութիւններ։ Միջազգային սերտ համագործակցութեան մը մթնոլորտին մէջ Թուրք զինեալ ուժերը կ՚ոչնչացնեն իրենց թիրախները։ Այս գործողութիւնները երկրէն ներս ալ յառաջացուցած են արտասովոր մթնոլորտ մը։ Արդարեւ, ահաբեկչական հարցին շուրջ երկրին բուն օրակարգը տասնամեակներէ ի վեր պայմանաւորուած է ՓՔՔ-ի բռնարարքներով, որոնք վերստին սաստկացած են վերջին օրերուն։ Երէկ ՓՔՔ-ի ահաբեկիչները Շըրնաքի մէջ երեք զինուոր նահատակեցին։ Գիշերուան ժամերուն ալ Ատանայի Փոզանթը գաւառակին մէջ ահաբեկիչները յարձակում մը գործեցին Անվտանգութեան տնօրէնութեան վրայ։ Այս դէպքին հետեւանքով ալ երկու ոստիկան նահատակուեցաւ։ Այսպէսով, երէկ Թուրքիա խոր յուզում ապրեցաւ այս հինգ նահա-տակներու կորուստով։ Միեւնոյն ժամանակ սպաննուեցան երկու ՓՔՔ-ականներ։
Ահաբեկչութեան խնդրին այս շրջանին բացայայտօրէն ածանցուած են նաեւ շարք մը ներքին քաղաքական գործօններ, մասնաւորապէս ՀՏՓ կուսակցութեան եւ այս վերջնոյն համակուսակցապետներէն Սելահատտին Տէմիրթաշի դիրքորոշման բերումով։ Ի շարունակութիւն՝ ան վերջին օրերուն թիրախը դարձած է պետական աւագանիին՝ որովհետեւ իրերայաջորդ ձեւով հանդէս կու գայ մեղադրական արտայայտութիւններով։ Նոյն հիման վրայ պատկան իշխանութիւնները իր պարագային հարցաքննութեան մը նախապատրաստութիւններուն ձեռնարկած են, ինչ որ լայն արձագանգ կը գտնէ տեղական մամուլին մօտ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ շարունակեցին հանդէս գալ վճռական պատգամներով։ Այս բոլոր իրադարձութիւնները համընկնած են այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Թուրքիոյ մէջ անցումային շրջան մը կ՚ապրուի՝ նոր կառավարութեան ձեւաւորման հանգրուանին։ Էրտողան երէկ ընդգծեց, որ համախոհական կառավարութիւններէն դժուար թէ օգուտ մը գայ երկրին։ Հետեւաբար, եթէ ներկայ միջկուսակցական բանակցութիւններէն արդիւնք ապահովել կարելի չըլլայ, ապա ան կողմնակից է ձեւաւորել փոքրամասնական կառավարութիւն մը եւ փութով երթալ կանխահաս ընտրութեան։
Բաց աստի, Էրտողան ընդգծեց, թէ ԻՇԻՊ-ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւնները դուրս են իսլամէն։