ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԴ.)
ՍԵՌԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սեռական առողջ յարաբերութիւնը վճռորոշ դեր կը խաղայ ամուսնական կեանքի բարեկեցութեան պահպանման գործին մէջ, որովհետեւ այդ մէկը մարմնական «գործողութիւն»ներէ դուրս գալով կ՚ընդգրկէ յուզում, հոգեբանական ապրումներ, ինչ որ սիրահարներու միջեւ սէրն ու կապուածութիւնը կ՚ամրապնդէ:
Սեռական յարաբերութիւնը կը խթանէ զոյգերու յուզական կապը եւ անոնց մօտ կ՚ամրապնդէ վստահութիւնը իրարու հանդէպ. անոնք այդտեղ կ՚արտայայտեն իրենց սէրն ու իրարու նկատմամբ զգացումները: Յարաբերութիւնը կը կարեւորենք, որովհետեւ առողջ յարաբերութեան մէջ կը պարզուի զոյգերու բարեկեցութեան ընթացքը։ Այդ յարաբերութիւնը կիրքերու յագեցում տալու փոխարէն պէտք է ծառայէ անոնց միջեւ մտերմութեան եւ վստահութեան ամրացման՝ յարգելով ու ճանչնալով կողակիցի ցանկութիւնները, սահմաններն ու ակնկալիքները:
Մինչեւ որոշ ժամանակ նման նիւթերու մասին խօսիլը մեր շրջանակին մէջ դիտուած է որպէս «ամօթ», սակայն պէտք է ընդունիլ, որ սեռական կեանքը մեծ դեր ունի ամուսնական կեանքի մէջ։ Ըստ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ այս հարցը ամուսնալուծութիւններու պարագային կարեւոր տեղ կը գրաւէն։ Եւ ընդհանրապէս, այս հարցը որպէս «ամօթ» նիւթ ընկալելով՝ նորապսակ զոյգերու մեծամասնութիւնը անգիտակից ձեւով կը մօտենայ մարդկային այդ զգացումներուն:
Յաճախ նորապսակ զոյգերու մօտ, մանաւանդ տղամարդոց, կը տեսնենք «իրաւունք»ի հասկացողութիւնը։ Առողջ յարաբերութիւն մը չի կրնար իր մէջ «իրաւունք» ընդգրկել, որովհետեւ երկուստեք ստեղծուած սէրը զանոնք պէտք է առաջնորդէ յարաբերութեան եւ կը հաւատանք, որ աշխարհի մեծագոյն դժբախտներէն մին կրնայ ըլլալ ան, որ հակառակ իր կամքին ու ցանկութեան, իբր թէ ամուսնական «պարտաւորութիւն» կ՚ունենայ սեռական յարաբերութիւն: «Իրաւունք»ի եւ «պարտաւորութեան» զգացումը ժամանակի ընթացքին կը վերացնէ սէրն ու յարգանքը: Այդ իսկ պատճառով, սեռական յարաբերութիւնը մարմնական մօտեցում ըլլալէ առաջ կը դիտենք որպէս հոգեկան ու զգացական ապրումներ, որպէս մեծագոյն արտայայտութիւններէն մին զոյգերու իրարու հանդէպ ունեցած սիրոյն ու վստահութեան:
Սեռական յարաբերութիւնը զոյգերուն մէջ կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ կողակիցները հո՛ն լաւապէս կը հասկնան իրենց գնահատուած ըլլալը, յարգուիլը: Կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ յարգալից վերաբերմունքէն հեռու սխալ մօտեցում մը կրնայ շատ ծանր եւ անբուժելի հետեւանքներ ունենալ զոյգերուն մօտ։ Յարաբերութեան ընթացքին անյարգալիր ընթացք մը, որ հակառակ է կողակիցի ընկալումներուն, զգացումներուն ու ակնկալիքներուն, կրնայ մեծ յուսախաբութիւններու պատճառ դառնալ:
Եթէ ուսումնասիրէք վիճակագրութիւնները, աւելիով պիտի զգաք սեռական յարաբերութեան կարեւորութիւնը։ Օրինակի համար՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակուած վիճակագրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ ամուսնալուծութեան դիմող զոյգերուն 74.2 տոկոսը ունի ոչ-առողջ սեռական յարաբերութիւն եւ կամ ընդհանրապէս չունին:
Ժամանակի ընթացքին զոյգերու միջեւ սեռական յարաբերութիւնները կրնան կրել փոփոխութիւններ, որովհետեւ ժամանակի հետ միասին մարդոց մօտ կը փոխուին մտահոգութիւնները, ցանկութիւնները, ակնկալիքներն ու գրեթէ ամէն բան եւ այդ փոփոխութիւնները հաւասարակշռող գործօններէն մէկը սեռական յարաբերութիւնն է, որ մշտական սիրոյ խոստովանութեան, ինչպէս նաեւ վստահութեան ամրապնդման կը նպաստէ: Փաստ է, որ զոյգեր իրենց կողակցին մօտ կատարուող փոփոխութիւնները շատ անգամ կը սկսին զգալ սեռական յարաբերութեան ընթացքով, որովհետեւ խօսքերը կրնան մարդը խաբել, սակայն հոգեկան ապրումները՝ ոչ:
Զոյգերու մէջ մինչեւ այսօր կարեւորեցինք հաղորդակցութիւնը։ Իրականութեան մէջ սեռական յարաբերութիւնը որքան ալ կիրքէն ու ցանկութենէն ծնունդ առած ըլլալ թուի, կը կարօտի առողջ հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ գիտակից մօտեցման:
Զոյգեր պէտք է իրենց միջեւ առանց ամօթ զգալու արտայայտեն իրենց մտածումները, մտահոգութիւններն ու ապրումները եւ եթէ զոյգերէն մին կ՚ամչնայ այդ մէկը ընելու, այդտեղ լուրջ խնդիր կրնայ գոյութիւն ունենալ: Հաղորդակցութիւնը սեռական կեանքին համար եւս կարեւոր է՝ ճանչնալու կողակիցին մօտեցումներն ու ակնկալիքները, որովհետեւ անոնց դէմ ու հակառակ ընթացք մը կրնայ զգացական վէրքեր յառաջացնել, այդ իսկ պատճառով մեր յորդորն է, որ սեռը որպէս մարմնական զգացում ընդունելու փոխարէն ընդունիք որպէս հոգեկան հաշուեյարդար՝ սեռական կեանքի առողջ ընթացքը որոշելու համար:
Որոշ հին գլուխները պէտք է համոզել, որ պսակուելու հիմնական նպատակը սեռային յարաբերութիւնը պէտք չէ ըլլար։ Այդ մէկը պարզապէս առողջ ընտանիքի մը գոյութիւնը ապահովող գործօններէն մէկն է, սակայն ո՛չ գերագոյն նպատակ: Զոյգերու մէջ առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ անոնց միջեւ ստեղծուած մտերմութիւնը, որ կը վերածուի սիրոյ եւ որպէս անոր արտայայտութիւն՝ սեռային ապրումներու կ՚առաջնորդէ: Այդ իսկ պատճառով «բռնի» եւ «անսիրտ» յարաբերութիւնները ժամանակ մը ետք կրնան նողկանք պատճառել:
Այս բոլորին մասին խօսելէ ետք դարձեալ ու դարձեալ կը շեշտենք դաստիարակութեան կարեւորութիւնը. կը հաւատանք, որ ապագային առողջ սերունդ եւ ընտանիք ունենալու համար այս բոլորը պէտք է մաս դառնայ բարոյական դաստիարակութեան՝ նոյնիսկ դպրոցական տարիքէն, որովհետեւ այսօրուան պատանի երիտասարդը եթէ ո՛չ ծնողներու եւ ուսուցիչներու կողմէ, ապա համացանցի ճամբով պիտի սորվի՝ բարոյական բոլոր արժէքներէ մերկացած ու սխալ ձեւով:
•շարունակելի
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Ի՞նչ կը պատահի եթէ աշխարհը կասեցնէ իր պտոյտը:
Պատասխան.- Եթէ Երկիր մոլորակը դադրեցնէ իր պտոյտը հետեւանքները աղիտալի կ՚ըլլան: Եթէ պտոյտը դադրի, Երկիր մոլորակի վրայ գտնուող ամէն ինչ՝ ներառեալ մթնոլորտը, ծովերն ու ովկիանոսները, կը շարունակեն իրենց սկզբնական պտոյտի արագութիւնը, ինչ որ կործանարար հետեւանքներ կ՚ունենայ: Յանկարծակի դադարումը կը յառաջացնէ երկրաշարժներ, հրաբխային ժայթքումներ ու ամբողջութեամբ կը վերափոխուի Երկիր մոլորակը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024