«ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԿԸ ՅԱՒԵՐԺԱՑՆԷ ՎԱՐՊԵՏԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ ՈՒ Կ՚ԱՌԱՆՁՆԱՆԱՅ ԻՐ ԾՐԱԳՐԻՆ ՃՈԽՈՒԹԵԱՄԲ

Ա­նուա­նի ե­րաժշ­տա­գէտ Ա­ւետ Տէր­տէ­րեա­նի յի­շա­տա­կին Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած է փա­ռա­տօն մը՝ «Տէր­տէ­րեա­նի ժա­մա­նա­կը» ա­նուան տակ։ Գե­ղար­քու­նի­քի մար­զի Հա­յա­վանք գիւ­ղին մէջ կը գտնուի ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան տու­նը, որ միշտ իր ե­րաժշ­տու­թեան հա­մա­կիր­նե­րուն եւ մաս­նա­գէտ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ու­նե­ցած է ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն։ Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եր­դի­քին տակ նա­խըն­թաց օր մաս­նա­ւոր մամ­լոյ ա­սու­լիս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ «Տէր­տէ­րեա­նի ժա­մա­նա­կը» փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կերպ­ման բե­րու­մով։ Իր որ­դին՝ Ռու­բէն Տէր­տէ­րեան յոյս յայտ­նեց, թէ ձեռ­նար­կը իս­կա­կան ու­րա­խու­թիւն եւ ժպիտ պի­տի բե­րէ Հա­յաս­տա­նին։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Ռու­բէն Տէր­տէ­րեան ը­սաւ. «Սա ա­մե­նա­մեծ նուէրն էր հայ­րի­կիս։ Գնե­լով այդ տու­նը Սե­ւա­նայ լճի ա­փին՝ ան կ՚ե­րա­զէր, որ այն­տեղ միշտ տօն ըլ­լայ, ոչ միայն հնչէ ա­կա­դե­մա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, այլ տի­րէ ո­գիի ու­րա­խու­թիւն»։

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեանն ալ հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին նշեց, թէ Ա­ւետ Տէր­տէ­րեա­նին ձօ­նուած փա­ռա­տօ­նի մը կազ­մա­կերպ­ման գա­ղա­փա­րը հա­սուն­ցած էր վա­ղուց։ «Այ­սօր մենք գործ ու­նինք նոր ա­ւան­դու­թեան մը ներդր­ման հետ։ Վստահ եմ՝ այս ծրա­գի­րը, որ կը նե­րառ­նէ քա­նի մը օր տե­ւող բազ­մա­կող­մա­նի մի­ջո­ցա­ռում­ներ, պի­տի դառ­նայ ա­ւան­դա­կան։ Տէ­տէ­րեա­նի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը չու­նի սահ­ման­ներ։ Ան ին­ծի հա­մար բա­ցա­յայ­տած է, թէ ինչ­պէս կա­րե­լի է կեր­պա­րով մը տա­րա­ծու­թիւն լրաց­նել եւ այդ տա­րա­ծու­թիւ­նը դարձ­նել ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան դաշտ», ը­սաւ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։

«Տէր­տէ­րեա­նի ժա­մա­նա­կը» փա­ռա­տօ­նը կ՚ա­ռանձ­նա­նայ իր բազ­մաո­ճու­թեամբ՝ միա­ւո­րե­լով մշա­կոյ­թի եւ ա­րուես­տի շարք մը ճիւ­ղեր եւ ուղ­ղու­թիւն­ներ։ Շար­ժան­կա­րի ե­րե­սակ մըն ալ ու­նի ծրա­գի­րը։ Ա­ռա­ւել չա­փով իր սիմ­ֆո­նիք ե­րաժշ­տու­թեամբ համ­բաւ ձեռք բե­րած է Ա­ւետ Տէր­տէ­րեան, ո­րու ձօ­նուած փա­ռա­տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ներ­կայ էր նաեւ Սէն Փե­թերս­պուր­կի հայ հա­մայն­քի ղե­կա­վար­նե­րէն Կա­րէն Մկրտչեան։ Այս վեր­ջի­նը ընդգ­ծեց ծրագ­րի հայ-ռու­սա­կան հա­մա­տեղ բնոյ­թը։ Ա­ռա­ջին ան­գամ նման ձե­ւա­չա­փով կեան­քի կը կո­չուի այս­պի­սի նա­խա­գիծ մը։ Փա­ռա­տօ­նը Հա­յաս­տա­նէն վերջ պի­տի կրկնուի նաեւ Ռու­սաս­տա­նի հիմ­նա­կան քա­ղաք­նե­րուն՝ Սէն Փե­թերս­պուր­կի, Ե­քա­թե­րին­պուր­կի եւ Մոս­կուա­յի մէջ։ «Ա­պա­գա­յին պի­տի փոր­ձենք ծրա­գի­րը կրկնել նաեւ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րուն մէջ», ը­սաւ Կա­րէն Մկրտչեան եւ յոյս յայտ­նեց, թէ պի­տի ստեղ­ծուին նաեւ Ա­ւետ Տէր­տէ­րեա­նի տուն-թան­գա­րա­նը եւ հա­մա­նուն հիմ­նադ­րա­մը։

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2015