ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԵ.)
ՆԻՒԹԱԿԱՆԸ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Այնպէս ինչպէս սէրը ունի որոշ սիւներ, որոնց վրայ կարելի է հիմնել առողջ ընտանիք մը. այդ սիւներուն ամբողջութեամբ հակառակ գոյութիւն ունին այդ սիւները քանդող ազդակներ, որոնցմէ մէկն է անկասկած նիւթական տագնապն ու անոր յառաջացուցած հարցերը: Պսակադրութեան սկզբնական շրջանին ամէն զոյգ կը հաւատայ, թէ սէրը նիւթականով պայմանաւորուած արժէք մը չէ. նոյնիսկ Աստուծոյ ներկայութեան կը խոստանան աղքատութեան եւ նեղութեան ժամանակ ըլլալ իրարու թիկունք, սակայն որոշ ժամանակ ետք այդ խոսսումները մոռնալով որոշ հարցերու դէմ յանդիման կը գտնուին:
Ժամանակները կը փաստէ, որ ամենէն հզօր կարծուած սէրերը անգամ նիւթական խնդիրներու դիմաց կը տկարանան. պարզ ու անցաւոր այդ խնդիրները ժամանակի ընթացքին կը վերածուին լարուածութեան, ստեղծելով վստահութեան, հաղորդակցութեան եւ ընդհանուր բարեկեցութեան խնդիրներ: Նիւթական խնդիրները զոյգերու մօտ կը յառաջացնեն անհանգստութեան, վախի եւ անապահովութեան զգացում եւ անոնց միջեւ կրնայ խախտուիլ ամենէն կարեւորը՝ վստահութիւնը, ինչ որ սիրոյ համազօր կարեւոր դեր ունի զոյգերու կեանքին մէջ, որովհետեւ հո՛ն ուր կայ անվստահութիւն, սէրը երկար ժամանակ չի կրնար գոյատեւել:
Մենք ալ կը հաւատանք, որ ամուսնական կեանքը, մանաւանդ իսկական սիրոյ վրայ հիմնուած, պէտք է հեռու ըլլայ նիւթական բոլոր ակնկալութիւններէն, սակայն միւս կողմէ կ՚ընդունինք, որ գիտակից զոյգեր, նախքան իրենց պսակուիլը լաւապէս կը պատրաստուին դիմագրաւելու կեանքի անակնկալները, որոնք շատ անգամ սիրոյ կողքին կը պահանջեն նաեւ նիւթական զոհողութիւններ՝ մանաւանդ զաւակ ունենալու պարագային:
Սէրը վերացական զգացում մըն է, իսկ նիւթականը՝ շօշափելի եւ ընտանեկան կեանքը այդ երկուքին ողջագուրութեամբ կ՚առաջնորդուի: Աշխարհի վրայ տեղի ունեցող ամուսնալուծութիւններուն հիմնական պատճառներէն մին նիւթական խնդիրներն են. վիճակագրութիւններ կը յայտնեն, որ տեղի ունեցած ամուսնալուծութիւններու 30-40 առ հարիւրը տեղի կ՚ունենայ նիւթականի պատճառով յառաջացած հարցերու պատճառով:
Պէտք է շեշտել, որ զոյգերու մէջ անհաւատարմութիւնը լոկ մարմնական դաւաճանութեամբ տեղի չ՚ունենար. նիւթական անհաւատարմութիւն եւս գոյութիւն ունի, ուր զոյգեր մէկ մարմին ըլլալու, իրարմով հարստանալու փոխարէն աշխարհիկ հարստութեան կառչած կը մնան, ինչ որ ժամանակաւոր ըլլալով, ժամանակաւոր կը դարձնէ նաեւ ընտանեկան անդորրը:
Կեանքը լեցուն է անակնկալներով. այսօր նիւթապէս ապահով ապրող զոյգեր որոշ ժամանակ ետք ճակատագիրի դժբախտ խաղով մը կրնան նիւթական լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման գտնուիլ եւ եթէ նիւթականը դարձնեն իրենց կեանքի առանցքը, լուրջ դժուարութիւններու դիմաց կրնան գտնուիլ:
Զոյգերու մէջ ընտանիքը ամուր պահող ամենէն կարեւոր գործօնները վստահութիւնն ու մտերմութիւնն է. նիւթական խնդիրները այդ երկու կարեւորագոյն ապրումները կը վերացնէ եւ ընտանեկան ամուր սիւնը կը վտանգէ. այդ իսկ պատճառով մեր զոյգերուն կ՚առաջարկենք նախքան ամուսնութիւնը ունենան առողջ հաղորդակցութիւն։ Վերացական ու վարդագոյն երազներու կողքին խօսինք նաեւ կեանքը մտահոգող հարցերու, ինչպէս նաեւ նիւթական խնդիրներու շուրջ. յաճախ կը տեսնենք զոյգեր, որոնք սիրոյ կրակէն կուրացած կը մոռնան նիւթական խնդիրներու շուրջ մտածել եւ կը կարծեն կեանքը իրապէս վարդագոյն է այնպէս՝ ինչպէս սիրոյ աչքերով կը տեսնեն։ Վերացական երազներով հոգեպէս յանձն կ՚առնեն աղքատութեան մէջ ապրիլ՝ հիմնականը իրարու հետ ըլլալու գնով, սակայն ամուսնութենէն որոշ ժամանակ ետք այդ երազները կը ցնդին ու ի յայտ կու գայ կեանքի ճշմարիտ երեսը, որ խորտակելով թէ՛ երազներն ու թէ այդ կարծեցեալ սէրը, զիրենք կ՚առաջնորդէ ամուսնալուծութեան:
Կը հաւատանք, որ ամուսնական կեանքին մէջ հարուստ ըլլալը նիւթապէս հարուստ ըլլալու հետ կապ չունի. ունենալ քեզ սիրող ամուսին կամ կին, ունենալ քեզ սիրող ու յարգող զաւակներ, ունենալ ընտանիքի անդամներ՝ որոնք դժուարութեան իւրաքանչիւր պահուն քննադատելու կամ այպանելու փոխարէն պատրաստ են հոգիով ու սրտով նուիրուաբար զոհողութիւններու դիմելու։ Նիւթական հարստութիւնը կրնայ մարդկային կեանքը դիւրացնել, սակայն չի կրնար իսկական ու ամբողջական երջանկութիւն պարգեւել, որովհետեւ այդ մէկը դրամով նոյնիսկ կարելի չէ ձեռք բերել: Այս իսկ պատճառով կ՚ուզենք, որ դրամն ու նիւթականը դիտուի որպէս միջոց եւ ո՛չ նպատակ. դրամը պատճառ է ուրախութիւն ստեղծելու եւ ո՛չ թէ դրամը ինքնին ուրախութիւնն է:
Լաւապէս գիտենք, որ մեր հայ մայրերը ընդհանրապէս հոգեւոր ու բարոյական արժէքներէն աւելի յաճախ կը հետաքրքրուին թեկնածուի նիւթական վիճակով, կարծելով, թէ հարուստի մը հետ կնքուած ամուսնութիւնը իրենց զաւակներուն երջանկութիւն եւ ուրախութիւն պիտի պատճառէ. այսօր աշխարհը լեցուն է մեծահարուստներով, որոնց համար կեանքը դժոխք է պարզապէս, սակայն միւս կողմէ աշխարհը լեցուն է նաեւ այնպիսի անձերով, որոնք նիւթական բարձր պատկեր չպարզելով հանդերձ բարեկեցիկ ու համերաշխ կեանք մը կ՚ապրին:
Նիւթականացած այս աշխարհին մէջ պարտինք մեր զաւակներուն ու աշակերտներուն սորվեցնել դրամին ինչ ըլլալը, որպէսզի անոնք կեանքի նպատակի չվերածեն նիւթականը: Պարզապէս երանելի է ան, որուն կողակիցը թէ՛ ուրախութեան եւ թէ տխրութեան ժամերուն թիկունք կ՚ըլլայ իր կողակիցին, որպէսզի իրարու հետ միասնաբար այդ սեւ ամպերը հեռացնելով, խաղաղութեան ծիածանը գծեն իրենց ամուսնական կեանքի երկնակամարին վրայ:
•շարունակելի
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Տղամարդոց լալը ամօ՞թ է:
Պատասխան.- Տղամարդոց համար լալը երբեք ամօթ չէ. հասարակական ակնկալիքներն ու կարծրատիպերը կը խանգարեն, որպէսզի տղամարդիկ աւելի ազատ արտայայտեն իրենց ապրումներն ու զգացումները: Լալը մարդկային յոյզերու բնական եւ առողջ արտայայտութիւնն է:
Լալը երբեք ամօթ չէ. զգացումները ճնշելը եւ ազատութեամբ չարտայայտելը կրնայ վնասակար ազդեցութիւն ունենալ անձի հոգեկան առողջութեան վրայ, հետեւաբար կարեւոր է որ անհատներ՝ անկախ իրենց սեռէն ազատութեամբ արտայայտեն իրենց զգացումները:
Այնպէս ինչպէս բոլորը, տղամարդիկ եւս իրաւունք ունին անկեղծօրէն արտայայտելու իրենց զգացումները, նոյնիսկ արցունքի ճամբով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024