ԷՅՈՒՊԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Էյուպի վերանորոգեալ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագ, որ համախմբեց քաղաքիս զանազան շրջաններէն հաւատացեալներ։ Բարեկարգեալ եկեղեցւոյ մէջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մատոյց անդրանիկ հանդիսաւոր Ս. Պատարագը՝ առընթերակայութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլու եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք զիրենք շնորհաւորեցին եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման առթիւ։ Ճաշասեղանի ընթացքին բոլորի յատուկ գնահատանքին առարկայ դարձաւ նաեւ նկարիչ Յակոբ Աքչէլեան, որ եւս վերանորոգութեան շրջանին իր նպաստը բերած էր՝ մասնաւորապէս սրբանկարներու նկատմամբ խնամքի առումով։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքէն եւ միաբերան երգուած աղօթքէն վերջ, հրաժեշտի պահուն բոլորը թաղային խորհուրդին զօրակցութիւն յայտնեցին՝ մաղթելով, որ մեր այս պատմական եկեղեցւոյ կանթեղը միշտ մնայ վառ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023