Ամ­մօ Ար­տո­յին Կո­լե­րը «Պէտք Չէ Միայն Խա­ղալ,
Այլ Նաեւ՝ Պայ­քա­րի­լ»

1973 թուա­կանն էր: Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ: Հայրս ո­րո­շեց, որ այ­լեւս բա­ւա­րար էր Էշ­րէֆիէի Մոն­թէ Նապ­հան թա­ղա­մա­սի մէջ մեր բնա­կու­թիւ­նը: Մեր թա­ղը յատ­կան­շա­կան էր տու­նե­րուն «քով-քո­վի» եւ «մէջ-մէ­ջի» ի­րա­րու միա­ցած ի­րա­կա­նու­թեամբ, ուր ըն­տա­նիք­ներ թէ­պէտ զատ տնակ­նե­րու մէջ էինք, բայց միա­սին ապ­րե­լու սո­վո­րու­թիւն ու­նէինք: Այս­պէսով, փո­խադ­րուե­ցանք Ժտէյ­տէի շրջա­նը, որ այդ օ­րե­րուն ծած­կուած էր նա­րին­ջի պար­տէզ­նե­րով: Մեր շէն­քը, կա­րե­լի է ը­սել, որ ա­ռա­ջին­նե­րէն էր ընդ­հա­նուր թա­ղա­մա­սին մէջ: Մոն­թէ Նապ­հա­նի «խճո­ղուա­ծ» կեան­քէն ետք Ժտէյ­տէի մեր տու­նը շատ ա­ւե­լի մե­նա­կեաց էր, նո­րու­թիւն մը, ո­րուն պէտք էր ըն­տե­լա­նա­յինք:

Բայց չու­շա­ցան նոր շէն­քե­րու կա­ռու­ցում­նե­րը, եւ  մեր մե­նա­կեաց կեան­քը սկսաւ կա­մաց-կա­մաց փո­խուիլ. այդ նոր շի­նա­րա­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կը Ար­տա­ւազդ Մա­րու­թեա­նի կա­ռու­ցած շէնքն էր, մեր տան ճիշդ դի­մա­ցը:

Ես այդ­պէ­սով պի­տի գիտ­նա­յի, որ Ար­տա­ւազդ Մա­րու­թեա­ն եւ հայրս ե­ղած են մտե­րիմ բա­րե­կամ­ներ՝ Հա­լէ­պէն, ի­րենց ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րէն սկսեալ: Այդ նոր շէն­քի շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն հետ սկսաւ նաեւ հօրս բա­րե­կա­մին հետ իմ նոր ծա­նօ­թու­թիւնս, որ զար­գա­ցաւ ու ջեր­մա­ցաւ՝ պա­տա­նե­կան կեան­քիս, ըն­տա­նե­կան եւ ըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուս մէջ ա­ւելց­նե­լով օ­ղակ մը եւս՝ Ամ­մօ Ար­տոն…

Ար­դեօք այդ օ­րե­րը տար­բե՞ր էին, ա­ւե­լի դիւ­րի՞ն, օրհ­նա­բե՞ր: Ա­մէն կէ­սօր Ամ­մօ Ար­տոն մե­զի պի­տի միա­նար ճա­շի: Հայրս իր աշ­խա­տանք­նե­րը եւ Ամ­մօ Ար­տոն շէն­քի շի­նա­րա­րա­կան գոր­ծե­րը կար­գա­ւո­րե­լէ ետք, իսկ ես ալ դպրո­ցէն վե­րա­դառ­նա­լով՝ ճա­շի պա­հը կը վե­րա­ծուէր հա­ւա­քոյ­թի: Պատ­մու­թիւն­ներ, ան­ցեա­լի յու­շեր, ծի­ծաղ, բայց մա­նա­ւանդ՝ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը ամ­րապն­դող ժա­մեր, ո­րոնք եր­բեք ձանձ­րա­ցու­ցիչ չէին, քա­նի որ պատ­մու­թիւն­նե­րը շատ էին: Իսկ Ամ­մօ Ար­տոն զուարթ մարդ մըն էր եւ շատ լաւ «պատ­մո­ղ», իսկ պատ­մած­նե­րուն վրայ «հա­մեմ­նե­ր» ա­ւելց­նե­լու իր սո­վո­րու­թեամբ կը զուար­ճաց­նէր  մթնո­լոր­տը:

Հայրս կը սի­րէր բա­րե­կամ­նե­րը եւ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, հա­ւա­տա­ցած էր այս մարդ­կա­յին ար­ժէ­քին կա­րե­ւո­րու­թեան: Ին­ծի հետ իր երկ­րա­յին կեան­քը շատ եր­կար չե­ղաւ, բայց այդ իր «խտա­ցեա­լ» կեան­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ան բաժ­նեց ին­ծի հետ իր բա­րե­կամ­նե­րը, ո­րոնք մէ­կիկ-մէ­կիկ ի­րենց դրոշմն ու ար­ժէք­նե­րը փո­խան­ցե­ցին ին­ծի՝ որ­պէս կեան­քիս շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան կռուան: Եւ Ամ­մօ Ար­տոն ա­նոնց­մէ մէկն էր:

Սու­րիոյ եւ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի մէջ 1930-ա­կան թուա­կան­նե­րէն սկսեալ Ար­տա­ւազ­դը ե­ղած էր մեծ ա­նուն վաս­տ­կած ֆութ­պոլ խա­ղա­ցող, այն­քան մեծ, որ կո­չուած էր նաեւ «ֆութ­պո­լի թա­գա­ւո­ր»… Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դը, հայ թէ ա­րաբ, ի­րեն երկր­պա­գու­ներն էին: Խա-ղա­ցած ու մաս կազ­մած էր շատ մը մար­զա­կան ա­կումբ­նե­րու, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այդ օ­րե­րուն չկա­յին ֆե­տե­րա­սիո­նի դրու­թիւն եւ հա­մա­կարգ, որ պար­տադ­րանք կա­տա­րէր մար­զիկ­նե­րուն: Ան նաեւ հա­սած էր Սու­րիոյ հա­ւա­քա­կա­նի խմբա­պե­տի պա­տաս­խա­նա­տու դիրքին:

«Ժո­ղո­վուր­դին հե­րոսն էր եւ բո­լո­րը կը սպա­սէին իր կո­լե­րու­ն», հայրս էր: «Բայց մա­նա­ւանդ երբ ի­րենց խում­բը «ա­նե­լի» մէջ ըլ­լար, ամ­բողջ դաշ­տը կը թրթռար. «Եա՜ Ար­տօ, պատ­նա կո­լ» (Ար­տօ՛, կոլ կ՚ու­զենք):

Ամ­մօ Ար­տոն ին­ծի հա­մար ալ սկսաւ դառ­նալ «հե­րո­ս», չէի տե­սած իր խա­ղե­րը, ոչ ալ՝ իր նշա­նա­կած կո­լե­րը: Բայց իւ­րա­քան­չիւր կէ­սօր մեր հա­ւա­քա­կան  ճա­շին հետ կ՚ապ­րէի այդ մրցում­նե­րուն ու­ժը, որ կու գար այն ժա­մա­նա­կէն, երբ դաշ­տե­րը կը լե­ցուէին բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով. «Եա՜ Ար­տօ՛, պատ­նա կո­լ»:

Ար­տա­ւազ­դը կը հե­տե­ւէր իմ հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուս: Կը տես­նէր իմ պա­տա­նե­կան խան­դա­վա­ռու­թիւնս: Ապ­րած էր իր հա­զա­րա­ւոր «երկր­պա­գու­նե­րու­ն» ու­ժը եւ գի­տէր, թէ ինչ­պէ՛ս պէտք է այդ զգա­ցում­նե­րը կամր­ջել եւ հաս­նիլ մար­դոց սրտե­րուն ու հո­գիին: Փաս­տօ­րէն ան կրցած էր հաս­նիլ ու ը­նել ճիշդ այդ­պէս եւ ին­ծի հետ ալ կրցաւ ը­նել նոյ­նը…

Օր մը մեր հա­ւա­քա­կան ճա­շին ըն­թաց­քին Ամ­մօ Ար­տոն ը­րաւ իր ա­նակն­կա­լը: Ի­րեն հետ բե­րաւ իր նկար­նե­րու մեծ հա­ւա­քա­ծոն, որ գե­ղե­ցիկ կեր­պով զե­տե­ղուած էր ալ­պո­մի մը մէջ: Զայն դրաւ առ­ջեւս՝ որ­պէս ապ­րած ու ապ­րուած կեանք եւ սկսաւ ներ­կա­յաց­նել իր ֆութ­պո­լա­յին աս­պա­րէ­զին ա­ւան­դը:

Հպար­տու­թիւն չէր եր­բեք իր փնտռա­ծը, ոչ ալ ան­ցեա­լի այդ ան­վե­րա­դարձ օ­րե­րու հմայ­քէն բան մը վե­րագտ­նե­լու մի­տում ու­նէր: Ու­րախ էր իր ներ­կա­յով եւ ան­ցեա­լին կը նա­յէր որ­պէս ա­նուշ «յու­շ», որ զինք հաս­ցու­ցած էր իր այ­սօ­րուան: Այդ օ­րը մեր տան եր­դի­քին տակ, իր ան­ցեա­լի նկար­նե­րուն մէ­ջէն Ամ­մօ Ար­տոն փոր­ձեց իմ պա­տա­նե­կան հո­գիիս մէջ դնել ա­մուր, ապ­րուած ու փոր­ձուած ար­ժէք մը՝ պայ­քա­րը:

«1936-ին «Եու­նիոն սփոր­թիվ Հա­լէ­պ»ի հետ մրցե­ցանք Ռու­մա­նիոյ եւ Պալ­քա­նեան տա­րած­քի ա­խո­յեան Սէ.Էֆ.Էր.ի հետ,- Ամ­մօ Ար­տոն է պատ­մո­ղը:- Ա­նոնք շրջա­գա­յու­թեան ե­լած էին շրջա­նի եր­կիր­նե­րը եւ յաղ­թա­նակ­ներ տա­րած՝ Թուր­քիոյ եւ Ե­գիպ­տո­սի ա­խո­յեան­նե­րուն դէմ: Հա­լէ­պի ժո­ղո­վուր­դը անձ­կու­թեամբ, բայց նաեւ մտա­հո­գու­թեամբ կը սպա­սէր մեր առ­ճա­կա­տու­մին՝ Ռու­մա­նիոյ  խում­բին դէ­մ»:

Ամ­մօ Ար­տոն կա­մաց-կա­մաց զիս տա­րաւ դէ­պի ան­ցեա­լը, զոր չէի ապ­րած, այն ժա­մա­նակ­նե­րը, երբ պի­տի մրցէր ռու­մա­նա­ցի­նե­րուն դէմ, եւ իր պատ­կե­րա­ւոր ո­ճով ան փոր­ձեց ին­ծի ներ­կա­յաց­նել իր հա­զա­րա­ւոր հա­մա­կիր­նե­րուն իր­մէ ու­նե­ցած ակն­կա­լու­թիւ­նը՝ կոլն ու յաղ­թա­նա­կը:

«Ա­ռա­ջին տա­սը վայր­կեա­նին նշա­նա­կե­ցի կոլ մը: Եւ այդ կո­լէն խե­լա­գա­րած՝ միայն տե­սայ, թէ ժո­ղո­վուր­դը ար­դէն դաշտ խու­ժած է եւ զիս ա­ռած է իր ու­սե­րուն վրայ: Խա­ղը ընդ­մի­ջուե­ցաւ 10 վայր­կեան: Խա­ղը շա­րու­նա­կուե­ցաւ, եւ մենք յաղ­թե­ցինք 3-0 ար­դիւն­քո­վ», պատ­մեց Ամ­մօ Ար­տոն:

Ան շա­րու­նա­կեց նկար­նե­րու է­ջե­րը դարձ­նել, իւ­րա­քան­չիւ­րին վրայ կար կեանք մը, ո­րուն մա­սին պէտք էր պատ­մել: «Ե­գիպ­տո­սի ա­խո­յեան «Ահ­լի»ին դէմ մրցու­մը ե­ղաւ շատ ճա­կա­տագ­րա­կան», նշեց Ամ­մօ Ար­տոն ու շարունակեց. «Մրցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Գա­հի­րէի մէջ: Ա­ռա­ջին 17 վայր­կեան­նե­րուն մենք ստա­ցանք չորս կոլ… Ետ­քը մենք նշա­նա­կե­ցինք մէկ կոլ, եւ ի­րենք դար­ձեալ մէկ հատ եւ կի­սա­խա­ղի ար­դիւն­քը ե­ղաւ 5-1՝ ի նպաստ ե­գիպ­տա­ցի­նե­րու­ն»։

Ա­ռանց յու­սա­հա­տե­լու շա­րու­նա­կեց պատ­մու­թիւ­նը. «Չյու­սա­հա­տե­ցանք: Երկ­րորդ կի­սա­խա­ղին չորս կոլ նշա­նա­կե­ցի ես ան­ձամբ եւ մրցու­մը վեր­ջա­ցաւ 6-5՝ ի նպաստ «Ահ­լի»ի: Եւ ե­րե­ւի ե­գիպ­տա­ցի ժո­ղո­վուր­դին խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը սու­րիա­ցի­նե­րու խա­ղաո­ճէն շատ ա­ւե­լի էր, քան՝ ի­րենց խում­բէն: Մրցու­մէն ետք զիս ի­րենց ու­սե­րուն վրայ տա­րին մին­չեւ պան­դո­կ»:

Իւ­րա­քան­չիւր նկա­րի հետ Ամ­մօ Ար­տոն կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նէր  պատ­մու­թիւն մը, իսկ ես հար­ցում­ներ սկսայ ուղ­ղել ա­նոր: Այս որ­քա՜ն կեանք եւ ապ­րուած փոր­ձա­ռու­թիւն, բայց նաեւ՝ նուա­ճում: Ամ­մօ Ար­տոն գո­ցեց ալ­պո­մը, բայց աչ­քե­րը մնա­ցին սե­ւե­ռած ա­նոր վրայ: Հա­ւա­նա­բար կը փոր­ձէր վե­րա­քաղ մը ը­նել… վեր­ջա­լոյ­սէն ա­ռաջ: Վեր­ջա­պէս «փառ­քի» օ­րեր էին, եւ իւ­րա­քան­չիւր մարդ պի­տի ու­զէր ան­գամ մը եւս ապ­րիլ այդ բո­լո­րը: Բայց Ամ­մօ Ար­տո­յին հա­մար կար նաեւ մէկ այլ ի­րա­կա­նու­թիւն մը, զոր առ­ջեւս դրաւ իբ­րեւ պա­տուէր: Գլու­խը վեր հա­նեց ալ­պո­մէն եւ ին­ծի նա­յե­ցաւ: Պզտիկ ժպիտ մը գծուե­ցաւ դէմ­քին վրայ ու ը­սաւ ին­ծի. «Պէտք չէ միայն խա­ղալ, այլ նաեւ՝ պայ­քա­րի­լ»:

Շէն­քի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը վեր­ջա­ցաւ: Ամ­մօ Ար­տոն ծա­խեց իւ­րա­քան­չիւր յար­կա­բա­ժի­նը եւ մեկ­նե­ցաւ: Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը սկսաւ, մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ու բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րը ընդ­հա­տուե­ցան եւ նախ­կի­նին նման չմնա­ցին: Օրհ­նա­բեր օ­րե­րը գա­ցի՞ն: Եր­կա­րա­կեաց եւ հա­մով-հո­տով ճաշ­կե­րոյթ­նե­րը վե­րա­ցան, եւ հայրս ալ ա­նակն­կալ կեր­պով մեկ­նե­ցաւ այս աշ­խար­հէն: 1977 տա­րուան օ­րե­րէն մէկն էր, երբ լի­բա­նա­նեան քա­ղա­քա­ցիա­կան կռիւ­նե­րուն, այս­պէս ը­սած,  պա­տե­րազմ՝ քիչ մը հան­դար­տու­թեան այդ հանգ­րուան­նե­րէն մէ­կը: Ա­նակն­կալ կեր­պով հան­դի­պե­ցայ Ամ­մօ Ար­տո­յին, Պէյ­րութ քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան մա­սին մէջ, երբ տա­կա­ւին փլա­տակ չէր ե­ղած: Նա­յե­ցաւ ին­ծի: Նշմա­րե­ցի, թէ աչ­քե­րուն մէջ կար յու­զում, ո­րուն յա­ջոր­դեց խեղ­դուած ար­ցունք: Բայց «հե­րոս­նե­ր»ը չեն լար, չէ՞: Գրկեց զիս ու ը­սաւ. «Հօրդ տեղն եմ, ե­թէ բա­նի մը պէտք ու­նե­նաս, քովս ե­կու­ր»:

Ատ­կէ ետք չտե­սայ Ամ­մօ Ար­տոն: Լի­բա­նա­նի պա­տե­րազմն ալ ա­ւե­լի սաստ­կա­ցաւ: Պէյ­րութ քա­ղա­քը բաժ­նուե­ցաւ, ինչ որ ա՛լ ա­ւե­լիով դժուա­րա­ցուց հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը: Մէկ-մէկ կը լսէի, թէ քիչ մը ան­հան­գիստ է: Մին­չեւ որ լսե­ցի, եւ՝ այդ ալ ուշ, թէ Ամ­մօ Ար­տոն ալ մեկ­նած է այս աշ­խար­հէն, 1984-ին:

Չեմ գի­տեր, թէ ի՛նչ ե­ղաւ այդ իր նկար­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­ն: Իր­մէ ին­ծի մնաց այս քա­նի մը նկար­նե­րը, ո­րոնց­մէ ան­դին շատ բան կայ: Պայ­քա­րի հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն է ա­տի­կա եւ ա­նոր ար­ժէ­քը:

Նոյ­նիսկ ե­թէ նկար­նե­րը կոր­սուե­ցան կամ այլ բան ե­ղաւ ա­նոնց ճա­կա­տա­գի­րը, բայց մնաց տա­կա­ւին իմ մէջս Ամ­մօ Ար­տո­յին կո­լե­րուն յի­շա­տա­կը: Եւ իւ­րա­քան­չիւր կո­լին հետ՝ հա­յուն վե­րապ­րու­մը…

Եղեռնի են­թար­կուած հա­յը ինչ­քան ա­րագ ոտ­քի կրցած է կե­նալ եւ ստեղ­ծել ոչ թէ միայն ան­հա­տա­կան ու հա­ւա­քա­կան կեանք, բայց մա­նա­ւանդ մէ­կա­կան ար­ժէք, այդ ալ տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ: Ա­սի­կա՝ Ամ­մօ Ար­տոն եւ իր նման շա­տե­րը, ո­րոնք դար­ձան մեր հե­րոս­նե­րը, ո­րոնք մեր հո­գի­նե­րուն մէջ դրին հա­յուն ապ­րե­լու հպար­տու­թիւ­նը: Եւ իւ­րա­քան­չիւր «կո­լ»ը՝ քիչ մը ա­ւե­լիով ար­մա­տա­ցուց հա­յուն այս հպար­տու­թիւ­նը:

Բայց այս հա­յուն հպար­տու­թիւ­նը չե­կաւ ա­ռանց աշ­խա­տան­քի, այլ ան­պայ­ման կար պայ­քա­րը:

Եւ ե­թէ հա­յը այս ար­ժէ­քը եւ հպար­տու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ կեր­տել, կը նշա­նա­կէ, թէ «պէտք չէ միայն ապ­րիլ՝ իմ­մա խա­ղալ՝ այլ նաեւ պայ­քա­րի­լ»:

Եւ հա­յուն շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը նոյ­նինքն այս պայ­քա­րին մէջն է, որ յու­սա­հա­տու­թիւն պէտք չէ ճանչ­նայ:

Ամ­մօ Ար­տո­յին կո­լե­րը: Բայց ան­պայ­մա­նօ­րէն՝ իւ­րա­քան­չիւր հա­յուն, իսկ իւ­րա­քան­չիւր կոլ ար­ժէք է, բայց նաեւ՝ հպար­տու­թիւն…

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 1, 2015