ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Ի.)
ԻՆ՞Չ Է ԱՅՍ ՍԷՐԸ
Կը նկատենք, որ մեր շուրջ պսակուող բոլոր զոյգերու կեդրոնացումը ամուսնական կեանքին շուրջ իրենց կեդրոնացումը վերացական ու բարոյական արժէքներու վրայ կեդրոնացնելու փոխարէն անցողական արժէքներու վրայ կը կեդրոնանան, ինչ որ ժամանակ մը ետք կը մեռցնէ կարծեցեալ սէրը ու յանկարծ իրարու համար կեանք զոհելու պատրաստ զոյգեր չես գիտեր ինչպիսի «հրաշքով» կը դառնան թշնամիներ: Առեղծուած մըն է, թէ ինչպէս յանկարծ անոնց մօտ «առանց քեզի չեմ կրնար ապրիլ»ը յանկարծ կը վերածուի «կրնամ»ի եւ «անբաժան» զոյգեր իրենց ամբողջ կեանքը որպէս օտարական կը շարունակեն ապրիլ:
Սիրոյ ատելութեան վերածուիլը մինչեւ օրս անհասկնալի մնացած զգացողութիւն մըն է, որովհետեւ չենք գիտեր ինչպէս կարելի կ՚ըլլայ ատել անձ մը՝ որ իրապէս սիրած ենք: Մեր շուրջ կը տեսնենք երիտասարդներ, որոնք իրենց «սիրած»ներէն բաժանումէ շաբաթ մը ետք նոր «սիրածներ» կը գտնեն եւ այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ այսքան աժան բա՞ն է սէրը։ Անձի մը ըսել, թէ «կեանքս» ու «շունչս» ես, ըսել «կեանքիս իմաստն ես» ու նման հազար ու մէկ խոստումներ ու սիրոյ խոստովանութիւններ կատարել, սակայն ամիս մը ետք անցնիլ նոր «փնտռտուք»ի, բնական ըլլալ չի թուիր մեզի համար. կա՛մ անոնցը «սէր» չէ եւ կամ ալ սէրը այն չէ՝ ինչ որ մենք տեսած ենք գրականութեան մէջ ու ընդունած որպէս կատարեալ ճշմարտութիւն:
Կը նշմարենք, որ չպսակուած անհատներու յաճախ կը տրուի այս հարցը. «չի՞ գտար մէկը». կը հաւատանք, որ սէրը ո՛չ փնտռուելիք եւ ո՛չ ալ գտնուելիք բան մըն է, իսկ բոլոր անոնք որոնք պսակուելու համար կողակիցի մը փնտռտուքի մէջ են, կրնաք վստահ ըլլալ, որ մերկ են սիրոյ ճշմարիտ հասկացողութենէն եւ այդպիսիներու մօտ սէրը առեւտուրի պէս կրնայ ձեռքէ ձեռք անցնիլ, որովհետեւ հիմնուած չ՚ըլլար բարոյական արժէքներու վրայ:
Կը տեսնենք, թէ ինչպէս երիտասարդներ իրենց «կողակից»ները կը փնտռեն համացանցի մէջ տարածուած զանազան ծրագիրներու եւ էջերու մէջ եւ կ՚ուզենք հասկնալ, թէ անձի մը նկարը տեսնելով ինչպիսի՞ սէր կարելի է ակնկալել: Համացանցը մեզի ցոյց կու տայ այն՝ ինչ որ դիմացի անձը կը ցանկայ ցոյց տալ. մի քանի նկարով ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ մարդիկ «սիրոյ» առաջարկութիւն մինչեւ կը հասնին. այսօր գոյութիւն ունին «սիրոյ ծրագիր»ներ, ուր անյայտ անձերու նկարներ կը յայտնուին երիտասարդներու դիմաց եւ անոնք կ՚որոշեն «այո» մը եւ կամ «ոչ» մը ըսելով. աչքի գոյնին, քիթին չափին եւ կամ շրթունքին տեսքին մէջ կ՚արտացոլա՞յ արդեօք անձի մը բարոյական խառնուածքն ու կեանքի, սիրոյ եւ ընտանիքի հանդէպ ունեցած համոզումները:
Սիրոյ մէջ մեզի անծանօթ ելեկտրականութեան հետ կապուած հարց մը գոյութիւն ունի կարծես. տակաւին անձը չճանչցած, պարզապէս իր արտաքինը քննելով կ՚որոշեն այդ ելեկտրականութեան գոյութիւնն ու չգոյութիւնը:
Այս հարցերուն մասին խօսիլը կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ մեր երիտասարդութեան մէջէն կամաց կամաց կը վերացնեն այդ սրբազան արժէքներու գիտակցութիւնը եւ զգացումներէ, արժէքներէ եւ սրբութիւներէ զուրկ սիրոյ գաղափար մը կ՚ուզեն սերմանել անոնց մէջ. անոնց մէջ կը սերմանեն այն գաղափարը, որ լաւ ամուսին է ան՝ որ նիւթապէս լաւ վիճակ կը պարզէ. լաւ ամուսին է ան՝ որ լաւ ինքնաշարժներ ու անշարժ գոյքեր ունի: Լաւ ամուսին է ան՝ որ դիմապէս գեղեցիկ ու ներկայանալի է: Նման մտածում ունեցող մարդոցմէ ծնունդ պիտի առնէ ոչ տարբեր համոզում ունեցող զաւակներ, որոնք նոյն դաստիարակութեամբ հասակ առնելով ժամանակի ընթացքին պիտի ոտնակոխեն բոլո՛ր արժէքները:
Մեր համոզումով՝ սէրը ամբողջութեամբ տարբեր է վերոյիշեալներէն. մենք սէրը կը նմանցնենք այն բոյսին, որ հակառակ ասֆալթին ու սալայատակին դարձեալ կը գտնէ իր ճամբան ու դուրս կու գայ դէպի լոյս. մեր երիտասարդութիւնը այսօր «լաւ ժամանակ անցընել»ն ու սէրը կը շփոթեն իրարու հետ:
Ամուսնութիւնը տղոց համար իրենց աղտոտ լաթերը լուացող հակառակ սեռի մը գոյութիւն պէտք չէ ըլլայ, ո՛չ ալ իգական սեռի համար իրենց նիւթական պէտքերը հոգացող անձի մը գոյութիւնը. նման ժամանակաւոր արժէքներու բաւարարութիւն տալու համար կնքուած պսակները նոյնպէս կը դառնան ժամանակաւոր:
Մեր յորդորն է, որ անձնական շահերու բաւարարումը հոգալու փոխարէն մեր երիտասարդները փորձեն հակառակ սեռին մէջ փնտռել ու գնտել իրենց հարազատ զաւակի ապագայ հայրերն ու մայրերը. թող իրենց աչքին առջեւ բերեն, թէ ինչպիսի զաւակներ կ՚ուզեն ունենալ. կ՚ուզեն իրենց զաւակներուն մայրը կամ հայրը ըլլայ անձ մը՝ որ աննպատակ, ծխախոտը բերանը ապրելու սիրոյն կ՚ապրի, թէ ոչ անձ մը, որ ունի նպատակներ, արժէքներ ու համոզումներ: Այսօր գոյութիւն ունի երիտասարդութիւն մը, որ անհոգ ձեւով իրենց ժամերը կը մեռցնեն գիշերային ակումբներու մէջ, ոգելից ըմպելիքի եւ անծանօթ ծուխերու ազդեցութեան տակ ապրող. եւ հակառակ այս դժբախտ երեւոյթին շատեր իրենց «սէր»երը այդտե՛ղ կը գտնեն: Տարօրինակ չէ, որ այսօր աւելի ամուսնալուծութիւններ կը պատահին՝ քան անցեալին եւ վստահ ենք, որ այս ընթացքով անոնց թիւը աւելիո՛վ պիտի աւելնայ, որովհետեւ արժէքներու եւ անծանօթ «ելեկտրականութեան» մէջ տակաւին զանազանութիւն մը չկրցաւ դնել մեր երիտասարդութիւնը:
•շարունակելի
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Եղեւնիի ծառը ի՞նչ աղերս ունի Նոր տարուան հետ:
Պատասխան. Նոր տարուան շրջանին եղեւնի զարդարելը աւանդութիւն մըն է եւ հոգեւոր նշանակութիւն մը չունի: Մշտադալար ծառերը, ինչպէս եղեւնին կը խորհրդանշեն յաւերժական կեանքն ու յոյսը:
Ծառեր զարդարելը ունի պատմական հին արմատներ եւ բազմաթիւ պատմիչներու մօտ կարելի է գտնել ծառ զարդարելու սորովորութեան մասին յիշատակութիւններ: Վերջին հաշուով եղեւնին աղերս չունի Նոր տարուան հետ, պարզապէս անոր մշտադալար ըլլալը առիթ եղած է որ որպէս տօնական ծառ ընդունուի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024