ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՄԵՂՔ, ՆԵՐՈՒՄ, ՀԱՒԱՏՔ

​Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 38.1-8:
Պօղոս առաքեալին Եբրայեցիներուն ուղղած Նամակէն 1.1-14:
Ղուկասի Աւետարանէն 17.1-10:

Ղուկասի Աւետարանին 17-րդ գլուխին 1-4 համարները կը խօսքին մեղքի եւ ներումի մասին: Կը կարդանք.

«1Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ.

-Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան։ 2Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր։ 3Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք։ Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն։ 4Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ “կը զղջամ”, պէտք է ներես իրեն»։

Հաւատքի, հոգեւոր, բարոյական կեանքին մէջ մեղքն ու ներումը միշտ իրարու հետ զուգահեռական կերպով կ՚ընթանան: Հոն ուր մեղք կայ, անպայմանօրէն պէտք է ներում ըլլայ, ներելու կամք եւ պատրաստակամութիւն պէտք է ըլլայ՝ աշխարհիկ առումով, որովհետեւ աշխարհի վրայ մէկս միւսին ներելով է, որ Հանդերձեալին մէջ պիտի արժանանաք մեր Երկնաւոր Հօր կողմէ ներուելուն:

Ամէն անգամ երբ Տէր Յիսուսի սորվեցուցած աղօթքը կ՚աղօթենք, Աստուծմէ կը խնդրենք ըսելով. «12Ներէ՜ մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ յանցանք գործած են» (Մտ 6.12): Շատ յաճախ այս տողերը անզգալաբար, կամ առանց հասկնալու կ՚արտասանենք, որովհետեւ մէկ կողմէ Աստուծմէ կը խնդրենք որպէսզի մեր մեղքերը ներէ, միւս կողմէ սակայն կ՚անիրաւենք մեր նմանները, չենք ներեր մեր նմաններուն մեր նկատմամբ գործած ամենայն դոյզն յանցանքն իսկ…:

Միասնաբար կարդանք Աններող ծառային առակը.

«21Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ Յիսուսի եւ հարցուց.

-Տէ՜ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ՝ պէտք է ներեմ իրեն. մինչեւ եօ՞թը անգամ։

22Յիսուս պատասխանեց.

-Ոչ թէ եօթը անգամ, այլ եօթանասուն անգամ եօթը։ 23Որովհետեւ Երկինքի Արքայութիւնը կը նմանի հետեւեալին.-

Թագաւոր մը կար, որ ուզեց իր ծառաներուն հաշիւները քննել։ 24Եւ երբ հաշուեքննութեան սկսաւ, իրեն բերին պարտապան մը, որ միլիոնաւոր ոսկի պարտք ունէր։ 25Եւ քանի վճարելու կարողութիւն չունէր, տէրը հրամայեց որ զայն իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ որպէս ստրուկ ծախեն, ինչպէս նաեւ ունեցածը վաճառեն եւ պարտքը վճարեն։ 26Ծառան թագաւորին ոտքերուն ինկաւ եւ աղաչեց՝ ըսելով. “Համբերէ եւ ժամանակ տուր ինծի, եւ ես բոլորը կը վճարեմ քեզի”։ 27Ծառային տէրը գթաց եւ պարտքը շնորհելով՝ ղրկեց զինք։

28Հազիւ ծառան դուրս ելաւ, գտաւ իր ծառայակիցներէն մէկը, որ չնչին գումար մը պարտական էր իրեն։ Անոր կոկորդէն բռնելով կը խեղդէր զայն ու կ՚ըսէր. “Պարտքդ վճարէ ինծի”։ 29Ծառայակիցը ոտքերուն ինկաւ եւ աղաչեց՝ ըսելով. “Համբերէ եւ ժամանակ տուր ինծի, եւ ես պարտքս կը վճարեմ”։ 30Բայց անիկա չուզեց լսել։ Ընդհակառակը, գնաց եւ բանտ նետել տուաւ զայն՝ մինչեւ որ պարտքը վճարէ։

31Երբ միւս ծառաները պատահածը տեսան, շատ նեղուեցան եւ եկան ու իրենց տիրոջ պատմեցին ինչ որ պատահեցաւ։ 32Այն ատեն տէրը կանչեց այդ ծառան եւ ըսաւ. “Չա՛ր ծառայ, ամբողջ պարտքերդ շնորհեցի քեզի, որովհետեւ աղաչեցիր ինծի”։ 33Պէտք չէ՞ր որ դուն ալ ողորմէիր ընկերոջդ, ինչպէս որ ես քեզի ողորմեցայ։ 34Եւ տէրը բարկանալով՝ դահիճներուն յանձնեց զայն, որպէսզի պատժեն, մինչեւ որ վճարէ իր բոլոր պարտքերը։

Ապա Յիսուս աւելցուց.

-Ահա նոյն ձեւով իմ երկնաւոր Հայրս պիտի վարուի ձեզի հետ, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը սրտանց չներէ իր եղբօր՝ անոր յանցանքները» (Մտ 18.21-34):

Մեզմէ իւրաքանչիւրս որ անգիտակցաբար եւ առանց հասկնալու կ՚ըսենք Տէրունական աղօթքի այս տողը՝ «ներէ՜ մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ յանցանք գործած են», ապա աններող ծառայէն ոչինչով կը տարբերինք, մեզմէ իւրաքանչիւրը աններող ծառային կարգավիճակին մէջ ենք: Որովհետեւ կ՚աղօթենք Աստուծոյ եւ կ՚ակնկալենք Անոր ողորմածութիւնն ու ներողամտութիւնը, սակայն մենք մեր նմանին չենք ներեր: Արդարեւ, ի՞նչ օգուտ աղօթելը, երբ մեր աղօթածը չենք ապրիր, կեանքի չենք վերածեր, ապրեկալերպ չենք դարձներ:

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը համացանցի վրայ Տէրունական աղօթքը դասերու ընթացքին մեկնած ժամանակ, վերոնշեալ խնդրանքին համար, ի միջի այլոց, կ՚ըսէ.

Մենք եթէ կ՚ուզենք որ մեր աղօթքը Աստուծոյ համար ճշմարիտ աղօթք ըլլայ եւ կարողանանք Աստուծոյ առջեւ կենալ, Իրմէ բան մը ուզել, խնդրել, կամ Ինք մեզմէ բան մը լսէ, ապա պէտք է մենք մաքրուած ըլլանք: Այդ պատճառով Տէր Յիսուս կ'ըսէ, որ դուք պէտք է Աստուծմէ ներողութիւն խնդրէք. «Ներէ՜ ինծի ով Տէր»: «Ներէ՜ ինծի. իմ մեղքերս, իմ յանցանքներս, իմ պարտքերս»: Եթէ մեր ձեռքը ըլլար՝ այսքանը լաւ էր, բաւարար էր, սակայն Տէր Յիսուս այս մէկը կապած է ուրիշ պայմանի մը, այն է, որ մենք նաեւ պէտք է ներենք բոլոր անոնց, որոնք մեզի դէմ յանցանք գործած են; Ինչո՞ւ համար. որովհետեւ Յիսուս կ՚ըսէ. Աստուծմէ ներուիլ կ՚ուզէք եւ կը կարծէք, թէ այդ շատ պարզ բան մըն է Աստուծոյ համար, սակայն իրականութեան մէջ այդպէս չէ: Արդար Դատաւորին առջեւ ներելու եւ ներուելու գործը շատ լուրջ գործ է եւ օրէնքներէ կախում ունի: Եթէ այդպէս չըլլար, Աստուած Իր Միածին Որդին չէր ուղարկեր եւ Ան Իր արիւնով մեզ չէր փրկեր, Անոր մահն ու արիւնը մեր փրկագինը չէին ըլլար, այլ՝ պարզապէս կ՚ըսէր. անոնք որոնք կ՚ապաշխարեն՝ Ես անոնց կը ներեմ… Միայն այդպէս չէ սակայն, այլ՝ պէտք է բան մը ընել: Մեղքը, արդարեւ, ճշմարիտ տկարութիւն մըն է, միաժամանակ ճշմարիտ ոտնձգութիւն եւ ապստամբութիւն մըն է Աստուծոյ հանդէպ, ինչին պատիժը՝ մա՛հ է:

Հետեւաբար, երբ մենք Արդար Աստուծոյ դիմելով կը խնդրենք Իրմէ, որ ներէ մեր մեղքերը, Ան կ՚ըսէ մեզի.

-Սիրելի՛ աղջիկս, սիրելի՛ տղաս, կ՚ուզեմ ներել քեզի, բայց ներելը պայմաններ ունի: Նախ պէտք է հաւատաս: Քրիստոսի Խաչին վրայ քեզի համար թափած արեան, Անոր խաչին զօրութեան պէտք է հաւատաս: Երկրորդ, պէտք է իմանաս, թէ ինչքան ծանր բան է մեղքերուն ներուիլը, դուն ալ ստիպուած պէտք է համարես դուն քեզ՝ ուրիշին ներել: Չե՛ս կրնար միայն առնել. պէտք է այդ ներողութիւնը, ներողամտութիւնը, այդ քաւութիւնը ուրիշին փոխանցես: Հիմա դուն Ինծի կը հպիս որպէս քու Աստուածդ եւ Տէրդ, բայց պիտի գիտնաս նաեւ դուն ալ քու կարգիդ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հպիլ: Ինձմէ առած այս ձրի նուէրը՝ պէտք է բաժնես քու եղբայրներուդ եւ քոյրերուդ: Քեզմէ ալ պէտք է ներողութիւն ելլէ:

Պատրիարք Հայրը անդրադառնալով մեր ներկայ ընկերութեան, նոյն ծիրէն ներս այսպէս կ՚ըսէ.

Մենք չներող ընկերութեան մը մէջ կ՚ապրինք: Մահուան, վրէժխնդրութեան մշակոյթն է որ կը տիրէ հիմա: Նկատած պիտի ըլլաք, որ մեր դիտած տեսաերիզներուն եօթանասուն տոկոսին մէջ վրէժխնդրութեան, սպանութեան տեսարանները շատ են, ուր կը ներկայացուի, թէ մարդ ինչպէս վրէժ կը լուծէ, ինչպէս կը սպաննէ իր թշնամին: Այնքան շատ մարդ կը մեռցնեն եւ այդ այնքան դիւրութեամբ կ՚ընեն, որ կը կարծես թէ իրենց սպաննածները ճանճեր են…: Այս տեսաերիզները մեր ենթագիտակցութեան մէջ կը նետեն սերմեր, որոնք դժբախտաբար կամայ կամ ակամայ իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունեան մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Այս տեսաերիզներուն համաձայն քեզի դէմ յանցանք գործողը պիտի սպաննես, մեռցնես. եթէ ձեռքերովդ չես կրնար մեռցնել՝ սիրտէ՛ն պիտի մեռցնես, պիտի ատես զինք: Քեզի ապտակ զարնողին՝ բռունցքով պիտի հարուածես: Քեզ վիրաւորողին՝ գլուխը պիտի թռցնես: Այս մտայնութեամբ լեցուն քաղաքակրթութեան մը մէջ կ՚ապրինք ներկայիս: Ամբողջ աշխարհը նոյն վիճակին մէջ է: Գրեթէ բոլոր ժամանակներուն այսպէս եղած է: Իսկ մենք կ՚ուզենք, որ այս աշխարհը դրախտ ըլլայ. չ՚ըլլար: Տիրող այս մթնոլորտին պատճառով մենք մեր տան դռները վեց-եօթ անգամ կը կղպենք: Մենք մեզմէ նոյնիսկ կը վախնանք, մեր տնեցիներէն կը վախնանք: Տակաւին, մեր ներկայ կեանքին ամենէն սուղ տնտեսութիւններէն մէկը ապահովագրութիւնն է (Assurance, insurance), որով մենք ահագին դրամ կը վճարենք, որպէսզի մենք մեզ ապահով զգանք: Ինչո՞ւ. որովհետեւ չներող, ներել չգիտցող ընկերութեան մը մէջ կ՚ապրինք. մե՛նք եւս չենք գիտեր ներել: Իսկ Տէր Յիսուս կ՚ըսէ մեզի, թէ Ես եկայ ձեզի դրախտի մասին խօսելու, պատմելու. դրախտը այն տեղն է, ուր ամէն մարդ՝ ամէն մարդու կը ներէ, ամէն մարդ՝ ամէն մարդու եղբայրն է, ամէն մարդ միւս մարդը կը հասկնայ: Մենք կ՚ըսենք, թէ այս ապրելակերպը շա՜տ դժուար է: Այո՛, դժուար է. սակայն դեղը ա՛յս է: Բժշիկի կ՚երթաս, կը նայի՝ մաղձաճարպ (cholesterol), ճարպեր (triglycerides), շաքար ունիս եւ կ՚ըսէ, թէ յատուկ կերակրատեսակի (diet) պէտք է հետեւիս, մարզանք պէտք է ընես, լաւ պիտի քնանաս, դուն կ՚ըսես թէ շատ դժուար է. բայց ուրիշ ճար չկայ: Տէր Յիսուս նոյնը կ՚ըսէ՝ ուրիշ ճար չկայ, իրար սիրելէն, իրար ներելէն զատ ուրիշ ճար չկայ, պէտք է վարժուիք, սորվիք զիրար սիրել ու զիրար ներել:

***

Մարդկային մեր փոխյարաբերութեան մէջ կրնանք մարդիկը խաբել, ձեւանալով թէ մեծսիրտ ու ներող ենք, սակայն իրականութեան մէջ այդպիսին չենք, որովհետեւ մարդոցմէ գաղտնի կ՚անիրաւենք ու չենք ներեր մեր նմանին: Մարդիկ կրնան խաբուիլ՝ չտեսնելով կամ գիտակ չըլլալով մեր գաղտնի գործերուն, սակայն զԱստուած ինչպէ՞ս պիտի խաբենք, չէ՞ որ Աստուած կը քննէ մարդոց մտածումներն ու ցանկութիւնները (տե՛ս Սղ 7.9). չէ՞ որ «2չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ ոչ ալ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի։ 3Որովհետեւ ինչ որ մութին մէջ կ՚ըսէք՝ օր ցերեկով պիտի լսուի, եւ ինչ որ առանձին սենեակի մէջ իրարու ականջին կը փսփսաք՝ տանիքներէն բարձրաձայն պիտի քարոզուի» (Ղկ 12.2-3): Հետեւաբար, մարդ իր իւրաքանչիւր քայլափոխին, իւրաքանչիւր աղօթքի ժամանակ արտայայտած մտածումին, կամ խնդրանքին համար պէտք է լաւ մտածենք, նոր միայն արտայայտուինք, որպէսզի մեր խօսքերով իսկ մենք մեզ դատապարտութեան չենթարկենք:

Աստուծմէ կը խնդրենք, որ ներէ՞ մեզի, նախ եւ առաջ մենք ներենք:

Կը յուսանք, որ Աստուած ներէ՞ մեզ, մենք սրտանց ներենք՝ առանց մարդկային սին ու փուճ հաշիւներուն:

Կ՚ուզե՞նք, որ Աստուած լսէ՜ մեր խնդրանքները, նախ եւ առաջ մենք մեր ականջները բանանք մեզի դիմողներուն դիմաց:

Կ՚ուզե՞նք, որ Աստուած միշտ բնակի մեր հետ, մեր սիրտէն վանենք վրէժխնդրութեան մարմաջը, ողորմած ու ներող սիրտ ու հոգի ունենանք, որովհետեւ Աստուած ողորմած, ներող ու սիրող սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ կը բնակի:

Կը դժուարանա՞նք երբեմն ներելու՝ մեր մարդկային տկար բնութեան պատճառով, մեր հարցը Աստուծոյ յանձնենք, վստահ ըլլալով որ Ան մեզի պէտք եղած ուղղութիւնը պիտի տայ. եւ ո՛չ թէ աշխարհիկ մտածումներու գիրկն իյնալով ըսենք, թէ անկարելի է այսպիսի յանցնաք մը ներելը, իմ մարդկային ուժերս չեն արտօներ ինծի նման յանցանք մը ներելու: Տէր Յիսուսէ աւելի անիրաւուած մարդ մը չէ՛ եղած այս աշխարհի վրայ եւ յաւիտեան պիտի չըլլայ, սակայն Իր չարչարանքներուն ու նեղութեան մէջ իսկ, խաչուած վիճակի մէջ իսկ ի՞նչ խնդրեց Հօր Աստուծմէ, չըսա՞ւ Իր Հօր, թէ՝ Հա՜յր, ներէ՜ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն (Ղկ 23.34): Եթէ մարդկային պատմութեան մէջ ամենէն Մեծ Չարչարուողն ու ամենէն անարգ ու անարդար չարչարանքներ կրող մարդը կրցա՛ւ ներել, քաջութի՛ւն ունեցաւ ներել զԻնք չարչարողները, հապա մենք ո՞վ են, որ չներենք մեր նմանները:

Ոմանք հիմա պիտի ըսեն, թէ ներելը տկարութեան նշան է: Ո՛չ, ճիշդ հակառակը, ներելը զօրութեան, ուժի նշան է, որովհետեւ տկարները չե՛ն կրնար ներել, զօրաւորներն են, որ կրնան ներել: Ներել չի՛ նշանակեր ոչխարի մորթ հագուիլ եւ կամ աւանակի ականջներ դնել գլուխին վրայ, ո՛չ, ընդհակառակը, ներել կը նշանակէ ինքնավստահութիւն ունենալ, ուժ ունենալ յաղթահարելու անիրաւութիւնը արդարութեամբ: Կրնայ ըլլալ այս աշխարհին մէջ այդ յաղթահարումը արդիւնք չտայ, բայց պէտք է վստահ ըլլանք, որ յաւիտենականութեան մէջ այդ յաղթանակը որպէս լուսէ պսակ պիտի զարդարէ իւրաքանչիւր ոք, որ արդարութեան ճանապարհէն կը քալէ, ներելով իր դէմ գործուած որեւէ մէկ անիրաւութիւն:

***

Հաւատքի մասին այսպէս կը կարդանք Ղուկասի Աւետարանին 17-րդ գլուխին 5-6 համարներուն մէջ:

«5Առաքեալները ըսին Տիրոջ.

-Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը։

6Տէրը ըսաւ.

-Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք եւ ըսէք այս թզենիին. “Արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ”, պիտի հնազանդի ձեզի»:

Հաւատքը քրիստոնեայի կեանքին մէջ ամենէն կարեւոր զէնքերէն մէկն է, առանց որուն քրիստոնեան չի՛ կրնար յաղթահարել պանդխտութեան իր տարիներուն ունեցած դժուարութիւնները, նեղութիւնները եւ փորձութիւնները: Սրբազան Պօղոս առաքեալը հաւատքի կարեւորութիւնը շեշտելով զայն յոյսին եւ սիրոյ հետ կը դասէ, որով հաւատքի անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ, յստակացնելով թէ առանց հաւատքի մարդ յոյսի կամ սիրոյ չի՛ կրնար տիրանալ, մարդ պէտք է նախ հաւատք ունենայ, հաւատայ, որպէսզի կարենայ յուսալ, առաւել եւս կարենայ սիրել:

Տէր Յիսուս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին հաւատքի գործօնը անբաժան մասնիկը դարձուցած էր իր հրաշագործութիւններուն, յատկապէս բժշութիւններուն, որով երբ մարդիկ կը դիմէ իրեն բժշկուելու համար, առաջին հերթին կը հարցնէր անոնց. «Կը հաւատա՞ս», «կը հաւատա՞ս որ կրնամ բժշկել քեզ» (տե՛ս Մտ 9.28: Մր 9.23-24, 11.46-52: Ղկ 5.17-20, 18.35-43: Յհ 11.21-27), իսկ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութենէ տառապող կինը, որ լռելեայն՝ սակայն վստահ հաւատքով դպած էր Անոր քղանցքին, արժանացած էր հետեւեալ պատասխանին. «Աղջի՛կս, քաջալերուէ՛, հաւատքդ քեզ բժշկեց» (Մտ 9.22: Մր 5.34):

Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալը հարցնելով, թէ ի՞նչ է հաւատքը, այսպէս կը պատասխանէ. «Հաւատք՝ կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք չեն երեւիր: 2Արդ, այսպիսի հաւատքով մըն էր, որ նախնի ժամանակներու մարդիկ Աստուծոյ կողմէ ընդունուեցան:

3Հաւատքով է որ կը հասկնանք տիեզերքին ստեղծումը Աստուծոյ խօսքով, որով տեսանելի այս տիեզերքը ոչինչէն գոյացաւ։

6Իսկ առանց հաւատքի անկարելի է Աստուծոյ հաճութիւը շահիլ: Արդարեւ, Աստուծոյ մօտեցողը պէտք է հաւատայ՝ թէ ան գոյութիւն ունի եւ կը վարձատրէ անոնք որ զինք կը փնտռեն» (Եբր 11.1-3, 6): Ամփոփ եւ յստակ բացատրութեամբ մը ա՛յս է հաւատքը, ա՛յս կը սորվեցնէ մեզի Պօղոս առաքեալ հաւատքի մասին:

Այսպիսով, առաքեալը բանաձեւելէ ետք թէ ի՛նչ է հաւատքը, կը թուարկէ բոլոր այն նահապետներն ու արդար մարդիկը, որոնք իրենց ունեցած հաւատքով Աստուծոյ կողմէ ընդունուեցան (կարդա՛ Եբր 11-րդ գլուխ):

***

Մեր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը, հաւատացեալները եւս անմասն չեն մնացած իրենց ունեցած հաւատքով ընդունելի դառնալու Աստուծոյ: Բազմաթիւ է հոյլը այն արդարներուն, որոնք իրենց հաւատքով հաւատքի ախոյեաններ դարձած են: Այսօր, այդ սուրբերէն մէկուն՝ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին յիշատակը կը տօնախմբէ մեր Մայր Եկեղեցին:

Մեր այսօրուան խորհրդածութեան աւարտին Մծբնացի Սուրբ Հայրապետին հաւատքի մասին գրութենէն հատուած մը կը ներկայացնենք մեր սիրելի ընթերցողներուն, հայցելով ու խնդրելով Սուրբ Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին բարեխօսութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար:

• «Հաւատքը ոմանց երկինք բարձրացուց: Հաւատքով ջրհեղեղին յաղթեցին: Ամուլները հաւատքով զաւակներ ծնան: Հաւատքով սուրէ փրկուեցան, կապանքներէ ազատուեցան, գուբէն ելան, աղքատները բարձրացան, հալածողները փրկուեցան, երկինքէն կրակ իջեցուցին, ծովը բաժնեցին, ժայռը պատռեցին, ծարաւներուն ջուր խմցուցին, անօթիները կշտացուցին, մեռելները կենդանացուցին, դժոխքէն փրկեցին, ալիքները հանդարտեցուցին, հիւանդները բժշկեցին, զօրութիւններուն յաղթեցին, պարիսպները կործանեցին, առիւծներուն բերանները գոցեցին, կրակին բոցը մարեցին, ամբարտաւանները խոնարհեցուցին, խոնարհները փառքի ու պատիւի հասցուցին: Այս բոլոր զօրութիւնները հաւատքո՛վ գործուեցան: Ա՛յս է հաւատքը, որ մարդ Աստուծոյ հաւատայ, ամենակալ Աստուծոյն, որ երկինքը, երկիրն ու ծովը ստեղծեց, եւ ինչ որ անոնց մէջ կայ: Որ, Ադամը իր պատկերով ու նմանութեամբ ստեղծեց: Մովսէսին Օրէնքը տուաւ: Մարգարէներ ղրկեց եւ ետքէն աշխարհ ղրկեց Յիսուս Քրիստոսը, որ մարդը մեռելներու յարութեան արժանցուց, եւ որպէսզի մարդը Աւազանի մկրտութեան խորհուրդին հաւատայ: Ա՛յս է եկեղեցւոյ հաւատքը, որ մարդը ժամանակները քննելէն, շաբաթապահ կրօններէն, ամսագլուխ տօներէն, աստղագուշակութենէ, հմայութենէ, ......., աղանդներէ, հերձուածներէ, չարի մեքենայութիւններէն, չարութեան խաբող խօսքերէն, հայհոյութենէն, շնութենէն, անառակութենէն, պիղծ երգերէ, սուտ վկայութենէ հեռու մնայ: Ասոնք են հաւատքին գործերը, որոնք Ժայռին՝ Քրիստոսին վրայ դրուած են, եւ բոլոր շինութիւնները Անոր վրայ կը շինուին»:

Յիշատակն Արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

10 դեկտեմբեր 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2023