ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԻԱ.)

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

Մարդկութեան համար ամուսնութիւնը եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ սրբազան արժէք մը՝ հակառակ ժամանակին տարած արժէքներու դէմ մղած բուռն պայքարներուն. ամուսնութիւնը՝ այն բացառիկ երեւոյթներէն է, որ նախամարդէն հասած է մինչեւ մեր օրերը եւ կը հաւատանք, որ այնքան ժամանակ որ երկիր մոլորակի վրայ գոյութիւն ունի մարդը՝ գոյութիւն պիտի ունենայ նաեւ ամուսնութիւնը, որովհետեւ ամուսնութիւնը աշխարհի մարդկութեան հիմն է, որու խախտումով կը խախտուի նաեւ մարդկութիւնը:

Եթէ կը հաւատանք, որ Աստուած ստեղծեց մարդ արարածը, ապա ամուսնութիւնը շարունակութիւնն է այդ ստեղծագործութեան, որով կ՚ապահովուի աշխարհի ընթացքն ու մարդկութեան գոյութիւնը:

Ընտանիքի ու ամուսնութեան մասին մեր գրութիւնը կ՚ուզենք դարձեալ աւարտել մեր մեծերէն Խրիմեան Հայրիկի գաղափարներով, որոնք մինչեւ օրս կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը: Խրիմեան Հայրիկ, իր «Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց» աշխատութեան մէջ մեծ տեղ կը տրամադրէ ամուսնութեան ու ընտանիքին եւ կը խօսի առողջ ընտանիք մը կազմելու կարեւոր հիմքերուն մասին: Անոր համոզումով ընտանիքը թագաւորութիւն մըն է, որուն պալատին մէջ «ո՛չ ոստիկան կայ, ոչ սուր, ոչ բռնութիւն, ոչ գաւազան այլ ամէնուն տեղ հայրական սէր եւ մայրական գորովն է. դաստիարակ եւ խրատ` ծնողաց կենդանի օրինակն է»: Խրիմեան կենդանի օրինակը կը կարեւորէ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ զոյգեր իրենց կենդանի օրինակին հետեւող զաւակներ լոյս աշխարհ կը բերեն եւ անոնց օրինակին հիման վրայ լոյս աշխարհ կու գան բարութեան եւ կամ չարութեան առաջնորդող անհատներ. այսօր յաճախ կ՚ըսենք, թէ «աշխարհը չար է». իրականութեան մէջ մարդկութիւնն է չար եղողը եւ ո՛չ աշխարհը եւ կը հաւատանք, որ բարութենէն բարութիւն ծնունդ կ՚առնէ եւ այդ բարութիւնը խօսքէ աւելի գործով եւ կենդանի օրինակով կարելի կ՚ըլլայ ժառանգել:

Խրիմեան Հայրիկ կը հաւատայ, որ ժողովուրդներու եւ քաղաքակրթութիւններու յառաջդիմութիւնը սկիզբ կ՚առնէ ընտանիքներէն, որովհետեւ ընտանիքի բարեկեցութեամբ կեանքը կը յառաջդիմէ։ Անոր բառերով, մարդ արարած «եթէ իւր զաւակները բարեկիրթ քաղաքացի պատրաստել կ՚ուզէ, իւր բարեկրթութեան առաջին համալսարան ընտանիքն է. եթէ աշխարհիս վերայ երջանիկ ապրիլ կ՚ուզէ, թող հաւատայ, որ երջանկութեան կեանք բղխող աղբիւր ընտանիքն է»:

Խրիմեանի համոզումով, աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր բարութիւններուն եւ չարութիւններուն աղբիւրը ընտանիքն է, որովհետեւ հոն ծնունդ կ՚առնէ բարեգործն ու չարագործը, ողորմածն ու աւազակը եւ ընտանիքի մէջ տրուած կրթութեամբ կ՚որոշուի մարդկութեան ապագայ ճակատագիրը. անոր համոզումով, առողջ ընտանեկան մթնոլորտ մը ծնունդ կու տայ առողջ եւ օրինակելի մարդկութեան, իսկ եթէ հակառակը կը նկատուի, անոր պատճառները պէտք է դարձեալ փնտռել ընտանիքին մէջ: Խիրմեանի բառերով «ժողովուրդի մի նկարագիրը, որ իւր սկզբնատիպ գաղափար իւր բնակած տան ընտանիքէն կ՚առնու: ... առանց հայրական ու մայրական դաստիարակութեան՝ անհնարին է բարեկեցիկ ազգ, ժողովուրդ կազմել։ Վասն զի ինչ որ շինինք, ինչ որ կազմենք, պէտք է գիտնանք, որ այդ կազմող առաջին տարերք ընտանիքն է»:

Յաճախ կը կարծուի, թէ անցեալին կինը անտեսուած էր, սակայն Խրիմեան Հայրիկ եղած է այն իմաստուններէն, որ կարեւորութեամբ շեշտած է մարդու եւ կնոջ հաւասարութիւնը եւ այդ անհաւասար վերաբերմունքը նկատած է ընտանիքի կործանման պատճառներէն մին. անոր խօսքերով. «ի՞նչ է արդեօք ներքին պատճառը, որ կը խռովէ տունը եւ ընտանիքը կը բաժնէ. այդ ինքնին յայտնի է՝ ատելութիւն, նախանձ ու վայելմանց անհաւասարութիւն. խստութիւն, աչառութիւն, անհաւատարմութիւն, անվստահութիւն. ի վերջոյ մեծերու անխոհեմ ու յոռի ընթացք եւ փոքրերու ստահակութիւն եւ այլն»:

Խիրմեան առողջ ընտանիք մը կազմելու կարեւորագոյն կէտերէն մին կը նկատէ կրթութիւնը. «Իմացնել կ՚ուզեմ մարդոց երկու սեռին առանց խտրութեան կրթութիւն տալ իւրաքանչիւրին իւր կոչման պատշաճ. որպէսզի ընտանեաց մէն մի անդամը, իւր իրաւունք, իւր պարտիքը ճանչնայ, իրարու խօսքը հասկնան, միաբան խորհին, միաբան ընթանան առանց կաղալոյ. այր կամ կին, ծնողք կամ զաւակները, հարսն կամ սկեսուրն». կը յորդորէ, որպէսզի զոյգերը հաւասարապէս կրթուին, ճանչնան ամուսնական կեանքի նպատակն ու արժէքը եւ գիտակցութեամբ մօտենան ամուսնական կեանքին: Նոյն համոզումով կը պնդենք, որ նման արժէքներ պէտք է մեր ապագայ սերունդին դպրոցական գրասեղաններէն սորվեցնել, որպէսզի անոնց մէջ սերմը դրուի առողջ ընտանիք մը կազմելու անհրաժեշտ ու սրբազան արժէքները:

Բոլոր նորապսակներուն եւ ապագայ պսակուողներուն կը փոխանցենք Խրիմեանի յորդորները.-

«Ուստի Հայոց ընտանիքը պէտք է այժմէն իրենց աչքը բանան գիտութեան լուսով եւ բարի դաստիարակութեամբ պատրաստուին, միայն այսու կարելի է քաղաքակրթութեան խառնուրդէն բարի մասն ընտրել։ Իսկ եթէ լոյս եւ դաստիարակութիւն թողու, ապուշ ու տգէտ լինելով բարի մասն ընտրել չգիտնայ, իւր բերան բանայ հեղեղին դէմ, ամէ՛ն ամէ՛ն ասեմ քեզ, մտադիր ընթերցող, Հայոց ընտանեկան կեանքը պիտի խեղդուի. աւա՜ղ կարդամ այն ընտանեաց, որ փոխանակ ի մի կողմ փախչելու, հեղեղի հոսանքին առաջ կեցած փորձ կը փորձեն»:

Ամէ՛ն ամէ՛ն ասեմ քեզ, մտադիր ընթերցող, Հայոց ընտանեկան կեանքը պիտի խեղդուի։ Համաշխարհայնացած արժէքներուն դիմաց արդէն իսկ խեղդամահ ըլլալու եզրին կը գտնուինք եւ մեր ազգն ու քաղաքակրթութիւնը փրկելու միակ ձեւը առողջ ամուսնութեան ճամբով, առողջ դաստիարակութեամբ, օրինակելի յաջորդներ պատրաստելն է:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Կաղանդ պապան կարմիր կը հագուի:

Պատասխան. Կաղանդ պապային կարմիր հագուիլը սկիզբ առած է 1930 թուականին, յայտնի «Քոքա-Քոլա» (Coca-Cola) ընկերութեան կատարած մէկ գովազդէն ետք: Անոնք իրենց ըմպելիքի շիշերուն որպէս խորհրդանիշ Կաղանդ պապան օժտած են կարմիր զգեստով մը, ինչ որ մարդոց կողմէ մեծ ընդունելութիւն տեսած է: Մինչ այդ Կաղանդ պապան եղած է կապոյտ, կանաչ, սրճագոյն եւ զանազան գոյներով, սակայն կարմիրը սիրուած է մարդոց կողմէ եւ ընդունուած է որպէս յարմարագոյն գոյն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2023