ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՔԷՐՄԷՍ
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած Ամանորի քէրմէսը շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտի մէջ համախմբեց հաստատութեան համակիրները։ Վարժարանի ծնողաց միութեան ջանքերով յառաջ տարուած էին նախապատրաստական աշխատանքները։ Քէրմէսի այցելուները իսկապէս ճոխ ընտրանք մը ունեցան՝ իրենց տրամադրութեան տակ դրուած տօնական շրջանի բնորոշ իրեղէններով։
Բացման փուլին քէրմէսի այցելուներու շարքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։ Աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, որ մաղթեց, թէ նոր տարին բարեբեր ըլլայ բոլորին համար։ Քէրմէսի բացման վարդապետներուն առընթեր ներկայ էին նաեւ վարժարանի տնօրէնուհիները՝ Եւա Օրագեան, Էլտա Գարակէօզեան եւ Քաթիա Վարկը։
Քէրմէսի ներկաները ողջունեցին նաեւ Կաղանդ պապուկը։