ՄԻՋԳԵՐԱՏԵՍՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտարարեց, որ վերջին ամիսներուն Սուրիայէն Երեւան մեկնած հայերու շարքին պատկառելի տոկոս կը կազմեն բժիշկները, ուսուցիչներն ու ճարտարագէտները։ Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած միջգերատեսչական ժողովին ընթացքին ան ըսաւ. «Կարծես, թէ Սուրիոյ մէջ համայնքը մինչեւ վերջ պահող մասնագէտներն ալ ստիպուած կը լքեն երկիրը։ Դժբախտաբար, այնտեղ կացութիւնը հետզհետէ աւելի կը վատթարանայ եւ մեր հայրենակիցները զանազան ճանապարհներով դուրս կու գան Սուրիայէն։ Անոնց մէկ մասը կը մեկնի Լիբանան, մէկ մասը՝ Հայաստան, իսկ ուրիշներ՝ այլուր։ Մենք անընդհատ կապի մէջ ենք մեր դիւանագիտական ծառայութիւններուն հետ՝ տեղեակ ըլլալու համար այնտեղ տիրող իրավիճակին», ըսաւ Յակոբեան եւ աւելցուց, թէ զուիցերահայ բարերար Վարդան Սրմաքէշի հետ պայմանաւորուածութիւն գոյացած է, որպէսզի Հալէպի որբանոցի խնամատարութիւնը յանձնուի իրեն։ Ըստ Յակոբեանի, հետագային իր աջակցութիւնը պիտի ընդլայնուի։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ ՇՕՇԱՓՈՒԵՑԱՆ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ ՀՐԱՏԱՊ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ
Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ իր անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնել սուրիահայոց հրատապ խնդիրները, որոնք ամբողջ հայաշխարհի օրակարգը կը զբաղեցնեն այս շրջանին։ Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովին հերթական նիստը։ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու ընթացքին շարք մը դիւանակալներ հանդէս եկան զեկուցումներով։
Սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան խօսեցաւ սուրիահայ երախաներու ամրան արձակուրդի կազմակերպման շուրջ։ Սուրիայէն Հայաստան մեկնած ընտանիքներու զաւակները հոգեկան ծանր վիճակէն դուրս բերելու, անոնց ամրան հանգիստը կազմակերպելու ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն շուրջ ան փոխանցեց մանրամասնութիւններ։ Հարկ է նշել, որ ՄԱԿ-ի փախստականներու գերագոյն յանձնակատարի Հայաստանի գրասենեակն ալ պատրաստակամութիւն յայտնած է դրամական օգնութիւն ցուցաբերելու՝ նպաստելու համար սուրիահայ երիտասարդներու ամրան արձակուրդին։
Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Նարինէ Գալստեան եւ «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Անի Պալըխեան նոյնպէս տեղեկութիւններ փոխանցեցին կատարուած աշխատանքներուն կապակցութեամբ։ Անոնք կանգ առին Հայաստան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներուն տեսակէտէ անհրաժեշտ հոգեբանական աջակցութեան վրայ։ Իրենց բացատրութիւններուն մէջ անոնք առանձնացուցին այդ ընտանիքներուն համար բնակարան, առաջին անհրաժեշտութեան իրեր եւ գործ ապահովելու անյետաձգելի հրամայականին վրայ։
Ամփոփելով միջգերատեսչական նիստը՝ Հրանոյշ Յակոբեան եւս կարեւորեց Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն համար աշխատանք ու կացարան գտնուիլը։ Նախարարը զանազան պետական մարմինները ներկայացնող բարձրաստիճան դիւանակալներուն յորդորեց սոյն խնդիրներուն հետամուտ ըլլալ ուշադրութեամբ եւ սրտցաւ մօտեցումով։