ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան շաբաթավերջին ի տէր հանգած է Մոնրէալի մէջ, Գանատա։ Իր վախճանումին ցաւով անդրադարձած են Անթիլիասի աղբիւրները։
Նորոգ վախճանեալ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, աւազանի անունով Աբրահամ, 1939 թուականին ծնած էր Հալէպի մէջ։ Վարդապետական աւարտաճառը պատրաստած էր՝ «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ 7 խորհուրդներու պատմական ու կանոնական զարգացումը՝ ըստ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կանոնագրութեանց» նիւթին շուրջ։ Հոգելոյս սրբազանը երկար տարիներ Բերիոյ թեմի առաջնորդը եղած էր։ 27 տարի այդ պաշտօնը ձեռնհասօրէն վարած էր՝ ապահովելով տեղւոյն ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կարեւոր ձեռքբերումներ։ 2004-էն ի վեր Անթիլիասի կողմէ Մոնրէալ գործուղուած էր՝ որպէս Կիլիկեան Աթոռի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ։
Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան հեղինակած էր շարք մը գիրքեր, որոնք կը ներկայացնեն կարեւոր արժէք։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն։