ՏԵՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ 21-ՐԴ ԴԱՐ (Բ.)

Ներկայ դարուն մշակութային յեղափոխութիւնը ո՛չ միայն միջազգային հենք ու տարողութիւն, այլեւ տեղական երանգներ ու իւրայատկութիւններ ունի: Միջազգայնացումը մեքանիզմով ու նոյնիսկ տնտեսական շահու որոնումով տեղայնական մշակոյթներու պեղումներով եւ վերառնումով ալ հետաքրքրուած է: Այո՛, մեծ է մեր ապրած աշխարհը, բայց միեւնոյն ժամանակ կրնանք զայն համարել պզտիկ՝ ո՛չ միայն թեքնոլոժիք իմաստով, այլ հասանելիութեան, կատարման ու այսպէս ըսած ապրուստով: Մարդիկ նոյնիսկ անձնական մակարդակով եւ իրենց շարժերով, փնտռտուքներով, հնարաւորութիւններով զարգացան: Նորը եւ այդ նորին ներկայացման ջանքը կրնայ դիտարկուիլ այդ ենթահողերով։ Նախ եւ առաջ անհատ մը ներկայ դարուն երկիրներու պատկանելէն եւ այդ երկիրներու ներկայացուածութենէն առաջ կ՚ուզէ իր անհատականը, անձնականը, ներաշխարհայինը ցոյց տալ (հաւանաբար նոյնպիսի պահանջի մըն ալ պատասխանելով) եւ սա ինքնաբերաբար կը ստեղծէ տեղածին եւ տեղական ընդհանուր իրավիճակ մը:

Արդէն իսկ 193 երկիրները՝ ո՛ւր որ ալ ըլլան անոնք (Ափրիկէէն մինչեւ Ասիա, Լատին Ամերիկայէն մինչեւ Եւրոպա), կ՚ուզեն նոյնպէս իրենց կարգով ներկայացնել ուժ մը, մշակոյթ մը, երեւոյթ մը, նորութիւն մը եւ այլն: Այս վազքն ու մրցակցութիւնը տեղականութեան բարձրացման հետ սերտօրէն կապուած է եւ այդ տեղը ինքնին իր մշակոյթէն, ընկերաբանութենէն եւ քաղաքական պայմանաններէն առաջ ներկայանալու ներուժ ունի: Աշխարահագրութիւնը նոր իմաստ, տարածութիւն եւ փիլիսոփայութիւն ստացած է ներկայիս:

 Աշխարհը եթէ այս արտայայտութեամբ նկարագրենք, «տեղածին» դարձաւ իր համաշխարհային մշակոյթով եւ նոյնիսկ իր քաղաքական արդիւնքներով: Բնականաբար, ինչպէս ըսինք, համաշխարհայնացումով եւ մանաւանդ մեծ ընկերութիւններու կողմէ տնտեսական մեծ ցանցերու ստեղծումով աշխարհը դարձաւ նաեւ աւելի շահադիտական։ Բայց նոյն այդ շահադիտութեան դրական կողմով երկիրները աւելի եռանդ ու ջանք սկսան ներդրել՝ ստեղծելու համար հետաքրքրութիւններ եւ փորձեցին ըլլալ իրադարձութիւններու, հետաքրքրութիւններու եւ դէպքերու լուսարձակներու տակ:

Հասանելիութիւնն ու այսպէս ըսած հասնիլը մարդկութեան անձնական եւ հաւաքական բնազդով շաղախուած գիծ մըն է եւ մեթաֆիզիքով ամէն մարդ, ամէն վայրկեան եւ ամէն տեղ տիեզերքի կեդրոնը կրնայ համարուիլ։ Միեւնոյն ժամանակ աշխարհ կը ձգտի ունենալ կեդրոններ եւ այդ կեդրոններէն տեսանելիութեան հասնելու ճիգ:

Այս յարաբերակցութեամբ կը կազմաւորուին ներկայ աշխարհի մշակութային եւ ընկերային մետիան եւ հասարակական կապերը, ուստի դժուար է կռահել այսքան արագ եւ յարափոփոխ աշխարհին մէջ ապագայ ժամանակներուն կատարուելիք կեդրոնականացումները: Այո՛, գիտութիւնն ու արհեստագիտութիւնը ունին հասցէագրութիւններ՝ որքան որ անոնք տարածուին եւ ըլլան համամասնական եւ այս կէտին է, որ նոյն զարգացման կշռոյթն ու ժամանակագրութիւնը կը մնայ մեծ ու գերակայ ուժի մը ձեռքին:

Տեղն ու տեղականութիւնը, այսպէս ըսած, կ՚ապրին իրենց ամենահասուն, ժողովրդային եւ ժողովրդավար իրողութիւնը, ինչ որ մարդոց կրնայ աւելի դրականութիւն, ուրախութիւն, ինքնավստահութիւն եւ առաքելութիւն տալ եւ չվարանինք ըսելու, որ սա կը պարտինք բաց եւ ազատական աշխարհին:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2023