ՄԻՇՏ ՊԱԿԱՍ ՄԸ ԿԱ՛Յ…
«Որքան էլ որ առաջ քայլես՝
Ուշանում ես ամէն ինչից,
Որքան սիրես ու նուիրուես՝
Չես գոհանում քո ապրածից…
*
Որքալ էլ որ բարի լինես՝
Չես խուսափի չար կատակից,
Ինչքան էլ որ լաւը լինես՝
Ձեռնապահ չես վատ արարքից…
*
Որքան էլ որ արեւ սիրես՝
Պիտի չնեղուես անձրեւից,
Որքան էլ որ քեզ անտեսես՝
Ապրելու ես ակամայից…
*
Որքան էլ որ ճիշտը սիրես՝
Սխալուելու ես դու նորից,
Դրա համար ապրիր այնպէս,
Որ յարգուես դու բոլորից…
Դիաննա 08։45»
Բնագրին բոլորովին հաւատարիմ մնալով՝ Silva Khojayan-ի Կեանքի հետքերով գրուածքներէն կը քաղենք վերոյիշեալ տողերը։ Այս տողերը ո՜րքան գեղեցիկ կերպով կը ներկայացնեն մարդուն դիրքը կեանքի հանդէպ։
Մարդ, արդարեւ, պէ՛տք է ընդունի իր թերութիւնները, տկարութիւնները, անկատարութիւնը։ Բայց դժբախտաբար յաճախ կը մոռցուին այս իրականութիւնները եւ մարդ կը յաւակնի ամենակարող, ամենագէտ եւ բոլորովին անթերի եւ կատարեալ ըլլալ…
Կ՚ըսեն, որ մարդ կը ծրագրէ, կը նախատեսէ բան մը, իսկ Աստուած կ՚իրագործէ։ Արդարեւ, մարդ էակին յաւակնոտ ըլլալուն պատճառով կը ծագին շատ մը հարցեր, անհամաձայնութիւններ, քանի որ երբ ամէն մարդ ինքզինք ամենակարող, ամենագէտ համարէ՝ ամէն մարդ ի՛ր ճշմարտութիւնը, իր ուղիղը եւ իր շիտակը կ՚ունենայ։ Մինչդեռ ճշմարտութիւնն ալ, ուղիղն ալ, շիտակն ալ մէկ է։ Եւ անոնց բազմանալը հարցերը կը բազմացնեն, աւելի բարդ վիճակի կը վերածեն։ Ուստի, հարցի մը խրթին եւ կնճռոտ ըլլալուն պատճառը՝ անոր բազմազան եւ բազմատեսակութիւնն է։ Չէ՞ որ պարզ հարցեր շատ աւելի դիւրին եւ արագ կը լուծուին…
Ժողովրդական իմաստութեան արտայայտութիւն առած մը, ասոյթ մը կայ. «Ե՛ս աղա, դո՛ւն աղա. մեր ջաղացքի ցորենը ո՞վ աղայ»։ Եւ այս իսկ պատճառով, մարդ պէտք է իր չափը եւ կշիռը գիտնայ եւ ըստ այնմ շարժի։ Մարդ որքան ալ արեւը սիրէ, չի կրնար խուսափիլ անձրեւէն, որքան ալ բարի ըլլայ, արգելք չի կրնար ըլլալ չարին…
Վերոյիշեալ տողերը շա՜տ բան կը սորվեցնեն մեզի. կեանքի ճշմարտութիւնը կը բացայայտէ…
Մարդ պարտի, սակայն, կատարեալին ձգտիլ, քանի Երկնաւոր Հայրը կատարեա՛լ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024