ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՊԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
Կեանքի մէջ այնպիսի պահեր կան, որ մարդ երջանկութեան կամ ապերջանկութեան հարց չ՚ունենար։ Երբ մարդուն բոլոր էական պահանջները կատարուած են՝ ուրախ է, բայց արդեօք երջանի՞կ է։ Ան եթէ ունի աւելի պահանջներ, կրնայ ուրախ ըլլալ պահ մը, բայց ո՛չ երջանիկ, թերեւս ապերջանի՛կ։
Արդարեւ, եթէ մարդ անյագ է իր պահանջներուն նկատմամբ՝ միշտ ապերջանիկ ըլլալու դատապարտուա՛ծ է։
Բաւարար ուտելիք, հագուստ, դրամ, բնակարան եւ գործ երբ կը պակսին եւ կամ առողջական հարցեր կը ծագին՝ մարդ ապերջանիկ կ՚ըլլայ։
Ուրեմն, երջանկութիւնը կախում ունի մարդուն պահանջներուն պատճառած ակնկալութիւններուն չափանիշէն։ Եթէ ակնկալութիւնը չափազանց է՝ յուսախաբութիւնը եւ ուրեմն, ապերջանկութիւնն ալ ծանր կ՚ըլլայ։ Այս կէտին, ակնկալութիւնը եւ յոյսը պէտք է զանազանել. յոյսը աւելի լայնատարած է, աւելի լայն շրջանակ մը կը կազմէ՝ որուն մէջ է ակնկալութիւնը։ Ուրիշ խօսքով՝ յոյսը աւելի՛ մեծ է քան ակնկալութիւնը։ Տարբեր բացատրութեամբ, յոյսը հոգեւոր աշխարհի կը պատկանի, իսկ ակնկալութիւնը՝ մարմնակա՛ն։ Հարցին եթէ հոգեւոր զգացումներով մօտենանք եւ յոյսը նկատի ունենանք, մարդ անել վիճակի մը մէջ ալ ինքզինք կրնայ երջանիկ զգալ, որովհետեւ ան որ յոյս ունի, ան կը հաւատայ, որ պիտի իրականանայ այն՝ ի՛նչ որ կը յուսայ։ Արդարեւ, յոյսը, այս իմաստով կեանքի մղիչ ուժն է։ Յոյսը կենսունակ է, յոյսով է որ մարդ կանգուն կը մնայ եւ յոյսը երջանկութիւն կը ստեղծէ։
Մարդ ինչո՞ւ ապերջանիկ կ՚ըլլայ երբ երջանկութեան համար բազմաթիւ պատճառներ կան։ Ուստի, շատ դիւրին է ապերջանիկ ըլլալ. ի՛նչ բաներու չենք տիրացած, ինչ բաներ չունինք, ինչ բաներ ընելու չենք կարողացած, անցեալի կամ ապագայի մէջ պատահած կամ պատահելու հաւանականութիւններու մասին խորհիլ եւ մտահոգուիլ, յոռետես ըլլալ բաւական է, որ մարդ ապերջանիկ ըլլայ։ Ուրեմն, ապերջանիկ ըլլալու համար կան պատճառներ՝ որոնց կրնայ արգելք ըլլալ մարդ։
Յոռետեսութիւնը մտահոգութիւն կը ստեղծէ, մտահոգութիւնը՝ մտատանջութիւն, եւ մտատանջութիւնն ալ՝ ապերջանկութի՛ւն։ Ուրեմն, ապերջանկութեան յայտնի պատճառներէն մին եւ առաջնակարգերէն է յոռետեսութիւնը։ Կեանքի պայմանները, ընդհանրապէս մարդիկը յոռետեսութեան կը մղէ։ Եւ ահաւասիկ, ճի՛շդ այս կէտին է որ յոյսը եւ հաւատքը կարեւոր դեր կը խաղայ։ Բայց մարդկային բնութեան տկարութիւնը եւ թերութիւնները յոռետեսութիւնը կ՚աճեցնեն եւ այդ պատճառով ալ ապերջանկութիւնը կը տարածուի։
Մինչդեռ, մարդ կոչուած է երջանկութեան, եւ պէտք է մարդ ջանադիր ըլլայ երջանիկ ապրելու։ Եւ երջանիկ ըլլալ այնքան ալ դժուար չէ. չափաւոր ըլլալ, պահանջներու մէջ անյագ չըլլալ, գոհանալ գիտնալ, հաւանականութիւններու վրայ յոռետեսութեամբ չծանրանալ, երեւակայական չարութիւններ, գէշութիւններ, վնասակարութիւններ չստեղծել… եթէ կարեայ այս բոլորը կատարել, մարդ երջանիկ կ՚ըլլայ, բայց անպայմա՛ն Յոյս եւ Հաւա՛տք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024