ՀՈԳԵԽՆԱՄ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցաւ՝ վերապատրաստման դասընթացքներէ անցած եկեղեցականներու հերթական խումբին հետ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ, հերթական երկշաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքները աւարտած հոգեւորականներուն թիւը ցարդ հասած է 68-ի։ Անոնք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի զանազան թեմերէն մեկնած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այս աշխատանքները յառաջ կը տարուին՝ գլխաւորութեամբ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի, որ երէկ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի հետ։

Նորին Սրբութիւնը հոգեւորականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ ընդգծեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած վերապատրաստման դասընթացքներու կարեւորութիւնը՝ անոնց հոգեւոր սպասաւորութեան առաւել արդիւնաւորման առումով։ Վեհափառ Հայրապետը արձանագրեց, որ այսօր հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած են բազում մարտահրաւէրներ, որոնց յաղթահարման համար եկեղեցականը պէտք է բարձր գիտակցութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով ծառայէ ազգին, հայրենիքին եւ եկեղեցիին։ Ան յորդորեց հոգեխնամ առաքելութիւն իրականացնել Արցախի հայրենազրկուած հայութեան համար եւ ամէն ջանք ներդնել անոնց աջակցութիւն ցուցաբերելու ճանապարհին։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը հոգեւոր հայրերուն փոխանցեց իր գնահատանքն ու սէրը, մաղթեց Աստուծոյ զօրակցութիւնն ու Սուրբ Հոգիի առաջնորդութիւնը իրենց պատասխանատու ծառայութեան մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2023