ՌԻԱՏ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԻՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՓՈԽԵԼ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՆԴԷՍՊ. ԻՆՉՈ՞Ւ
Սպասելի էր, որ Սուրիոյ տագնապին առընչուող «հովանաւոր» երկիրները նոր քաղաքական ձեւաչափեր որդեգրեն: Նոր մօտեցումներու հիմնական դրոյթները արդէն պատրաստ են: Կը մնար լսել գաղտնաբառը եւ հասկնալ անոր իմաստները: Մի քանի ամիս առաջ ընդդիմութեան իրականացուցած յառաջխաղացը արագօրէն կը վերածուէր ձեւական ընդմիջման մը: Բոլոր կողմերը դարձեալ կը վերադառնային իրենց նախկին «կարմիր գիծեր»ուն, իսկ Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցող համաժողովի մը (չմոռնամ ըսել, որ Դամասկոսը երկար ժամանակէ ի վեր դադրած էր համաժողովներու ականատես ըլլալէ) ընթացքին, խօսք առնելով Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատ առաջին վաւերական նշանը ցոյց կու տար՝ իր դէմ հակադրուած Ռիատի ղեկավարութեան:
Խորքին մէջ ինչ «կը պատգամէր» Էսատ: Ան կու գար յայտարարելու, որ հակառակ տարուան ծանր պատերազմին, Սուրիոյ ազգային բանակը կը շարունակէ մնալ պատերազմական դաշտին գլխաւոր եւ անտեղիտալի ուժը: Ճիշդ է, որ բանակը Էսատի իսկ վկայութեամբ յայտնուած էր դժուարին պայմաններու մէջ, սակայն այդ չի նշանակեր, որ իշխանութեան մօտ պայքարը շարունակելու ներուժ կը պակսի: Էսատ նաեւ կը խօսէր Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման հեռանկարներու բացակայութեան մասին: Ան կ՚ըսէր, որ ինք իր ժողովուրդին հետ անկեղծ պիտի ըլլայ ու յայտնէ, որ մինչեւ իր խօսքը ներկայացնելու ժամը, ո՛չ մէկ կողմ տագնապի լուծման համար պատրաստ է լուրջ մօտեցումներ սեղանին վրայ դնելու: Արդէի երկար ատենէ ի վեր տեղի չէին ունենար Սուրիոյ հարցով Ժընեւի եւ Մոսկուայի հանդիպումները: Անոնց շուրջ ընթացած բանակցութիւնները նոյնիսկ դարձած էին անիմաստ ու կեղծ: Էսատ լաւ կը հասկնայ շրջանի «ցաւը» ու գիտէ նաեւ, որ առանց սիւննի կողմին հաւանութեան, ինչ որ ալ ըլլան Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութեան եզրակացութիւնները կամ արդիւնքները, անհնար է Սուրիոյ մէջ խնդրի լուծման մասին խորհիլ՝ առանց արաբական աշխարհի կարծիքին ու կեցուածքին:
Սուրիոյ նախագահը կիրքով չէր մօտենար հարցերուն: Այստեղ պէտք է կարեւորել նաեւ Մոսկուայի ունեցած դերը, որ նոյնպէս անշրջանցելի է: Տարի մը տեւած Ռիատ-Մոսկուա «տաք գիծ»ով կայացած հանդիպումները հասած էին վճռական փուլի մը: Սըլման Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորական աթոռին վրայ բազմելէ ետք, առիթ չէր փախցուցած մէկ աչքը Մոսկուա ուղղելու: Անոր յայտնի ու անյայտ բանբերներն ու բանագնացները փակման հանդիպման մը համար կը պատրաստէին կարեւոր եւ առանցքային հանգրուան մը: Այդ հանդիպումը կը կայանար 19 Յունիսին, երբ Մոսկուա կը ժամանէր Սէուտական Արաբիոյ փոխ-գահաժառանգ Մուհամմէտ իշխանը: Երկու կողմերը լաւ կը հասկնային, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման համար տարուող ընդհանուր ճիգերը նետուած էին մոռացութեան գիրկը: Մինչ Միացեալ Նահանգներ զբաղած էր Իրանով, անդին եւրոպական ընտանիքը ամերիկեան «կանաչ լոյս»ի մը բացակայութեան հետեւանքով, հանգիստ աչքերով կը հետեւէր սուրիական վէրքի արիւնահոսումին: Բազմաթիւ համաձայնութիւններու կու յանգէին Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման՝ տրուած ըլլալով, որ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին սոյն պատմական հանդիպումէն օրեր վերջ յայտարարութիւն մը ընելով՝ կ՚ըսէր, որ Ռուսաստանի Սուրիոյ ու անոր իշխանութեան հանդէպ առկայ կեցուածքը անփոփոխ է: Նախքան դէտերուն արձագանգները, Ռիատի պատասխանատուները լաւ գիտէին Մոսկուայի «կարծր» կեցուածքին մասին ու անոնք Քրեմլինի դռները կը թակէին, գործնական առաջարկներու անսալու համար:
Այսպէս, 29 Յունիսին Մոսկուա կը ժամանէր Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմ, որու այցէն ամիս մը ետք՝ Յուլիսի վերջաւորութեան, այս անգամ ռուսական յատուկ օդանաւէ մը Սուրիոյ ազգային անվտանգութեան թիւ մէկ պատասխանատուն ՝ զօրավար Ալի Մեմլուք կ՚ուղղուէր դէպի Ռիատ: Ան կ՚ընդունուէր փոխ-գահաժառանգ Մուհամմէտ Պըն Սըլմէնի կողմէ ու հանդիպման ներկայ կ՚ըլլար նաեւ սէուտական գաղտնի սպասարկութեան պետ զօրավար Սալէհ Հըմայտան: Կողմերը զիրար այպանելէ եւ մեղադրելէ անդին կ՚որոշէին հանդիպումները շարունակել եւ քննարկումները կատարել աւելի լայն ձեւաչափերով: Ըստ լիբանանեան «Ալ Ախպար» օրաթերթին, սուրիական կողմը առանց բառերը ծամծմելու կը մեղադրէր Ռիատը Սուրիան «քանդելու» ուղղութեամբ, իսկ սէուտական կողմը բացի սեփական ժողովուրդին դէմ կիրառուած մօտեցումները եւ երկրին մէջ բարեփոխումներ չկատարելը մեղադրելէ, կը յայտնէր, որ Ռիատ-Դամասկոս կապերը վատթարացան, որովհետեւ Սուրիոյ իշխանութիւնները հետեւեցան Իրանի եւ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ին: Հետաքրքրական է, որ իր դէմ այսքան ծանր մեղադրանքներ հնչեցնելէ ետք երկու մայրաքաղաքները՝ Դամասկոս եւ Ռիատ վճռած են շարունակել այս քըն-նարկումները: Բնականաբար այս տեղեկութիւններուն հրապարկումը տեղի կ՚ունենար նաեւ կողմերուն առաջադրանքով:
Այս բոլոր մանրամասնութիւններով՝ պարզ կը դառնայ, որ Ռիատ կտրականապէս կը միտի իր քաղաքական մօտեցումները փոխել Սուրիոյ հարցով: Եւ այս որդեգրուելիք նոր կեցուածքները կրնան արագօրէն երեւիլ ու ազդել առկայ ընդհանուր իրավիճակներուն վրայ:
Երկու տէրութիւններն ալ լաւ գիտեն, որ առանց իրենց համաձայնութեան անհնար է լուծումներ շարադրել Սուրիոյ մէջ: Այս ձեւաչափին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ, որ յետ այսու Ռիատ կոչուած է կարեւոր դերի մը. ան իր դաշնակիցները՝ ներառեալ Թուրքիան, պիտի համոզէ, որ Պեշար Էսատ պիտի շարունակէ մնալ իշխանութեան վրայ, որովհետեւ Մոսկուայի թելադրանքով եւ Ուաշինկթընի համաձայնութեամբ անոր ներկայութիւնն ու դերը կենսական են:
Իսկ ի՛նչն էր պատճառը, որ Ռիատ շատ փրակմաթիք մօտեցումով մը աչքերը ուղղէ դէպի Դամասկոս ու իր «գիրկին» մէջ ընդունէ սուրիական ապահովական մարմիններու կարեւորագոյն ներկայացուցիչը՝ զօրավար Ալի Մեմլուքը։ Այս մասին կ՚արժէ խօսիլ այլ առիթով մը:
Սուրիոյ տագնապին անկիւնադարձային այս հանգրուանը կրնայ նոյնպէս լեցուն ըլլալ ականադաշտերով, սակայն մէկ բան պարզ է, որ Սուրիոյ պատերազմին երկարաձգուիլը սկսած է անիմաստ դառնալ «հովանաւոր» եւ «մասնակից» համարուող տէրութիւններուն համար:
Ռիատ այս ձեւաչափով կը մօտենայ: Ու անոր քաղաքական վերանխաւը յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն կտրուկ քայլեր պիտի առնեն եւ խնդիրները պիտի դիտեն Դամասկոսի պատուհանէն նայելով...
Չմոռնանք, որ պատերազմի աւարտէն ետք գալիք հանգրուանի ամենէն գրաւիչ օղակը Սուրիոյ մէջ ընթանալիք վերաշինութեան ընդհանուր գործընթացն է ու յատկապէս սուրիական «կոյս» կազի հանքերու շահաւէտ օգտագործման խնդիրը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան