ՉԵՆՔ ՏԵՍՆԵՐ՝ Ո՞ՒՐ Կ՚ԵՐԹԱՆՔ

Հայութեան համար ստեղծուած իրավիճակը նոր համայնապատկեր մը ստեղծած է։ Նոր մարտահրաւէրներ, նոր մտորումներ ու ամենակարեւորը՝ նոր եւ անկեղծ հայեցակարգ։ Զանազան առիթներով ու մասնաւորապէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած կարգ մը բարեկամներու հետ խօսելու պահուն շեշտակիօրէն կ՚ընդգծուի այն միտքը, թէ այսօր ճեղք մը, բաց մը կայ մէ՛կ կողմէ արեւմտեան սփիւռքին, իսկ միւս կողմէ Հայաստանին միջեւ։ Այս ճեղքին պատճառները հասկնալու եւ ընկալելու համար հարկ չկայ շատ հեռուները երթալու, որովհետեւ այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ 2020 թուականի պատերազմին, փաստօրէն փրցուց վստահութեան բոլոր տեսակի թելերը, որոնք մանուած էին մինչ այդ։

Ճիշդ է, որ այսօր ստեղծուած իրադրութիւնը միայն անցեալ շուրջ երեք տարիներու դէպքերը, իրադարձութիւնները, իշխանափոխութիւնը, հետեւաբար նաեւ իշխանութեան հասած վերնախաւը չեն, սակայն մեղքի ու պատասխանատուութեան մեծ բաժինը, ցաւալիօրէն, այս «նոր» համարուող մարդոց ուսերուն վրայ է։ Իսկ հիմա, այսօրուան դրութեամբ, ի՞նչ ընել ու ինչպէ՞ս ընել, որպէսզի առկայ վէրքերը, յուսաբեկութիւնը եւ խամրածութիւնը կամաց-կամաց վերանան եւ ընթացք տրուի նոր երթի մը։ Անշուշտ, Հայաստանը մեծ տապալումներու տարած այս իշխանութեան հեռացումը լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ, որպէսզի հայութիւնը ամբողջական իր ներուժով լծուի ներքին տունը ի մի բերելու մեծ գործին, սակայն, ըստ առկայ պատկերին այդ հնարաւորութիւնը այսօր չկայ ու չի բացառուիր նաեւ, որ տակաւին պիտի յամենայ։ Ու այս վիճակին մէջ մեզմէ շատերուն համար դարձեալ կը վերհանուի սփիւռքին նոր շունչ մը, նոր եռանդ մը տալու մեծ կարեւորութիւնը։

Ի դէպ, դեղատոմսերու որոնման մթնոլորտին մէջ, այս բոլորին մասին ու յատկապէս՝ սփիւռքեան համընդհանուր իրադրութեան շուրջ կարեւոր յօդուած մը ստորագրեց ֆրանսահայ համայնքէն Վարդան Գաբրիէլեան։ Մինչ այդ, ֆրանսահայ համայնքային-հասարակական գործիչ, գործարար, հաղորդավար Վարդան Գաբրիէլեանի ծաւալած գործունէութիւնը նոր երանգ մը ստացած է՝ «Միասին» հարթակի ստեղծումով։ Որպէս այս հարթակի հիմնադիրը՝ Վարդան Գաբրիէլեան հայաշխարհի մարտահրաւէրներուն եւ սփիւռքեան կեանքի հիմնախնդիրներուն շուրջ ունի հետաքրքրական դիտարկումներ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խորհրդածութիւնները։ Բաց աստի, այս առթիւ իր ստորագրած «Սփիւռք. իրավիճակ, հնարաւորութիւն, կազմակերպում» խորագրեալ յօդուածէն բաժիններու ալ առանձնապէս տեղ կու տանք՝ մանաւանդ, որ անոնք միշտ այժմէական են համահայկական հրատապ օրակարգի լոյսին տակ։ Հեղինակը կը նախատեսէ ո՛չ միայն սփիւռքի ներուժին նոր թափ մը տալ, այլեւ Հայաստանի հետ համագործակցութեան հիմքերը դնել աւելի հաստատուն վէմերու վրայ։

*

-Սկսինք սփիւռքի հիմնախնդիրներուն եւ անոնց լուծման վերաբերեալ ձեր դիտարկումներով։

-Դժուար է ըսել, թէ հիմնական խնդիրը որն է, որովհետեւ փոքր խնդիրը հիմնական է զանգուածի մը, համայնքի մը համար։ Դպրոցի խնդիրը փոքր խնդիր է, 200-300 աշակերտի խնդիր է եւ սա փոքր խնդիր մը ըլլալով հանդերձ սփիւռքի ներքին հիմքերու խնդիրներէն մին է։ Մեծ խնդիրներ, բնականաբար, կան։ Հիմնական խորագիրը անկազմակերպութիւնն է, 21-րդ դարու աշխատելաոճին չհամապատասխանելն է, մեր իսկական ընդունակութիւններու չբացայայտուած ըլլալն է, մեր հնարաւորութիւններու եւ ներուժի բացայայտումէն ետք, համապատասխան կողմեր ու համապատասխան մարդիկ կողք-կողքի չկարենալ բերելն է։ Չենք տեսներ, թէ ո՛ւր կ՚երթանք։ Այնպէս՝ ինչպէս եղած է 1960-ին, 1980-ին, 2000-ին, 2020-ին. արդեօք պէտք է նո՞յնը ըլլայ 2040-ին։ Ուրեմն տեսլականի պակասը կայ, ինչ որ հիմնական խնդիրն է։

Երկրորդ մեծ խնդիրն է, որ մարդիկ, կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, եկեղեցիներ, յարանուանութիւններ պէտք ունին կողք-կողքի գալու՝ այս հարցի շուրջ մտածելու, այսինքն՝ ճանապարհային քարտէս մը ստեղծելու։ Բայց ասոր համար պէտք է հասկնանք, թէ մենք ինչպիսի՞ սփիւռք մը կ՚ուզենք, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ինչպէ՞ս պէտք է ըլլան։ Սակայն այս բոլորին համար պէտք է սեղանի շուրջ նստիլ ու խօսիլ։ Կարծիքներ յայտնելը, Ֆէյսպուքի վրայ կամ թերթի մը մէջ յօդուած մը գրելը բաւարար չեն, որպէսզի մտքերէն անցնինք գործի, գործէն ալ անցնինք արդիւնքի։

-Սփիւռքի մէջ հոսանքներ ծայր առին՝ յատկապէս Արցախի պատերազմէն ետք։ Կիլիկեան Աթոռն ալ «Սփիւռքի տարի» յայտարարեց, բայց մենք չտեսանք գործնական քայլեր։ Սփիւռքը առանց Հայաստանի կրնա՞յ գոյատեւել։

-Սփիւռքը իմաստ չունի առանց Հայաստանի։ Հայ ըլլալը ի՞նչ կը նշանակէ. կը նշանակէ սիրել հայրենի հողը եւ սիրել հայը, ուր որ ալ ըլլայ ան եւ ով որ ալ ըլլայ ան։ Այս երկու սկզբունքներու մեկնակէտով, պէտք է զարգացնել երկրորդ խաւի մտածելակերպ՝ պետականակեդրոն եւ համահայկական դառնալ։ Այս սկզբունքները ուղեցոյց պէտք է ըլլան մեր մտածելակերպին, փոխյարաբերութիւններուն, աշխատանքային ծրագրին եւ աշխատանքի որակին։ Ցանկութիւնները շատ են, սակայն աշխատանքները բաւարար արդիւնաբեր չեն, որովհետեւ խօսուած պահէն մինչեւ գործադրուած պահը արդիւնքները տեսանելի չեն։ Սա ցուցանիշ մըն է նաեւ, որ նոյնիսկ բարի կամքի դրսեւորումը բաւարար չէ։

Մեր համայնքները ժամանակին ինչպէ՞ս կերտուեցան տարբեր երկիրներու մէջ։ Մարդիկ մտածեցին, ծրագրեցին եւ գործի դրին իրենց ծրագիրները։ Դպրոցները, մարզական միութիւնները, կրթական միութիւնները՝ այս բոլորը ծրագրի արդիւնք են։ Այսօր, շուրջ հարիւր տարի անցած է այդ ծրագիրներուն վրայէն, իսկ հիմա պէտք է ծրագրենք, թէ 2020-էն ետք մենք ինչպիսի սփիւռք մը կ՚ուզենք եւ մեզ ինչպիսի սփիւռք մը պէտք է։ Առանց Հայաստանը կեդրոնական ուղենիշ նկատելու՝ սփիւռք չի կրնար ըլլալ։ Այստեղ, սակայն, թիւրիմացութիւն մըն ալ կայ։ Ամէն ինչ, ամէն լումայ, ամէն մարդուժ Հայաստան ուղարկելն ալ ճիշդ չէ, որովհետեւ Հայաստանը կ՚ուժեղանայ նաեւ հզօր սփիւռքով։ Եթէ սփիւռքը չպատրաստենք, չամրացնենք, ապա ինքնաբերաբար Հայաստանն ալ կը տկարանայ եւ իր նպաստը չի ստանար այն չափով, որքանով մենք կարողութիւնը ունինք։ Այդ պատճառով պէտք ունինք սփիւռքեան նախագիծի մը, որուն մասնակից պէտք է դառնայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հանդերձ իր քաղաքացիով։ Սա՛ է համահայկականութիւնը՝ յանուն պետականութեան։

-Սփիւռքը վերակազմակերպումի ուրկէ՞ պէտք է սկսի։

-Թուղթ ու գրիչ, սեղան մը, շուրջը հաւաքուած բարի ցանկութեամբ մարդիկ՝ տարբեր տեղերէ, տարբեր կազմակերպութիւններէ, տարբեր շնորհքներով, որպէսզի կազմեն տոքթրին մը։ Օրինակ՝ մենք կ՚ուզենք ձուլումի դէմ պայքարիլ։ 2023 թուականին ի՞նչ կը նշանակէ ձուլումի դէմ պայքարիլ։ Արդեօք դպրոցները մեզի բաւարա՞ր են։ Այսօր, մեր տարածաշրջանին մէջ չորս դպրոց կայ, այսինքն՝ հազար աշակերտ։ Ամբողջ Ֆրանսայի մէջ, մօտաւորապէս հազար հինգ հարիւր աշակերտ կը յաճախէ հայկական վարժարան, ամենօրեայ դրութեամբ, նոյնքան ալ՝ շաբաթօրեայ։ Արդեօք սա բաւարա՞ր է, այսինքն այս հարցը կը լուծուի՞ հազար հինգ հարիւր աշակերտով, որուն կէսը դպրոցը պիտի լքէ կէս ճանապարհին, մեծամասնութիւնը ֆրանսախօս է, հայերէն սորվելով հանդերձ թոյլ հայերէն մը կը խօսի ու կրնայ հայերէնը իր կեանքին մէջ երբեք չգործածել։ Ուրեմն այս հարցը չի՞ վերաբերիր տոքթրինի մը ստեղծման։ Մենք ինչպիսի՞ հայ մը պիտի պատրաստենք։ Հիմնական խնդիրն է, որ մենք եկող տարիներուն ինչպիսի՞ հայ մը ունենալ կ՚ուզենք։ Արդեօք չե՞նք ուզեր ունենալ քաղաքականացած՝ իր ազնիւ իմաստով, գիտակից, կրթուած, յաջող, աշխատասէր, փայլուն, միւս հայը սիրող, հայրենիքէն կառչած եւ գործունեայ հայ մը։ Արդեօք այս տիպի հայու վերարտադրութիւնը տոքթրինի խնդիր չէ՞։ Սա ընելու համար ի՞նչ բանի պէտք ունինք։ Այո՛, դպրոցներ պէտք է ունենանք, բայց այսօր նաեւ այլ ճանապարհներ կան մարդուն հասանելի դառնալու, անոր վրայ ազդելու եւ անոր գիտակցութեան, դաստիարակութեան մէջ ներդրում ունենալու համար։ Այս մասին կարելի՞ է խօսիլ։ Ո՞ւր պիտի խօսուի։ Հաւաքը կը սկսի ցանկութեամբ, քաղաքական որոշումով ու գիտակցութեամբ, թէ մենք ուրիշ ճանապարհ չունինք, առանձին-առանձին աշխատելով արդիւնքի չենք կրնար հասնիլ, այլ հաւաքական ուժ դառնալով կրնանք յաջողիլ։ Այս հաւատամքը ունի՞նք։ Եթէ այո՛, ուրեմն նստինք ու խօսինք։ Անկէ ետք արդէն ծրագիրները կը հոսին։ Օրինակ՝ Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ եւ այլ փոքրաթիւ համայնքներով ո՞վ պիտի զբաղի։ Համահայկական մտածելակերպը ո՛չ միայն պարտադիր է, որպէսզի բոլոր հայերուն հասնինք, այլեւ որպէսզի պեղենք անոնց կարողականութիւնը, ներուժը։ Այդ ժամանակ կը տեսնենք, որ մարդիկ տաղանդաւոր են, շնորհքներ ունին, հայկականութեամբ կ՚եռան, բայց ամէն մէկը իր կղզիակին մէջ առանձնացած ու շուարած է, թէ ինչպէ՛ս եւ ուրկէ՛ պէտք է սկսի։

-Հայկական մեծ կառոյցները արդեօք որեւէ ձեւով արձագանգա՞ծ են ձեր մտահոգութիւններուն։

-Նոյն հարցին կու գանք՝ չկայ քննարկման միջավայր։ Կան ընկերներ, որոնք կ՚արձագանգեն, կը հեռաձայնեն, կը գնահատեն։ Այս բոլորը անձնական ուրախութիւն կը պատճառեն։ Անոնք՝ իմ նման մտահոգ առանձին անհատներ են, բայց սա բաւարար չէ։ Դժբախտաբար, անհատներուն մտահոգութիւնն ու մեծ կազմակերպութիւններուն օրակարգը նոյնը չեն։ Անոնք տեսականօրէն այդպէս կը թուին, բայց գործնականօրէն այդպէս չեն։ Կազմակերպութիւնները ունին ազդելու հնարաւորութիւնը այս գործընթացներուն վրայ, առաջնորդելու, մէկը միւսին հրաւիրելու, բարի ցանկութիւն յայտնելու եւ սկսելու աշխատանքին։ Ես վստահ եմ, թէ շատ դիւրին է այս աշխատանքը կատարելը եւ նոյնպէս վստահ եմ, որ արդիւնքը 5-10 տարիներու ընթացքին ցայտուն կը դառնայ։ Կարիքը կայ առաջնորդութեան եւ բարի կամքի դրսեւորման։

-Ի՞նչ կ՚ընէ «Միասին» հարթակը։

-«Միասին»ը համահայկական՝ հայաստանեան եւ համասփիւռքեան հարթակ մը պիտի ըլլայ։ Արդէն գոյութիւն ունի։ Ես կը գործածեմ, փոքր խումբով մը կը գործածենք։ Ինչպէս կ՚ըսենք՝ այս ոլորտին մէջ առայժմ «պեթա» տարբերակն է։ Այս օրերուն «պեթա» տարբերակի զննումները եւ ուղղումները կը կատարենք։ Վստահ եմ, որ մինչեւ տարեվերջ աւարտած կ՚ըլլանք։ 2024 թուականին կը թողարկենք զայն։ Որոշ ուշացումներ եղան, որովհետեւ հսկայական գործ է։ Պատկերացուցէ՛ք հիմնական, մեծագոյն ընկերային ցանցերը, քանի մը հատը կողք-կողքի բերէ՛ք՝ «Միասին»ը առանց վարանելու կրնամ ըսել, որ այս ամէնուն բոլոր գործառոյթները ո՛չ միայն ներառած է, այլեւ առաւելութիւններ ստեղծած։ Ան ազգային նպատակ կը հետապնդէ՝ սփիւռքի երիտասարդները իրարու ծանօթացնելու համար, ըստ նախասիրութիւններու։ Օրինակ՝ մարզասէրները կրնան մարզասէր ընկերներ գտնել, եւ այլն։ «Միասին»ի նպատակն է Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնը մէկ հարթակի վրայ հաւաքել՝ իր բոլոր զանազանութիւններով։ Յուսամ՝ յառաջիկային առիթը կ՚ունենանք աւելի մանրամասնօրէն խօսելու «Միասին»ի մասին։

*

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԵԾ ՎԻՀ, ԳՈՅԱՏԵՒԵԼՈՒ ԿԱՄՔ

Պէտք է սփիւռքի հասկացութեան մէջ ներգրաւել նաեւ՝ յատկապէս դասական սփիւռքի մտքին մէջ, խորհրդային նախկին տարածաշրջանի, Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպաներու, նաեւ Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներու, նոյնիսկ Ափրիկէի որոշ երկիրներու համայնքները՝ ըլլան անոնք մեծաթիւ կամ փոքրաթիւ, նորաստեղծ թէ հին: Ու կարելի է միանգամայն յայտարարել, որ մենք ունինք հարուստ ներուժով, լայն, բայց, ըստ արժանւոյն չարժեւորուած հնարաւորութիւններով աշխարհածաւալ սփիւռք մը:

Սփիւռքը նաեւ կազմակերպուած կեանք է՝ կառոյցներ, դպրոցներ, մշակոյթի կեդրոններ, եկեղեցի, կուսակցութիւններ ու բարեսիրական, երիտասարդական, արհեստագիտական խմբաւորումներ: Սփիւռքը, չմոռնա՛նք, պատմութիւն է, դէմքեր եւ դէպքեր: Սփիւռքը՝ յատկապէս Հայաստանի համար բաբախող սիրտ մըն է: Սփիւռքը, ի վերջոյ, ապագայ է, նոյնիսկ երբ շատերը զայն պատկերացուցած են՝ որպէս մաշուող ու ձուլուող ժամանակաւոր իրականութիւն: Այս հպանցիկ եւ ընթերցողներէն շատերուն ծանօթ ներկայացումը օգտակար սեպեցի՝ նախքան սփիւռքի հետ կապուած մեր պատկերացումները եւ այդ մեկնակէտով` ակնկալութիւններուն ու անոնց բնոյթին եւ որոշ նպատակներուն մասին մտածելը ու զանոնք իրագործելու ճանապարհին մասնակի նմոյշներ ներկայացնելը:

Հայկական սփիւռքը ունի ներքին զարգացումներ, որոնք սկիզբ ու թափ առած են մեծ գաղթէն ետք տարբեր երկիրներ հասած ու այդտեղ կազմաւորուած համայնքներու տեղական առանձնայատկութիւններուն համաձայն: Կազմուած են արեւելեան համայնքներ, ուր լեզուն, մշակոյթը, աւանդութիւնները աւելի ամուր ու կայուն հիմերու վրայ դրուած են եւ ուր տեղական միջավայրին հետ շփումն ու անոր մէջ ձուլումը աւելի դժուար եղած է՝ քան արեւմտեան, լատին-ամերիկեան կամ նախկին խորհրդային երկիրներու մէջ, ուր եւս ծաւալած են նախապէս աւելի հարուստ, բայց հետզհետէ մաշուող ու հիւծուող մշակութային, կրթական գործունէութիւններ, բայց ուր հայօրէն մտածողներու կամ ապրողներու թիւը՝ համեմատած «ծագումով հայերու» հետ, տասնամեակ առ տասնամեակ նօսրացած է:

Այստեղ պէտք է նշել հայու տեսակի նաեւ երանգներու երեւոյթը, որ կը տարբերի ըստ բնակութեան երկրի եւ ըստ ընտանեկան կամ ընկերային միջավայրի. կայ ներգործօն, կազմակերպական կեանքի մէջ ներգրաւուած, քիչ ներգրաւուած կամ չներգրաւուած, յաճախակի կամ հազուադէպ մասնակցութիւն ունեցող, միայն ընտանեկան միջավայրին մէջ հայեցիութիւնը ապրող, հայերէն խօսող, բայց հայերէնով չմտածող ու չստեղծագործող հայը… եւ այսպէս շարունակ: Ու ասոր վրայ պէտք է աւելցնել սփիւռքին ու հիմնականին մէջ արեւմտեան երկիրներու սփիւռքներուն նոր դիմագիծ բերած՝ Հայաստանէն արտագաղթած հայրենակիցներու վերջին տասնամեակներու փաղանգները, որոնք տեղ-տեղ առանձնացած կ՚ապրին՝ չխառնուելով դասական սփիւռքին հետ, տեղ-տեղ ստեղծած են մշակութային-կրթական առայժմ համեստ կառոյցներ (նայած երկրին), բայց, որոնք միաժամանակ ցոյց կու տան իրենց լուրջ մասնակցութիւնը (…) օգնութեանց ու ցոյցերուն:

Պէտք է ողջունել եւ ըստ արժանւոյն գնահատել ձուլման ճանապարհին կամ առնուազն անտարբեր թուացող հայերու վերջին տասնամեակներուն շօշափելի վերածնունդն ու ազգային պատկանելիութեան զգացումի անբարդոյթ դրսեւորումը՝ ազդուած յատուկ ժամանակաշրջաններու դէպքերէն, ինչպէս՝ 88-ի երկրաշարժը, 90-ականներու Արցախի ազատամարտը, 2016-ի քառօրեայ պատերազմը, 2018-ի իշխանափոխութեան բերած նոր Հայաստանի յոյսերը եւ վերջապէս Արցախի վերջին պատերազմը՝ իր զոհերով, հողային կորուստներով ու ընկճուածութեամբ հանդերձ։

Եթէ փորձենք արագ հայեացքով մը գնահատել սփիւռքի մեր հնարաւորութիւնները, ապա կը տեսնենք, թէ ունինք արհեստներէն մինչեւ գիտական, ռազմականէն մինչեւ մարզական, կրթականէն (ու ոչ միայն հայ կրթութիւն) մինչեւ մշակութային (ու ոչ միայն հայ մշակոյթ), գործարարականէն մինչեւ արհեստագիտական՝ ահռելի քանակութեամբ ու մեծ փորձառութեամբ մարդիկ, զանազան տարիքէ ու տարբեր աշխարհագրական վայրերէ։ Անոնք, սակայն, առաջին հերթին զիրար ճանչնալու ու միասին համագործակցելու հորիզոնական հարթակներ կամ միջավայրեր չեն ունեցած: Միւս կողմէ, սոյն մարդիկ ունին իրենց զբաղուածութեան եւ մասնակցութեան չափը, ունին իրենց տեղական մտայնութիւնները, ունին իրենց մտավախութիւններն ու երբեմն նախապէս ունեցած ձախողած փորձերը: Ուստի, անհրաժեշտ է անհատներու նկատմամբ՝ ըստ տեղի, մասնագիտութեան, նոյնիսկ տեսակի, իւրայատուկ վերաբերմունք ցուցաբերել, որովհետեւ նպատակը սիրով, համոզումով այդ մարդիկը ներգրաւելն է հաւաքական պատկանելիութեան եւ ընդհանուր գործի մէջ: Նոյնիսկ եթէ այդ ներգրաւումը պէտք է, ապա տեղ մը պէտք է նաեւ շահաւէտ ըլլայ անոնց համար, թէ՛ այդ զգացական մակարդակի՝ օգտակար դառնալու զգացումին, հպարտութեան եւ զօրակցութեան ապրումին տեսակէտէ եւ թէ գործնական ու նիւթական մակարդակի վրայ, որպէսզի նոր կապեր հաստատուին, նոր դռներ բացուին ու սեփական գործը յառաջ մղուի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2023