ՄԱՀ՝ ԱՐՄԱՆ ՓՈԼԱՏԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ օրուան երկրորդ կէսին իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներու այնքան սիրելի դէմքերէն Արման Փոլատ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին երկար տարիներ անգնահատելի եւ հետեւողական ներդրում բերած՝ համատարած համակրանքի եւ յարգանքի արժանացած, երախտաշատ բարերար մըն էր Արման Փոլատ։ Իր սիրեցեալ կողակցին՝ Իրմա Փոլատի հետ ան երկար տասնամեակներ եղած էր համայնքային կեանքի սիւներէն։ Ո՛չ միայն վարչական գետնի վրայ կամ նուիրատուութիւններու առումով, այլեւ ընկերամշակութային հարթութեան վրայ ձեռնարկները կը խթանէր։ Արման եւ Իրմա Փոլատ ամոլը համայնքային կեանքի կենսունակութեան խորհրդանշաններու շարքին կը դասուէին։

Նորոգ հանգուցեալ Արման Փոլատ՝ նման իր բազմաթիւ սերնդակիցներուն, շատ համեստ ընտանիքի մը զաւակը ըլլալով՝ կեանքի պայքարի նետուած էր դժուարին պայմաններու մէջ։ Յամառ պայքարով, մեծ աշխատանքով արձանագրած էր յաջողութիւն։ Մեծ վաստակով վերելք արձանագրած էր գործարար կեանքի մէջ։ Առեւտրական ասպարէզի նուաճումները գիտցած էր միշտ մարսել ու միշտ եղած ու մնացած էր այն համեստ եւ հաղորդական անձը, որ մեծին հետ մեծ էր, մանուկին հետ մանուկ։ Տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ Արման Փոլատ դարձած էր գործարանատէր եւ իր վերելքի իւրաքանչիւր քայլափոխին ալ աւելի բիւրեղացած էին իր մարդկային առաքինութիւնները։ Ան տիպար ընտանեկան հայր մըն էր եւ իսկապէս շատ հաճելի զրուցակից մը. առանձնայատկութիւն մը, որով կը յաջողէր բոլորին սիրտը գրաւել եւ ակնթարթի մը մէջ դառնալ բոլորին «Արման աղբարիկ»ը։

Վերջին տարիներուն, հակառակ յառաջացած տարիքին, միշտ իրեն բնորոշ խնամքով ու նախանձախնդրութեամբ հաւաքական կեանքին կը մասնակցէր՝ ֆիզիքական հնարաւորութիւններու ներած չափով։ Երէց սերունդէ մեր այս շատ սիրելի ազգային գործիչը բացարձակապէս ընկճուած տեսք մը չունէր, առողջական պայմաններն ալ կայուն էին ենթադրելի սահմաններու մէջ։ Դժբախտաբար, այդ հաւասարակշռութիւնները յանկարծ խաթարուեցան ու մասնաւորապէս վերջին շուրջ երկու շաբթուան ընթացքին Արման Փոլատ խտացեալ խնամքի տակ մնաց։ Բժիշկներու մասնագիտական ջանքերն ու ընտանիքին խնամքը բաւարար չեղան, որ ան վերականգնուէր եւ դժբախտաբար Արման Փոլատ երէկ օրուան երկրորդ կէսին իր աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով հարազատները, ամբողջ ընտանիքն ու բարեկամական շրջանակը։ Ան իսկապէս շատ ծանր վիճակով փոխադրուած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց եւ այսօր սիրելիներուն համար միակ մխիթարութիւնն է, որ իրմէ ոչինչ զլացուեցաւ եւ իր վերջին հանգրուանը եղաւ ազգին գթութեան յարկը, ուր երկար տարիներէ ի վեր որպէս հոգաբարձու ծառայութիւն կը մատուցէ իր որդին՝ Կարպիս Փոլատ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Արման Փոլատի բարի ու ազնիւ հոգւոյն՝ խոնարհելով իր յիշատակին առջեւ։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ մեր սիրելի եւ վաղեմի բարեկամուհի, երախտաշատ բարերարուհի, նաեւ Գուրուչէշմէի Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետուհի Իրմա Փոլատին, որ իր բազմատասնեակ տարիներու կեանքի ուղեկիցէն զրկուելու ցնցումը կ՚ապրի Ամանորի սեմին։ Ցաւակցութիւն կը յայտնենք նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն Կարպիս Փոլատին եւ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ հանգուցեալի բոլոր պարագաներուն եւ սիրելիներուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2023