ԺԱՆ ԹԱԹԼԵԱՆ. ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԲԵՄԻ ՅՈՒՆԱՀԱՅ ԵՐԳԻՉԸ՝ 80 ՏԱՐԵԿԱՆ

Վերջերս Ռուսաստանի հեռատեսիլի կեդրոնական ալիքը հարցազրոյց մը կատարած էր յունահայ երգիչ Ժան Թաթլեանի հետ: Հաճելի նաեւ զարմանալի էր լսել, թէ ինչպէս սփիւռքահայ երգիչը վարժ կը խօսի ռուսերէն: Հարցազրոյցը կատարուած էր երգչի 80-ամեայ յոբելեանին առթիւ: 2023 թուականին լրացաւ 80-ամեակը 1947 թուականին Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքէն Հայաստան հայրենադարձուած Ժան Թաթլեանի, որ երգիչի զարմանալի կենսագրութիւն կերտած է՝ վաստկելով «ռուսական Ազնաւուր» անուանումը:

Թաթլեանի աստղը փայլատակած է 1960-ականներուն: Այդ տարիներուն ան ունէր ամէն ինչ՝ փառք, յաջողութիւն, անդադար համերգներ՝ ամբողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին, միլիոնաւոր տպաքանակով թողարկուող սկաւառակներ, բնակարան Սէն Փեթերսպուրկի մէջ, ինքնաշարժներ, նոյնիսկ անձնական զբօսանաւ… Երգիչը տարեկան 400 համերգ կու տար՝ հանդիսատեսով լեցնելով մարզադաշտեր եւ համերգասրահներ, բայց յանկարծ ան կ՚որոշէ ձգել ամէն ինչ եւ հեռանալ երկրէն: Անոր երազանքները աւելին էին, քան Խորհրդային Միութեան բեմերը, եւ ան նոր աշխարհներ նուաճելու հաստատակամութեամբ կը լքէ Խորհրդային Միութիւնը եւ Ֆրանսա կ՚երթայ:

Ռուսական կեդրոնական ալիքի հաղորդավարը հաղորդման ընթացքին հայ երգիչը ներկայացուց իբրեւ ֆրանսական եւ խորհրդային էսթրատայի աստղ:

Այժմ Ժան Թաթլեան կը բնակի Ռուսաստան: Անոր կենսագրութիւնը զարմանալի դարձդարձումներ ունեցած է:

Ժան Թաթլեանը ծնած է 1943 թուականին՝ Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ: Ընտանիքի երեք զաւակներէն կրտսերը եղած է։ 1947 թուականին ընտանիքը ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան։ Ապագայ երգիչի հայրը՝ Յարութիւն Թաթլեան, Յունաստանի մէջ կօշկագործութեան ասպարէզին մէջ լաւ գործ ունէր, բայց հայրենադարձութեան ալիքը կը գրաւէ հայրենասէր հայուն եւ ինչպէս իր հարցազրոյցին մէջ կ՚ըսէ Ժան Թաթլեան՝ գրոշներով կը վաճառէ իր գործը եւ ընտանիքին հետ կը նստի Հայաստան տանող նաւը: Ան մինչեւ հիմա չի գիտեր այդ հարցումին պատախանը՝ արդեօք ճի՞շդ որոշում ընդունած է իր հայրը, թէ՞ Յունաստան մնալով կարելի էր բոլորովին այլ բախտի տիրանալ… Ան կը յիշէ, որ Հայաստան ոտք դնելուն պէս ընտանիքը մեծ յուսախաբութիւն ապրած է, երկիր մըն էր, ուր այդ ժամանակ ոչինչ կար, նոյնիսկ հաց դժուար էր գտնել:

Յունաստանի բարեկեցիկ կեանքէն ետք Թաթլեանները ստիպուած էին յարմարիլ նոր պայմաններուն, քանի որ ետդարձի ճանապարհ չկար: Պզտիկ տարիքին ինք տունին մէջ տիրող պաղի պատճառով թոքաբորբով կը հիւանդանայ եւ հազիւ կեանքը կը փրկեն: Մայրը ծանր ընկճախտի մէջ կը յայտնուի եւ ընտանիքը կ՚որոշէ ձեւ մը գտնել, թէկուզ Խորհրդային Միութեան սահմաններու մէջ, ծովափնեայ քաղաք մը երթալ: Թաթլեան արդէն մինչեւ չափահաս դառնալը երաժշտութեան աշխարհին մէջ մտած էր, կ՚երգէր, անսովոր ձայն ունեցող սփիւռքահայ պատանիին սկսած էին երգելու համար դրամ տալ: Ընտանիքը կը նկատէ որդիին ընդունակութիւնները, բայց գիտէին, որ առանց ուսումի դժուար թէ յաջողութիւններու հասնի:

Քիեւ տանելով անոր՝ երաժշտական կրթութիւն կու տան, ապագայ երգիչը կ՚աւարտէ Քիեւի երաժշտական-կրկէսային ուսումնարանը։

1956 թուականին Թաթլեան ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Աբխազիոյ Սոխում ծովափնեայ քաղաքը, ուր կ՚աշխատի տեղի համերգասրահին մէջ: 1961 թուականին երիտասարդ երգիչը կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը դառնայ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբի մենակատար, երկար ժամանակ երգելով այդ նուագախումբին մէջ՝ անուն ձեռք կը բերէ, բայց կրկին կը տեղափոխուի ռուսական միջավայր, ուր կ՚աշխատի Սեն Փեթերսպուրկի պետական համերգասրահին մէջ: Այստեղ ալ ան կը ստեղծէ իր նուագախումբը, կը հրաւիրէ անուանի երաժիշտներ:

Այդ տարիներուն արդէն Թաթլեանի երգերը մեծ ճանաչում ձեռք կը բերեն, յայտնի կը դառնան անոր «Փողոցային լապտերներ», «Աշնանային լոյս», «Երգ կաթիլի մասին», «Հին աշտարակ» եւ այլ երգերը։

Անոր նուիրուած հաղորդման ընթացքին մարդիկ կը վկայեն, որ այդ երգերը կը հնչէին բաց պատուհաններէն, սրճարաններու մէջ, ամէն մարդ գիտէր անոր երգերու մեղեդիներն ու բառերը: Ճիշդ այդ ժամանակ ալ՝ երբ փառքի գագաթնակէտին էր, կը հեռանայ Խորհրդային Միութենէն:

1971 թուականին Ժան Թաթլեան ֆրանսուհիի մը հետ կեղծ ամուսնութիւն ձեւակերպելով արտագաղթած է Ֆրանսա։ Հոն ան երգելու սկսած է Փարիզի «Ռասփութին» գիշերային ակումբի եւ «Մոսկովեան աստղ» ճաշարանին մէջ: Աւելի ուշ, Փարիզի կեդրոնը՝ Յաղթանակի կամարին մօտ, իր անձնական՝ «Երկու կիթառ» ճաշարանը բացած է, որու երգացանկին մէջ սեփական երգերէն զատ, կատարած է նաեւ հայկական, գնչուական եւ ռուսական ժողովրդական երգեր։ Արագ տիրապետած է ֆրանսերէնին եւ ծանօթութիւն հաստատած՝ յայտնի անձերու հետ, որոնց կարգին էին Միշէլ Մերսիէ, Շարլ Ազնաւուր, Լիզա Մինելլի: Ազնաւուրը Ժորժ Կառվարենցի եւ այլ անուանիներու հետ նոյնիսկ Թաթլեանի ճաշարանը կ՚այցելէր: Անոնք բոլորը նկատած էին Ժան Թաթլեանի բնատուր տաղանդը, ինչ որ ոգեւորիչ ազդակ դարձած է ֆրանսական միջավայրին մէջ նոյնպէս անուն ձեռք բերելու համար: Անուն եւ դրամ ան անշուշտ կը վաստկի Փարիզի մէջ, բայց փոխարէնը Խորհրդային Միութեան մէջ կը նկատուի թշնամի՝ երկիրը լքելու եւ արուեստը արտասահման տանելու համար: Վաճառքէն կը հանուին անոր ձայնասկաւառակները, ձայնագրութիւնները կ՚ոչնչացուին, ուրիշ երգիչներ կը սեփականացնեն անոր քանի մը լաւագոյն երգը եւ ժողովուրդը կը սկսի արդէն այդ երգերը ճանչնալ ուրիշներու կատարմամբ: Սակայն նոյնիսկ Խորհրդային Միութեան մէջ ապրելու տարիներուն երգիչը կը զգար ինչ-ինչ ճնշումներ, կը պարտադրէին երգել նաեւ խորհրդային երաժշտահաններու երգեր, բայց ան միշտ երգած է իր երգերը կամ ալ ժողովրդական երգերը մշակած է: Միւս կողմէ՝ իր բոլոր երգերը սիրոյ, կեանքի, ազատութեան մասին էին, իսկ խորհրդային համակարգը կը պարտադրէր կուսակցական նիւթով երգեր գրել: Այդ պայմաններու մէջ նոյնիսկ Թաթլեան հաստատած է ինքզիք:

Երգիչը Փարիզէն կը ճամբորդէ Լաս Վեկաս. ուր պայմանագիր կը կնքէ հարնաճանաչ խաղատուներէն մէկուն հետ եւ մեծ գումարներ կը վաստկի: Խորհրդային Միութենէն գացած միակ երգիչն էր, որ այդ տարիներուն մեծ ճանաչում ունէր զուարճանքներու քաղաքին մէջ:

1990-ականներուն, երբ Խորհրդային Միութիւնը փլուզման եզրին էր եւ շատ հարցեր կը վերանայուէին, Թաթլեան դիւրութեամբ մուտք գործեց այնտեղ եւ նոյնիսկ համերգներ ունեցաւ: Տեսնելով ընդունելութիւնն ու սէրը՝ ան կ՚որոշէ վերադառնալ Խորհրդային Միութիւն: Ինքն ալ զարմացած էր, թէ քսան տարուան բացակայութենէն յետոյ ինչպիսի ջերմութեամբ ընդունեց զինք երաժշտասէրը: Այդ ժամանակ ան ընդամէնը 47 տարեկան էր եւ կարծես անոր համար բացուեցաւ երկրորդ շնչառութիւն: Երգիչը մինչեւ հիմա համերգներ կու տայ, կը մասնակցի երաժշտական նախագիծերու, սակայն ան ուրիշ զբաղում մըն ալ գտած է, որ նորէն կը հաստատէ կեանքի հանդէպ անոր սէրը: Տակաւին Յունաստանի մէջ ապրած տարիներէն անոր միշտ հետաքրքրած է խոհարարութիւնը, մանաւանդ մօրմէն փոխանցուած է խոհանոցի հանդէպ սէրը: Վերջին տարիներուն երգիչը սկսած է Ռուսաստանի մէջ արտադրել չոր թացաններ՝ նպատակ ունենալով ստեղծել արտադրանք մը, որ եզակի է: Ան իր մականունէն կազմուած անուն մըն ալ դրած է արտադրանքին՝ «Թաթաքօ»: Զանազան համերէ կազմուած չոր թացանները շատ արագ ընդունուեցան համեղ կերակուր սիրողներու կողմէ: Թաթլեանի արտադրած թացաններու բաղադրութեան մէջ 10-20 բաղադրիչ կայ՝ համեմունքներ, պտուղներ, բանջարեղէն, հացաբոյսեր: Ան ատոնց որակի համար նոյնիսկ պարգեւներ ստացած է: Թաթլեան խորհուրդ կու տայ այդ թացանները գործածել պարզապէս լոլիկի ջուրին կամ կաթնասէրին հետ խառնելով…

Հարցազրոյցներու ընթացքին մեր հայրենակիցը կ՚ըսէ, թէ դժգոհ չէ իր կեանքէն, երբեմն նաեւ Հայաստան կ՚այցելէ, սակայն շատ կ՚ափսոսայ, որ իր ընկերներէն գրեթէ մարդ չէ մնացած հայրենիքի մէջ, իսկ հանդիսատեսի մասին ալ շատ պատկերացում չունի՝ արդեօք նոր սերունդը գիտէ՞ զինք, թէ ոչ: Հայրենիքի մէջ ալ իր սերնդակիցները զանազան առիթներով կը յիշեն սփիւռքահայ Թաթլեանը, որ շատ արագ յարմարուեցաւ ռուսական միջավայրին՝ երբեք չմոռնալով իր հայ ըլլալը: «Կ՚երգէ 70-ականներու Երեւանը» խորագրով համերգային շարք մը կը կազմակերպուէր Երեւանի մէջ, նաեւ այդ համերգներու հիւրը կ՚ըլլային այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ անուն ունեցած երգիչներ, որոնց մեծ մասը արտասահման կը բնակէր: Եւ Թաթլեան նոյնպէս այդ ծրագրի ծիրէն ներս ելոյթ ունեցած է հայաստանեան բեմի վրայ: Վերջին այցերէն մէկուն ժամանակ ալ, Ժան Թաթլեան հարցազրոյց մը տալով, զարմացած է, որ հանդիսատեսը զինք երբեմն կը շփոթէ սփիւռքահայ երգիչ Ժագ Տուվալեանի հետ: Ժագ (Յակոբ) Տուվալեան նոյնպէս Փարիզի մէջ գործած է, սակայն ծնած է Հալէպ: Ի տարբերութիւն Ժան Թաթլեանի, ան Հայաստան ներգաղթած է Հալէպէն Փարիզ երթալով եւ այնտեղէն ալ 1954 թուականին մայր հայրենիք գալով: Հայրենիք գալէն առաջ ան արդէն ճանչցուած երգիչ էր Ֆրանսայի մէջ, Հայաստանի մէջ ալ շարունակած է իր երաժշտական գործունէութիւնը, սակայն յետոյ կրկին Ֆրանսա դարձած է: Ժան Թաթլեանի հետ անոնք մտերիմներ եղած են եւ թերեւս շփոթութեան պատճառներէն մէկն ալ այդ է:

2017 թուականին Ժան Թաթլեան Քրեմլինի մէջ, Մոսկուա, մասնակցեցաւ համերգի մը, որու ընթացքին երգեցին նաեւ Շարլ Ազնաւուրը, Ռոզի Արմէնը եւ հայ ու օտար այլ յայտնի երգիչներ:

Իր 80-ամեակին Ժան Թաթլեան յիշած է յունական ծովափնեայ քաղաքին մէջ անցուցած իր մանկութիւնը, նաւը, որով ուղեւորուած են հայրենիք, յիշած է, թէ որքան երջանիկ էին նաւին մէջ գտնուող բոլոր մարդիկ, քանի որ անոնց խոստացած էին, որ հայրենիքի մէջ «կոճակ մը սեղմելով ամէն ինչ կ՚ունենաս»: Սակայն հայրենիքը բոլորովին ուրիշ պատկեր պարզած է հայրենադարձներու առջեւ: Թաթլեան կը զարմանայ, թէ ինչպէս չափահաս մարդիկ հաւատացած են այդ հեքիաթներուն եւ ճամբայ ինկած: Ան նոյնիսկ լսած է, որ մարդիկ կ՚ըսէին, թէ Հայաստանի մէջ երբ ջուրի ծորակը կը բանաս, ջուրի տեղ կաթ եւ մեղր կը հոսի... Բարեբախտաբար, Թաթլեաններու ընտանիքը զերծ կը մնայ այն հալածանքներէն, որոնք բաժին ինկած էին հազարաւոր հայրենադարձներու: Անոնցմէ խումբեր նոյնիսկ աքսորուած են Սիպերիա, իսկ մէկ մասը դաժան պայմաններու մէջ մահացած կամ կորսուած է… Շատեր վերադարձած են հոգեկան եւ այլ տառապանքներով: Ժան Թաթլեան կը յիշէ, որ թէեւ չեն հալածուած, ամէն պարագայի դիւրին չէր այդ վարչակարգին տակ ապրիլ եւ աշխատիլ: 80-ամեայ երգիչը շատ չի խօսիր իր անձնական կեանքի մասին, այդ էջը գրեթէ գոց է հետաքրքրուողներու համար, բայց կը հասկցնէ, որ առանձին չէ եւ կ՚ապրի իր վաստկած կեանքը…

«ԵՐԿՐԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՔԱՂԱՔԸ»

Մասնագէտներ Ժան Թաթլեանի լաւագոյն երգը նկատած են «Երկրի լաւագոյն քաղաքը» խորագրով ռուսերէն երգը, որ փոփ ժանրի մէջ գրուած երգ մըն է եւ կարճ ժամանակի ընթացքին հանրաճանաչ դարձած է ողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին: Այդ երգի երաժշտութեան հեղինակը հայ մեծանուն երաժշտահան Առնօ Բաբաջանեանն է, իսկ բառերուն հեղինակը՝ բանաստեղծ Լէոնիտ Թերպենիւովը։ Առաջին անգամ այս երգը երգած է Ժան Թաթլեանը, սակայն Խորհրդային Միութենէն անոր հեռացումէն յետոյ երգը աւելի լայն ճանաչում ստացած է ատրպէյճանցի հանրայայտ երգիչ, երգահան Մուսլիմ Մակոմաեւի կատարումէն յետոյ: Բայց Մակոմաեւի կատարումէն յետոյ ալ «Երկրի լաւագոյն քաղաքը» երգը արգիլուած է ձայնասփիւռով եւ այդ արգելքի հեղինակը Խորհրդային Միութեան ղեկավար Նիքիթա Խրուշչեւը եղած է: Երգը պարահանդէսային պարի եղանակով գրուած թուիսթ է՝ Մոսկուայի մասին եւ հակառակ որ Մոսկուան երգի մէջ կը փառաբանուի իբրեւ երկրի լաւագոյն քաղաք, համայնավարական կարգերը չէին հանդուրժեր արեւմտեան երգի այդ ժանրը: «Թուի՞սթ: Արգիլե՛լ», հրաման արձակած է երկրի ղեկավարը: Քանի մը ամիս անց՝ 1964 թուականի հոկտեմբերին, Խրուշչեւը ինչ-ինչ պատճառներով կը հեռացուի իշխանութենէն: Երգիչները կը սիրէին կատակել, որ այդ երգը արգիլելու պատճառով պաշտօնանկ ըրած են երկրին ղեկավարը: Բառերու հեղինակը ձայնասփիւռի խմբագրութիւն գացած եւ յորդորած է կրկին հաղորդել երգը, քանի որ արգիլողը այլեւս պաշտօնի վրայ չէ: Երգը քիչ մը վերամշակուելէ յետոյ կրկին հեռարձակուելու սկսած է: Մինչեւ այսօր այդ կատարումը կը հնչէ տօնական եւ այլ առիթներու ժամանակ: Հարցազրոյցի ժամանակ Թաթլեան պատմած է, որ Առնօ Բաբաջանեանը հաւնած է ի՛ր կատարումը, իսկ Բաբաջանեանի կինը՝ Մակոմաեւի կատարումը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2023