Երեքշաբթի 22, Ապրիլ 2025
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՈՒՐԱԽ ԱՄԱՆՈՐԸ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ։ Դպրոցի նորակառոյց շէնքի մուտքին զարդարուած տօնածառը արդէն կը պայմանաւորէր ընդհանուր մթնոլորտը։
Տարեմուտի հանդէսը տեղի ունեցաւ Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիի երդիքին տակ՝ մասնակցութեամբ Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչներուն։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի շնորհաւորութեան խօսքէն վերջ գործադրուեցաւ յայտագիրը, որուն տեւողութեան աշակերտները բոլորի գնահատանքին ու ծափահարութիւններուն արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Մէկ կողմէ ստեղծուեցաւ Ամանորի առթիւ մեծ խանդավառութիւն, իսկ միւս կողմէ աշակերտներու Սուրբ Ծնունդի բնորոշ երգերով խորհրդաւոր մթնոլորտ ձեւաւորուեցաւ։
Հանդէսի եզրափակիչ փուլին բոլորը ողջունեցին Կաղանդ պապուկին ժամանումը։
Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2024