ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՀՄԱՅԵՑ ԻՐ ՈՒՆԿՆԴԻՐՆԵՐԸ

Բե­մին վրայ ե­ռան­դուն, խան­դա­վառ, սրա­միտ եւ իս­կա­կան ա­րուես­տա­գէ­տի բո­լոր տուեալ­նե­րով տաս­նեակ տա­րի­նե­րէ ի վեր սե­րունդ­ներ եւ սե­րունդ­ներ հմա­յած ու տա­կա­ւին հմա­յող 91-ա­մեայ Շարլ Ազ­նա­ւու­րին ներ­կա­յու­թիւ­նը իս­կա­կան հմայք մը ըլ­լա­լէ բա­ցի, ո­չինչ կրնայ ըլ­լալ եւ պահ մը հան­դի­սա­տե­սին մտա­ծել տալ, թէ ան շատ հե­ռու է նոյ­նիսկ 70-ա­մեա­կի դռնե­րը բա­խե­լէ:

Պէյ­րու­թի «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թին փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ Պաթ­րու­նի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նին բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ, 1 Օ­գոս­տոսին, ժա­մը 21.30-ին, մի­ջազ­գա­յին ա­ռաս­պել Շարլ Ազ­նա­ւու­րի պատ­մու­թիւն կեր­տած եւ տա­կա­ւին պատ­գամ ու սէր փո­խան­ցող ձայ­նով:

Հա­կա­ռակ փա­ռա­տօ­նին վե­րա­բե­րող կազ­մա­կերպ­չա­կան ո­րոշ հար­ցե­րու, հա­զիւ բե­մին վրայ ե­րեւ­ցած՝ Ազ­նա­ւուր ար­դէն իսկ իր հմայքն ու գրաւ­չու­թիւ­նը տա­րա­ծեց ներ­կա­նե­րուն վրայ՝ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նե­լով Լի­բա­նան գտնուե­լուն եւ իր լի­բա­նան­ցի երկր­պա­գու­նե­րուն դի­մաց ան­գամ մը եւս ե­լոյթ ու­նե­նա­լուն հա­մար:

Ազ­նա­ւուր եր­գեց կեան­քը, սէ­րը, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, եր­գեր ձօ­նեց իր մօր, սի­րա­հա­րին, ըն­կե­րոջ, իր ինն տաս­նեակ տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թե­նէն քա­ղած դա­սե­րը ա­րուես­տի ճամ­բով մարմ­նա­ւո­րեց ու փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն, եր­գեց իր կեան­քը, բա­ցաւ իր սիր­տը՝ զայն հրամց­նե­լով ներ­կա­նե­րուն, պա­րեց ու բե­մա­կան ու­րոյն պատ­կեր­ներ ու­րուագ­ծեց բե­մին վրայ եւ շուրջ մէ­կու­կէս ժամ գե­րեց ա­ւե­լի քան հինգ հա­զար ա­րուեստա­սէր-ազ­նա­ւու­րա­սէր­նե­րը:

Ա­ռաս­պե­լի կո­չում վա­յե­լող հայ ա­րուես­տա­գէ­տին կող­մէ լի­բա­նան­ցի­նե­րուն հրամ­ցուած այս իւ­րա­յա­տուկ ե­րե­կոն Լի­բա­նա­նի փա­ռա­տօ­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ պի­տի ու­նե­նայ իր ու­րոյն դրոշ­մը՝ Ազ­նա­ւու­րեան ազնուա­կա­նու­թեամբ պա­րու­րուած:

Ազ­նա­ւու­րի այս հա­մեր­գը լայն ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լին մօտ։ «Շատ չեն այն կա­տա­րող­նե­րը, ո­րոնք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա՛լ ա­ւե­լի սի­րուած ու ճանչ­ցուած կը դառ­նան», այս կա­պակ­ցու­թեամբ գրած է անգ­լիա­կան «The Daily Star» թեր­թը, որ յի­շեալ­նե­րուն շար­քին դա­սած է 91-ա­մեայ Շարլ Ազ­նա­ւու­րը։ Հա­մեր­գի սկսե­լէն ա­ռաջ Շարլ Ազ­նա­ւուր հան­դի­սա­տես­նե­րը զգու­շա­ցու­ցած է «իր վա­տա­ցող տե­սո­ղու­թեան եւ լսո­ղու­թեան ու գո­յու­թիւն չու­նե­ցող յի­շո­ղու­թեան մա­սին»։ Այ­նու­հե­տեւ ան նստած եւ սկսած է եր­գել։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ անգ­լիա­կան թեր­թը նշած է հե­տե­ւեա­լը. «Իր ձայ­նը զար­մա­նա­լիօ­րէն չի փո­խուիր եւ զին­քը կեն­դա­նի կա­տա­րում­նե­րու ժա­մա­նակ լսել, նոյ­նիսկ եր­գե­րը գրե­լէ յի­սուն տա­րի վերջ, հզօր փոր­ձա­ռու­թիւն մըն է։ Այն, թէ Ազ­նա­ւուր ինչ­պէս կ՚օգ­տա­գոր­ծէ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, նպաս­տած է մար­դոց մօտ իր նկատ­մամբ մեծ սի­րոյն»։

Թղ­թա­կի­ցը մատ­նան­շած է, որ ֆրան­սա­հայ եր­գի­չը ու­նի մեծ ան­ցեալ մը եւ ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հին վրայ իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը զգա­լի է եւ ան ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հէն դուրս եւս ու­նի իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Ըստ թեր­թին, Ազ­նա­ւու­րի ա­մե­նա­քա­ղա­քա­կան եր­գե­րէն մին է «Ին­կան ա­նոնք»ը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2015