ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՄՕԹԸ
Յոյսը ունէինք, որ Նոր տարին ի տարբերութիւն հինցած միւս «նոր»երուն, յաջողէր բան մը փոխել մեր ազգի իրականութենէն ներս, սակայն Նոր տարուան առաջին վայրկեաններն իսկ հաստատեցին, որ այդ յոյսերը պարզապէս ցնորք են՝ պատրանք մը պարզապէս:
Ամէ՛ն նոր տարի աւելի քան 150 տարուան կեանք ունեցող Ռափայէլ Պատկանեանի «Երնե՜կ, թէ այս Նոր տարին վերջ տար հայի ցաւերուն» մաղթանքով կը մտնենք, սակայն կարճ ժամանակ մը ետք կը զգանք ու կը նկատենք, որ այդ ցաւերը մե՛նք ենք՝ մեր նկարագիրով, մեր ատելութեամբ ու անհասկնալի ոխով:
Հայաստանի անկախութենէն ետք աւանդութիւն դարձած է ամէ՛ն Նոր տարուայ գիշեր պետական հեռուսացոյցով սփռել Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնանքն ու պատգամը եւ ապա Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ուղերձը՝ ուղղուած աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին: Սակայն ի տարբերութիւն միւս տարիներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան պետութիւնը որոշեց այս տարի չհեռարձակել Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։ Սփռուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին խօսքը, որ ժողովուրդէն աւելի պետականութեան եւ սեփական շահեր կը հետապնդէր:
Շատ շատերու կողմէ Վեհափառ Հայրապետին եւ Վեհափառին ճամբով Եկեղեցւոյ դէմ եղած ընդդիմութիւնը արժանացաւ քննադատութեան: Յամենայնդէպս, այլ ալիքներ քաջութիւնը ունեցան սփռելու Վեհափառ Հայրապետին պատգամը: Լսելով Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, կարելի է ենթադրել առնուած որոշումին հիմնական պատճառը։ Ի տարբերութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, Վեհափառ Հայրապետին պատգամը այնքան ալ վարդագոյն ու լաւատես չէր, որովհետեւ կառավարութիւնը ինչքան ալ փորձէ ամէն բան լաւ ու առողջ վիճակի մէջ ներկայացնել, Վեհափառ Հայրապետին պատգամը այդպէս չէր։ 2023 թուականը հայ ազգին համար լացի ու արցունքի տարի մըն էր. այդ տարուան ընթացքին էր, որ աւելի քան 120 հազար հայեր դարձան գաղթական ու անտուն. այդ տարուան ընթացքին էր, որ շատ մը մանուկներ հեռու իրենց տունէն ու տեղէն Նոր տարին տօնեցին խեղճ ու կրակ պայմաններու մէջ եւ հետեւաբար ազգի մը համար ներելի չէ նման ցաւերու մէջ ուրախ ու երջանիկ Նոր տարի մը տօնել՝ երբ արիւնակիցդ տեղ մը անօթեւան իր տխուր Ամանորը կը նշէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը բազմաթիւ ծախսեր ու մսխումներ կատարեց նոր տարուան կապակցութեամբ, այն սխալ մտածումով, որ լոյսերն ու զարդարանքը մարդոց ուրախութիւն կրնան պատճառել: Վստահ կրնանք ըսել, որ այդ լոյսերը ուրախութիւն պատճառեցին միայն զբօսաշրջիկներուն, որոնք իրենց երջանիկ երկիրներէն գալով «ուրախ» Նոր տարի մը ուզեցին նշել: Այս տարուան ընթացքին հայ ժողովուրդի հոգիին լոյսերը խաւարեցան եւ հետեւաբար ծառերու լոյսի փոխարէն մարդոց հոգիները պէտք է լուսաւորել: Նոր տարուան կապակցութեամբ կատարուած ծախսերով կարելի է արցախահայութեան համար շատ աւելի բարեբեր իրագործումներ ընել, մանաւանդ մանուկներու համար՝ որոնց ուսումը ամէն բանէ աւելի վեր կը դասենք: Հայաստանի կառավարութիւնը տակաւին չկրցաւ ըմբռնել, որ մենք մինչեւ օրս՝ Արցախի վերջին պատերազմէն ի վեր սգաւորի կարգավիճակի մէջ կը գտնուինք եւ մեր մարդկային աւանդութեան ու տրամաբանութեան համաձայն, տան մը մէջ քէֆ ընել կարելի չէ՝ երբ տունը մեռել կայ:
Այդ մեռելութիւնը այսօր տիրած է մեր ամբողջ հայ ազգին. բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ ուրախ Նոր տարին այլեւս լոկ մանուկներու անմեղ աշխարհը զուարճացնելու համար է եւ ո՛չ մեծերուն եւ հետեւաբար Վեհափառ Հայրապետին ո՛չ վարդագոյն խօսքերը մեր ներկայ իրական վիճակն է, որ կը ներկայացնէ եւ ո՛չ պետականութեան գծել փորձած վարդագոյն ապագան:
Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ունենայ գիտակցութիւնը, որ Վեհափառ Հայրապետին անձը չսիրելը եւ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը ընդունիլն ու յարգելը ամբողջութեամբ տարբեր բաներ են։ Այսօր որպէս պետութիւն, ինչպէս նաեւ որպէս անհատ իրաւունք ունինք չսիրելու Վեհափառ Հայրապետը՝ այնպէս ինչպէս շատեր չեն սիրեր Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչապետը, սակայն տարբեր բաներ են վարչապետն ու Վեհափառը չսիրելը եւ տարբեր՝ պետութիւնն ու Եկեղեցին չսիրելը: Հայաստանի պետութիւնը այս նրբութիւնը զանազանելու գիտակցութիւնը չունեցաւ. մենք գիտենք, որ անձերը ժամանակաւոր են. այսօր Վեհափառ Հայրապետը կարելի է չսիրել, սակայն անոր անձին մէջէն Եկեղեցին ատելը ոչ-գիտակից արարք մըն է պարզապէս:
Վեհափառ Հայրապետին խօսքերը ինչքան ալ կծու թուի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, պէտք է սփռուէր, որովհետեւ մենք կը հաւատանք խօսքի ազատութեան: Ցաւ ի սիրտ, Հայաստանի պետութիւնը եւս այլ պետութիւններու նման մեծարելով խօսքի ազատութեան արժէքը, գործնապէս անոր խափանցման դէմ ամէն միջոց կը ձեռնարկէ. վկայ իրենց Նոր տարին բանտի խուցերուն մէջ անցուցած շատ մը բանտարկեալներ, որոնք կը շարունակուին պահուիլ այդտեղ՝ առանց լուրջ մեղադրանքի ու դատուածութեան:
Մեր ազգի հիմնական խնդիրներէն մին քննադատութիւնները որպէս սրբագրութեան միջոց չընդունիլն է. հաւատացէ՛ք, որ չի՛ կայ աւելի շինիչ բան՝ քան քննադատութիւնը, որ դժբախտաբար մեր իրականութենէն ներս լոկ կռիւ ու վէճ կը ստեղծէ՝ աւելի բարեբեր արդիւնք տալու փոխարէն: Ժողովուրդի իրաւունքն է քննադատել պետութիւնը, որովհետեւ քննադատութիւններով կը սրբագրուին սխալները, մինչ քննադատութիւնները լռեցնել փորձելը պարզապէս գործուած սխալները ծածկելու կը ծառայէ: Մարդ արարածին տրուած ազատութեան համազօր է նաեւ քննադատելու ազատութիւնը եւ քննադատութիւնը միայն անմիտներու մօտ է, որ թշնամութիւն կը յառաջացնէ եւ մեր ազգը այդ մանկամտութիւնը շատ աւելիով ունի իր մէջ:
Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚ուզէ, որ մենք ամէն բան վարդագոյն տեսնենք՝ այնպէս ինչպէս իրենք կը տեսնեն, կ՚ընենք, վստահ ըլլալով, որ այդ մէկը ինքնախաբէութիւն է պարզապէս. պարզապէս ամօ՛թ այն հայուն, որ կրցաւ ծայրայեղ ուրախութեան ու զեխութեան մէջ նշել իր այս Նոր տարին, երբ բազմահազար հայորդիներ տակաւին արցունքը իրենց աչքերուն, մինչեւ օրս կոտտացող վէրքը բուժել կը փորձեն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աշխարհի պատմութեան մէջ ի՞նչ բան կ՚ուզէիր ջնջել։
Պատասխան. Եթէ ունենայի հնարաւորութիւն աշխարհի պատմութենէն իրողութիւններ ջնջել, առաջին հերթին կը ջնջէի մարդկային բռնութիւններն ու ցեղասպանութիւնները։ Մարդկային տառապանքները եւ անմեղ կեանքերու կորուստը մեզի ցոյց կու տայ այն դաժանութիւնը, որ մարդ արարածը իր մէջ կ՚ունենայ։ Հետեւաբար ջնջելով վերոյիշեալ երեւոյթները ո՛չ միայն բազում կեանքեր կը փրկուին, այլ կը ջնջուի վախի եւ տառապանքի զգացողութիւնը։ Այսպիսով կը ստեղծենք աւելի հասկացող եւ համերաշխ հասարակութիւն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024