ԱԿՆԱՐԿ - 48 - ՓՈՔՐՈԳՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲՔ ՍՈՐԻՆ

Անկեղծ ըլլալու համար պիտի չփափաքէի, որ նոր տարուան առաջին գրութիւնս նման վերնագիր մը կրէր եւ նման բովանդակութիւն մը ունենար:

Անցնող տարուան վերջին ժամերը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական հեռատեսիլի ալիքը փոթորկեցաւ, երբ յայտարարութիւն տարածուեցաւ, թէ այդ գիշեր Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ի հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը պիտի չսփռուէր, ինչպէս եղած էր անցնող շուրջ երեսուն տարիներու ընթացքին:

Մանրամասնութիւններու մէջ պիտի չմտնեմ, թէ արգելք չէ՛ եղած, այլ՝ պարզապէս ժամի փոփոխութիւն, եւ այլն: Այդ մանր եւ սին պատճառաբանութիւններով կը սնանին ու բաւականութիւն կը ստանան միայն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն կոյր երկրպագուներն ու համակիրները, որոնք իրենց գրպաններէն, ստամոքսներէն ու օղիի գաւաթներէն անդին ուրիշ բան տեսնելու կամ ընկալելու ո՛չ կարողութիւնը եւ ո՛չ ալ տրամաբանութիւնը ունին:

Անդին, պիտի չխօսիմ ալ այն մասին, թէ ոմանք խնդիրը անձնակացուցած են եւ կապած՝ Վեհափառ Հայրապետի անձին հետ, այդ եւս անարժէք դրամագլուխ է, որովհետեւ այդպիսով ո՛չ թէ Նորին Սրբութեան անձն է, որ կ՚արհամարհէք, այլ՝ դուք ձեզ է, որ կը խայտառակէք, ձեր անգիտութիւնն ու յիմարութիւնն է, որ ի յայտ կը բերէք:

Խնդիրը այստեղ շա՜տ աւելի խորքային է: Գաղտնիք չէ, որ 2018 թուականին իրականացած թաւշեայ իշխանափոխութենէն ետք, Հայաստանի մէջ միակ կառոյցը որ տակաւին կը շարունակէ ազգայնութեամբ շնչել՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին է, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին1: Ասոր հակառակ, գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները բացայայտօրէն կը պայքարին ազգայինի դէմ, կը փորձեն ամէն կերպով վերացնել ազգայինը, մթագնել, խամրեցնել՝ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ Եկեղեցի, մշակոյթ, պատմութիւն, լեզու, գրականութիւն…, եւ շնորհիւ ստամոքսապաշտ մեր հայերնի ժողովուրդին, բաւականին յաջողութիւն արձանագրած են այս ուղղութեամբ:

Օրեր առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մամլոյ ասուլիս կազմակերպեց 7-րդ դասարանի Հայոց Պատմութեան նոր դասագիրքին կապակցութեամբ: Շատեր մամուլէն տեղեկացած են արդէն, թէ պատրաստուածը ի՜նչ ամօթալի ու սխալներով լեցուն դասագիրք մըն է, ուր յստակ կերպով խեղաթիւրուած է մեր պատմութիւնը: Գործող իշխանութիւնները, սակայն, հակառակ բարձրացած աղմուկին կը շարունակեն պնդել, թէ երեխաները այդ դասագիրքը պէտք է օգտագործեն:

Դարձեալ չեմ ուզեր մանրամասնութիւններու երթալ…

Կազմակերպուած ասուլիսի ընթացքին Մայր Աթոռի բարձրաստիճան հոգեւորականներէն երեքը մանրամասն կերպով ներկայացուցին Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ տարիներ առաջ Մայր Աթոռի կատարած նախազգուշութիւնները այս կապակցութեամբ… Որոշակի աղմուկ բարձրացուց այդ ասուլիսը, եւ կ՚երեւի գործող իշխանութիւններուն համար այդքան ալ հաճելի չէր այդ աղմուկը եւ որոշ անհանգստութիւն պատճառեց իրենց…:

Այդ անհանգստութեան արձագանգը սակայն չուշացաւ…, վկայ՝ «Հ1»ի դիրքորոշումը եւ ստեղծած արհեստական արգելքը՝ չսփռելու Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին պատգամն ու օրհնութիւնը: Սա պարզապէս փոքրոգութիւն եւ ճղճիմութիւն է, ինչով գործող իշխանութիւնները կը ղեկավարեն մեր երկիրը՝ բաւարարութիւն պատճառելով իրենց «հպարտ» քաղաքացիներուն…:

Միւս կողմէ, գործող իշխանութիւնները վստահաբար ներքնապէս ուրախութիւն ապրած էին, Մայր Աթոռի տուած ասուլիսով, որովհետեւ իրենց համար «պատճառ» մը գտած էին, համոզելու իրենց համակիրները… Ուրախութիւն, որովհետեւ շատերդ լսելով Վեհափառ Հայրապետին խօսքը, լսեցիք նաեւ Արցախի ու արցախահայութեան մասին, իրողութիւն մը, որ գործող իշխանութիւններուն իշխանաւորը ամէն կերպով փորձեց, կը փորձէ ու պիտի փորձէ անուշադրութեան մատնել:

Անկեղծ ըլլալու համար չե՛մ լսած գործող իշխանաւորին ուղերձը, բայց վստահ եմ որ գոյնզգոյն խոտումներով, դրական փոփոխութիւններու «վկայաբանութեամբ» լեցուն եղած է… Եւ բնականաբար, երբ իր խօսքէն առաջ հնչէր Ամենայն Հայոց Հայրապետին խօսքը, ուր եղելութիւնները կոչուէին իրենց անուններով, ապա ստուեր պիտի նետէր գործող իշխանաւորի գոյնզգոյն խաբեբայութիւններուն վրայ: Առ այդ, ունենալով պատճառաբանութիւնը, փոքրոգութեան երթալով որպէս թէ արգելք չկայ, այլ՝ պարզապէս ժամի փոփոխութիւն է, վարպետութեամբ յաջողեցան Վեհափառ Հայրապետին պատգամը չսփռել Հայաստանի Հանրապետութեան հեռատեսիլի պետական ալիքով…

Պարզապէս ողորմելիներ…

Միւս կողմէ, այս ճղճիմութենէն վերանալով երբ խնդրին տրամաբանութեամբ նայինք, ապա այդ որոշումը յստակ հարուած էր՝ դարձեալ կը կրկնեմ, Հայաստանի մէջ գործող միակ ԱԶԳԱՅԻՆ կառոյցին դէմ, ի դէմս Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:

Ասիկա վերջը չէ, պարզապէս սկիզբն է: Նախիրի վերածուած ժողովուրդը ինչպէս Արցախի 2020 թուականի ամօթալի պարտութիւնը մարսեց, ինչպէս ամիսներ առաջ Արցախի հայաթափումն ու Արցախի ամբողջական յանձնումը մարսեց, հիմա այս եւս պիտի մարսէ՝ հարցը անձնականի վերածելով, որով առիթ պիտի տայ գործող թաւշապատներուն նորանոր աւերներ ու հարուածներ հասցնելու մեր պետականութեան, մեր ազգին ու մեր Հայրենիքին:

«Խելքի աշեցէք» Հայաստանի «հպարտ» քաղաքացիներ:

Համբերութիւն եւ տոկունութիւն Հայաստանի իրաւ քաղաքացիներ:

Չյուսահատուիք սիրելի՛ սփիւռքահայեր:

Լաւ օրերը տակաւին մեր առջեւն են:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

2 յունուար 2024, Վաղարշապատ


1 Անոնք որոնք Նորին Սրբութիւնը կը մեղադրեն ռուսերու գործակալ ըլլալուն մէջ, մէյմը իրենք իրենց թող հարցնեն, թէ իրենք որո՞ւ գործակալներն են: Այսօր Հայաստանի մէջ ցեխարձակում կատարելը շա՜տ դիւրին դարձած է: Ամէն մէկը որ Այբենգիմէն մի քանի տառ սորված է, ինքն իրեն իրաւունք կու տայ աջ ու ձախ ամբաստանութիւններ արձակելու: Այնպէս որ իմաստ չկայ այս հարցին անդրադառնալ:

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2024