ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԵՏԱՅԼՆԵՐ
Համահայկական վեցերորդ խաղերը առաջին իսկ քայլափոխին արդէն վառ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան։ Նախորդ գիշեր կազմակերպուած բացման հանդիսաւոր արարողութենէն վերջ արդէն սկսած են մրցումները։ Մինչ այդ, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգըսեան երէկ ընդունելութիւն մը սարքեց Համահայկական վեցերորդ խաղերուն առթիւ։ Երեւանի նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթը միեւնոյն ժամանակ պարգեւատրման արարողութեան մը բնոյթը կը կրէր։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան հիւրընկալեց Համահայկական վեցերորդ խաղերու կազմակերպիչները, հովանաւորները եւ պատուոյ հիւրերը։ Ընդունելութենէն առաջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն։ Համահայկական վեցերորդ խաղերու կազմակերպման ուղղութեամբ ներդրուած նշանակալի աւանդին համար Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրերով խումբ մը անձեր պարգեւատրուեցան Երախտագիտութեան մետայլով։ Հանրապետութեան նախագահի կարգադրութեամբ խումբ մը անձերու ալ յանձնուեցան շնորհակալագրեր՝ Համահայկական վեցերորդ խաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ ունեցած գործօն մասնակցութեան համար։ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանն ալ ներկայ էր այս պարգեւատրման արարողութեան։
Երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին պարգեւատրեալներու շարքին էին նաեւ մեր համայնքի ծանօթ դէմքերէն Էֆրիմ Պաղ եւ մեներգչուհի Սիպիլ, որոնք Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ ստացան երախտագիտութեան մետայլ։
Հարկ է նշել, որ Էֆրիմ Պաղ Համահայկական վեցերորդ խաղերուն մասնակից «Սասուն» խումբի պատասխանատուներէն է, իսկ Սիպիլ մեներգած է Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, որ սփռուած էր նաեւ հեռատեսիլէն։