ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆ ԷՐՎԷ ՄԱԿՐՕ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԱՅՑԵԼԵՑ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ներկայ տարեմուտին Անթիլիասի մէջ ընդունեց Պէյրութի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Էրվէ Մակրոն։ Շուրջ ժամ մը տեւեց զրոյցը, որ առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առկայ թնճուկը, Կազզէի պատերազմը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դերակատարութեան վերաբերեալ հարցեր, որոնց շուրջ տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։

Կիլիկեան Աթոռի գահակալն ու ֆրանսացի դեսպանը անդրադարձան նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, հայ-ֆրանսական պատմական կապերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ Ֆրանսայի զօրակցութեան վերաբերեալ խնդիրներու։

Հարկ է նշել, որ Էրվէ Մակրօ ծնած է Թուրքիոյ մէջ ու մինչեւ մօտաւոր անցեալը Անգարայի մէջ կը պաշտօնավարէր՝ որպէս Ֆրանսայի դեսպան։ Ան ներկայիս դիւանագիտական առաքելութիւնը Պէյրութի մէջ կը շարունակէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024