ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ…

Մարդը, ստեղծագործող անձ մը ըլլալու կոչումով ստեղծուած է։ Ան իր բազմաթիւ զգացումներու վիհին մէջէն աշխարհ մը կը ստեղծէ՝ ի՛ր աշխարհը եւ ընկերութեան մէջ «արժէքաւոր անձ» մը կը դառնայ։ Մարդուն որքան կոչումը, նոյնքան ալ՝ նպատակը ա՛յս է։ Եւ այս գիտակցութիւնը կը սկսի արդէն երիտասարդութեան շրջանէն։ Այս պատճառով պէտք է լոյս սփռուի երիտասարդին էութեան մէջ եւ ուղիղ սկզբունքներ արմատանան անոր մէջ։ Արդարեւ, իտէալ մը ունենալու է ան. մա՛նաւանդ ուղղամտութեան սկզբունքը պէ՛տք է հիմնուի կեանքի առաջին քայլերուն։ Անոր գործունէութեան չափանիշը պէտք է ըլլայ ուղղամտութիւնը։

Ներկայ աշխարհը, դժբախտաբար եւ ընդհանրապէս նպատակի հասնելու համար կ՚արդարացնէ ամէն միջոց։ Այս տեսակէտէ կը դժուարացնէ ուղղամտութեան գործադրութիւնը։ Մինչդեռ «տիպար մարդ»ը ուղղամիտ մարդն է, եւ այս ըլլալու է մարդուն սկզբունքը, որդեգրած ճամբան կեանքի տեւողութեան։ «Տիպար մարդ» ըլլալ կը նշանակէ՝ «Աստուծոյ պատկերին նմանութիւն»ը պահել…

Երիտասարդը ուղեցոյցի մը պէտք կը զգայ իր կեանքի ճամբուն առաջին քայլերուն։ Երիտասարդը, երբեմն, ինքզինք կատարեալ, անթերի եւ ինքնաբաւ կը կարծէ, բայց անկէ կը պակսի կարեւոր բան մը՝ «կեանքի փորձառութիւն»ը՝ որ անհրաժեշտ է կեանքի ճամբուն վրայ անվտանգ եւ հաստատ քալելու համար։ Ան պէտք է գիտնայ, որ որքան ալ սորվի, չի կրնար ճշմարտութիւնը գիտնալ. ո՞վ հասած է ճշմարտութեան, եթէ ոչ հաւատքով ապրողը։

Երիտասարդը պէ՛տք է գիտնայ, որ ճշմարտութիւնը միայն արտաքին աշխարհի մէջ տեսածը, սորվածը չէ, այլ կա՛յ նաեւ ներքին աշխարհ մը՝ անտեսանելի բայց ճշմարի՛տ։ Արդարեւ, կեանքի մէջ կարեւո՛ր է՝ ուղիղ ընտրութիւնը։ Կեանքի մէջ կան այնպիսի անձեր, որոնք իբր թէ ուղեցոյց, փոխանակ ուղիղ ճամբան ցոյց տալու, փոխանակ շինելու, կրնան մարդը մոլորեցնել եւ փճացնել։ Մարդս ամէն շրջանին կրնայ տարուիլ եւ շեղիլ, մանաւանդ երիտասարդները՝ որոնք տակաւին նոր կը սկսին քալել կեանքի ճամբու վրայէն։

Եւ որքա՜ն վտանգաւոր է սխալ մարդու վստահիլ, շիտակ կարծել ճամբան եւ շեղիլ։ Նոյնքան եւ վտանգաւոր է «գիտնալ կարծել» եւ տգէտ մնալ…

Առակախօսին սա տողերը ո՜րքան իմաստալից են.

«Երիտասարդը ի՛նչ ուղղութեան որ հետեւի, այնպէս ալ մինչեւ վերջ այդ ուղղութեան մէջ պիտի յարատեւէ». (ԱՌԱԿ. ԻԲ 6)։

Ճամբան ինչպէս որ սկսի, այնպէս կը շարունակէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024