ՋՈՒԼՀԱԿ ԱՐՈՒԹԻ ԵՒ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՄԻՋԵՒ
Կեանքի մէջ յաջողութիւնները պատահականութեան արդիւնք չեն. անոնք շատ անգամ ծնունդ են լուրջ աշխատութեան եւ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ վստահաբար այդ յաջողակներէն մէկն է Սայաթ Նովա, որ իր մահէն 229 տարիներ ետք անգամ կը շարունակէ իր պատուաւոր եւ ուրոյն տեղը ունենալ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Մերօրեայ երիտասարդութեան մէջ գոյութիւն ունի այն մտածումն ու համոզումը, որ յաջողակ ըլլալու համար պէտք է ըլլալ հարուստ, ունենալ նիւթական փայլուն վիճակ մը՝ շատ մը իրագործումներ ու նպատակներ իրականացնելու համար, սակայն կը մոռնան, որ մեր պատմութեան մէջ իրենց անունը անմահացուցած մեր հերոսներուն մեծամասնութիւնը եղած են թշուառներ եւ բառին բուն իմաստով՝ աղքատներ, սակայն ի տարբերութիւն բազմաթիւ այլ հարուստներու յաջողած են իրենց անունը անմահացնել. անոնցմէ մէկն է նաեւ Սայաթ Նովա:
Սայաթ Նովայի հայրը՝ պանդուխտ Կարապետ աննշան ու խեղճ մարդ մըն էր. իր օրապահիկը ապահովելու համար Հալէպէն մեկնած էր Վրաստան, Թիֆլիզ, ուր պսակուած էր հաւլաբարցի Սառային հետ, լոյս աշխարհ բերելով տղայ զաւակ մը՝ Յարութիւնը, որ ծանօթ էր նաեւ «Արութ» անունով:
Պանդուխտ Կարապետ Արութին պզտիկ տարիքէն աշակերտութեան կու տայ ջուլհակի մը մօտ, ուր կը սորվի կտաւագործութիւն եւ շնորհիւ իր աշխատասիրութեան կարճ ժամանակուան մէջ ձեռք կը բերէ արհեստի բոլոր անհրաժեշտ գիտութիւնը: Արութին սորվելով արհեստը դուրս կու գայ փողոց՝ իր արհեստը ի գործ դնելու եւ իր օրապահիկը ապահովելու, սակայն նոյն միջոցին ան իր մէջ կը զգայ երաժշտութեան հանդէպ սէր մը եւ ջուլհակութեան կողքին կամաց կամաց կը սկսի սորվիլ քամանչա, չօնգուր եւ ամբուրէն նուագել: Այս ընթացքը այնքան ալ դիւրիւն չ՚ըլլար Արութին համար. ան իր առաջին երգերէն մէկուն տակ («Շատ սիրուն իս, շախաթայի») կը գրէ հետեւեալ տողը. «Յիս` մղդսու վուրթի Արութինս, պստուց ինչորի եարսուն տարին գլուխ դրի ամենան խաղին, ամա Սուրբ Կարապիտի կարողութէնով սովրեցայ քամանչէն ու չօնգուրն ու ամբուրէն»: Այս տողէն կը հասկնանք, որ Արութին մինչեւ երեսուն տարեկան կը զբաղուի ջուլհակութեամբ, սակայն միւս կողմէ կը շարունակէ սորվիլ վերոյիշեալ նուագարանները նուագել:
Որպէս Ջուլհակ Արութ ճանչցուած ըլլալով, ան կ՚որոշէ իր արուեստին համար այլ անուն մը ընտրել եւ այսպիսով ի յայտ կու գայ Սայաթ Նովա անունը. Սայաթ կամ Սայեաթ բառը արաբերէն լեզուին մէջ մինչեւ օրս գործածուող բառ մըն է (ծագումը պարսկերէն), որ կը նշանակէ որսորդ, իսկ նովա՝ թոռ. սակայն շատ մը հայ բանասէրներ կը յայտնեն, որ «նովա» կը նշանակէ նաեւ երգ, այլ խօսքով «երգի որսորդ» բացատրութիւնը կու տան: Թէեւ շատ մը երգերու մէջ ան կը գործածէ Արութ անունը՝ մինչեւ ժողովուրդին կողմէ ճանչցուի որպէս Սայաթ Նովա:
Սայաթ Նովա սկզբնական շրջանին կ՚երգէ թրքերէն երգեր։ Վստահաբար պատճառը քաղաքի մթնոլորտն էր, սակայն ժամանակ մը ետք կ՚որոշէ հայերէն երգել։ Վերոյիշեալ «Շատ սիրուն իս Շախաթայի» նոյն երգի մէջ կ՚ըսէ. «Հիմի գուզիմ թէ հայեվար ասիմ»: Վրացերէն եւ թրքերէն երգելը պատճառ կը դառնայ, որ Սայաթ Նովա հայկական շրջանակներէ դուրս, ճանչցուի նաեւ օտարներու կողմէ. Սայաթ Նովա իր հայերէն երգերէն աւելի ունի նաեւ թրքերէն երգեր, որոնց թիւը կը գերազանցէ հարիւրը:
Մերօրեայ ժողովուրդի կողմէ Սայաթ Նովա կը յարգուի որպէս աշուղ, սակայն ցաւ ի սիրտ մեր ժողովուրդը անոր երգերէն միայն փոքր մաս մը գիտէ. այսօր մեզի համար յայտնի է անոր «Թամամ աշխարհ»ը, «Ամէն սազի»ն եւ այլ մի քանի երգեր, սակայն Սայաթ Նովայի արուեստը շատ աւելին է՝ քան այդ մի քանի երգերը:
Սայաթ Նովա կը սկսի ճանչցուիլ ժողովուրդի կողմէ եւ մինչեւ իսկ թագաւորներու ներկայութեան կը սկսի իր արուեստը ի գործ դնել եւ պանդուխտ Կարապետի ջուլհակ որդին՝ Ջուլհակ Արութէն կը վերածուի բոլորին կողմէ սիրուած ու ճանչցուած Աշուղ Սայաթ Նովայի, սակայն հակառակ այս բոլորին, ան ուրախ կեանք մը չ՚ունենար. անոր սկզբնական ուրախ ու ոգեշնչող երգերը կը սկսին վերածուիլ տխուր ու տրտում ոճի. ժամանակ մը ետք անոր երգոերուն մէջ կը նկատուի, որ Սայաթ Նովա երէկը աւելի լաւ կը նկատէ՝ քան վաղը. ան իր երգերէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Էրեգ լաւ էր, կանց վուր էսօր» (Երէկ այսօրուընէ լաւ էր): Ան կը սկսի բողոքել փառքերէն ու հարստութենէն եւ այդ բոլորին դիմաց կը սկսի փնտռել մենութիւն։ Հարստութենէն ու փառքէն աւելի կը նախընտրէ անապատը, վանքն ու քարը: Ժամանակ մը ետք ձանձրանալով եւ միաժամանակ բողոքելով մեկուսանալու փափաք մը կ՚ունենայ. իր երգերէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Կու հաքնիմ մազեղէն, կու հաքնիմ շալըն, Կ՚երթամ ու ման գու քամ վանքիրըն մէ մէկ» եւ այսպիսով կամաց կամաց կը մօտենայ հոգեւորականութեան, ժամանակ մը ետք մինչեւ իսկ աշուղութիւնը մեղք կը նկատէ եւ կը որոշում կայացնելով կը դառնայ եկեղեցական: Ջուլհակ Արութը կը դառնայ Սայաթ Նովա, իսկ Սայաթ Նովան՝ Տէր Ստեփանոս. սակայն վանական կեանքը եւս ուրախութիւն չի պատճառեր իր կեանքին. վերջապէս ան կը գրէ.
«Բըրինձ էի, գարի դառնալն ինչիս էր...
Ասէք, կրօնաւոր դառնալն ինչիս էր,
Յիս ազատ մարթ՝ աբեղայ դառնալն ինչիս էր...»:
Այս բոլորը ցոյց կու տայ, որ Սայաթ Նովան պէտք է ուսումնասիրել ո՛չ միայն որպէս երգիչ. ի տարբերութիւն մերօրեայ «երգիչ»ներուն ան ո՛չ փառքի, ոչ հարստութեան համար կ՚երգէ եւ կամաւորաբար յանձն կ՚առնէ այդ բոլորը դնել մէկդի, մեկուսանալ վանքի մէջ, որովհետեւ անոր երգերը պարզապէս հոգիի ու սրտի ծնունդ են եւ ո՛չ նիւթական ապահովելու միջոց. այսօր քանի՞ հոգի յանձն կ՚առնէ կամաւորաբար անտեսել փառքն ու հարստութիւնը եւ մեկուսանալ...
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Խունկը օգտակա՞ր է:
Պատասխան. Խունկը դարեր շարունակ տարբեր մշակոյթներու կողմէ գնահատուած է՝ իր բազմակողմանի օգուտներուն համար: Շատ մը մշակոյթներ հաւատացած են, որ խունկը իր բոյրին միջոցով ունի բուժիչ ազդեցութիւն: Խունկը իր բոյրի միջոցով կրնայ ազդել մարդկային ջղային համակարգի վրայ, պատճառելով հանգստութիւն: Խունկը կը գործածուի նաեւ ծիսական արարողութիւններու ժամանակ, դարձեալ այդ խաղաղ մթնոլորտը ստեղծելու համար, ստեղծելով մտածելու եւ մտորելու համար բարենպաստ միջավայր: Կայ նաեւ կարծիք, որ խունկը ունի մանրէները մաքրելու եւ մաքուր մթնոլորտ մը ստեղծելու յատկութիւն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024