ԵԶԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հայ­կա­կան մարմ­նա­մար­զը եւ մարմ­նակր­թու­թիւ­նը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը։ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րա­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րու սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պուած է այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Հոկ­տեմ­բե­րի 1-ը։ Նոյն թան­գա­րան-կա­ճա­ռի տնօ­րէն Հայկ Դե­մո­յեա­նի հա­մա­նուն մե­նագ­րու­թեան հի­ման վրայ պատ­րաս­տուած ցու­ցա­հան­դէս մըն է այս մէ­կը։ Հարկ է նշել, որ Հայկ Դե­մո­յեան հա­մա­նուն գիրք մըն ալ հրա­տա­րա­կած էր 2009 թուա­կա­նին։ Սոյն գիր­քին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ հա­մադ­րուած ու ներ­կա­յա­ցուած են Օս­մա­նեան կայս­րու­թե­նէն ներս հայ­կա­կան մարմ­նա­մար­զի եւ մարմնակր­թու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման նա­խա­պատ­մու­թիւ­նը, ա­րեւմ­տա­հայ շրջա­նակ­նե­րէ ներս մարմ­նա­մար­զի զար­գաց­ման ըն­թաց­քը, ա­ռա­ջին հայ մարմ­նա­մար­զա­կան ա­կումբ­նե­րուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ե­ւայլն։ Լու­սան­կար­չա­կան նիւ­թե­րով հա­րուստ այս հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ըն­թեր­ցող­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան մարմ­նա­մար­զի պատ­մու­թեան ցարդ ան­յայտ, բայց չա­փա­զանց հե­տաքրք­րա­կան դրուագ­նե­րը։

Գիր­քի հի­ման վրայ պատ­րաս­տուած ցու­ցա­հան­դէ­սը ու­նի տաս­ներ­կու ա­ռանց­քա­յին բա­ժին։ Այ­ցե­լու­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուած են բա­ցա­ռիկ նիւ­թեր եւ լու­սանկար­ներ։ Ցու­ցա­հան­դէ­սի ե­րէ­կուան բաց­ման պա­տուոյ հիւ­րերն էին նշա­նա­ւոր մար­զիկ­նե­րու եւ սկաու­տա­պետ­նե­րու՝ հան­գու­ցեալք Գրի­գոր Ճո­լո­լեա­նի, Շա­ւարշ Քրի­սեա­նի եւ Վա­հան Չե­րա­զի ժա­ռան­գորդ­նե­րը։

Այս ե­զա­կի ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը պա­տուեց նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մարմ­նա­մար­զի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րար Գաբ­րիէլ Ղա­զա­րեան։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ նա­խա­րար Գաբ­րիէլ Ղա­զա­րեան, որ Հայկ Դե­մո­յեա­նին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ այս մե­ծա­ծա­ւալ աշ­խա­տան­քը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ըլ­լա­լուն հա­մար։ «Ե­թէ պատ­մա­կան ակ­նարկ մը ը­նենք ու եր­թանք ետ, ա­պա պի­տի տես­նենք, որ հա­յե­րը տա­կա­ւին հին յու­նա­կան խա­ղե­րուն ժա­մա­նակ, երբ Տրդատ եւ Վա­րազ­դատ թա­գա­ւոր­նե­րը դար­ձան ո­ղիմ­պիա­կան ա­խո­յեան­ներ, շատ լաւ պա­հած են հայ­կա­կան մարմ­նա­մար­զի պա­տի­ւը։ Ինչ կը վե­րա­բե­րի այս ցու­ցադ­րու­թեան ու գիր­քին, ա­պա մենք չու­նինք նման նա­խա­դէպ, սա իս­կա­պէս ա­ռա­ջին գիրքն է, որ ու­նի պատ­մա­կան բնոյթ», ը­սաւ նա­խա­րա­րը։

Մար­զիկ ու լու­սան­կա­րիչ հան­գու­ցեալ Գրի­գոր Ճո­լո­լեա­նի որ­դին՝ ֆրան­սա­հայ ազ­գա­յին գոր­ծիչ Փաթ­րիս Ճո­լո­լեան եւս իր սրտի խօս­քը ար­տա­սա­նեց ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ժա­մա­նակ եւ մեծ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցած ըլ­լա­լու հա­մար։ Փաթ­րիս Ճո­լո­լեան, որ իր հօր­մէն ժա­ռան­գած ամ­բողջ հա­ւա­քա­ծոն նուի­րա­բե­րած է Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րան-կա­ճա­ռին՝ նշեց, թէ փա­փա­քած է այդ բո­լո­րը չպա­հել իր բնա­կա­րա­նին մէջ ու սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դարձ­նել ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն։

«Մարմ­նա­մարզ» թեր­թի խմբա­գիր հան­գու­ցեալ Շա­ւարշ Քրի­սեա­նի եղ­բօ­րոր­դին՝ Շա­ւարշ Քրի­սեանն ալ դի­տել տուաւ, որ ցու­ցա­հան­դէսն ու գիր­քը կու գան ա­պա­ցու­ցա­նել, թէ ով­քեր ե­ղած են հա­յե­րը եւ ինչ­պի­սի կա­րե­ւոր ժա­ռան­գու­թիւն մը ու­նին։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Հայկ Դե­մո­յեան, որ ը­սաւ. «Գի­տա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը իմ մօտ շատ են, բայց ո­րե­ւէ հե­տաքրք­րու­թիւն չի կրնար մնալ հե­տաքրք­րու­թեան մա­կար­դա­կով, ե­թէ չես գի­տակ­ցիր, որ կրնաս այդ մէ­կը բարձ­րա­կարգ ձե­ւով վե­րա­ծել ա­ռար­կա­յա­կան ի­րի մը։ «Մարմ­նա­մարզ» հան­դէ­սի հա­մար­նե­րուն ծա­նօ­թա­նա­լով՝ սկսաւ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը դէ­պի հայ­կա­կան մարմ­նա­մար­զու­թեան ա­կունք­նե­րը»։ Դե­մո­յեա­նի քայ­լե­րը ա­ւե­լի ա­ռար­կա­յա­կան դար­ձան, երբ Ֆրան­սա­յի մէջ հան­դի­պե­ցաւ մար­զիկ ու լու­սան­կա­րիչ Գրի­գոր Ճո­լո­լեա­նի մե­րօ­րեայ շա­ռա­ւիղ­նե­րուն։ Ան այդ հան­դի­պու­մը ո­րա­կեց ցնցիչ ի­րա­դար­ձու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, Ճո­լո­լեա­նի ամ­բողջ հա­ւա­քա­ծո­յին թան­գա­րան նուի­րա­բե­րուի­լը դար­ձաւ թէ՛ ցու­ցադ­րու­թեան եւ թէ գիր­քի ստեղծ­ման ա­ռանց­քը։

Հարկ է նշել, որ մին­չեւ տա­րե­վերջ կը նա­խա­տե­սուի նաեւ այս գիր­քին անգ­լե­րէն, ռու­սե­րէն եւ թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րուն լոյս տես­նե­լը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2015