ԴՊՐՈՑԸ ՁՈՒԼԱՐԱՆՆ Է ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐԻ

Մեծ մտաւորական ու բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան 24 ապրիլ 1915 թուականին 31 տարեկան էր, սակայն հակառակ իր երիտասարդ տարիքին թէ՛ հայ ժողովուրդին եւ թէ թուրք պետութեան մօտ յաջողած էր ձեռք բերել մեծ մտաւորականի մը համբաւ՝ ըլլալով բանաստեղծ, յօդուածագիր, ուսուցիչ, դպրոցի տնօրէն ու խմբագիր:

Դանիէլ Վարուժանի տարիքը կը շեշտենք, որովհետեւ իր ստեղծագործական կարճ ժամանակի ընթացքին նման գրական փառք ստեղծող հեղինակ մը, ինչքա՜ն աւելին պիտի յաջողէր ընել, եթէ կեանքը բարի գտնուէր եւ տա՛ր առիթը՝ մինչեւ խոր ծերութիւն ստեղծագործելու: Միւս կողմէ կը շեշտենք տարիքը, որովհետեւ կարդալով Վարուժանի միտքերն ու գաղափարները, ակամայ տարիքային համեմատութիւն մը կը կատարենք ներկայի եւ անցեալի երիտասարդութեան միջեւ: Այդ համեմատութեան մէջ սակայն վստահաբար նկատի կ՚ունենանք ժամանակի ազդեցութիւնը. գուցէ Վարուժան եթէ ծնած ըլլար մեր օրերուն, չի դառնար Վարուժան, որովհետեւ ամէն ժամանակ կը ստեղծէ իր հետաքրքրութիւններն ու առաջնահերթութիւնները: Սակայն ամէն մեղք կարելի չէ բեռնել ժամանակի ուսերուն:

Կը տեսնենք, թէ մեր օրերուն կան շատեր, որոնք կը փորձեն «գրող» եւ «բանաստեղծ» դառնալ. կը կարծեն, թէ բանաստեղծութեան մը վերջին վանկերու միաձայն հնչիւնը բաւարար է ստեղծելու համար բանաստեղծութիւն մը եւ դառնալու բանաստեղծ։ Սակայն հետեւելով Դանիէլ Վարուժանի օրինակին, իսկական բանաստեղծ մը վերջին վանկերը միաձայն նուագով մը վերջացնողը չէ. ճշմարիտ բանաստեղծ եւ գրող մը ամէն բանէ առաջ պէտք է ըլլայ լաւ ընթերցող. օրինակի համար, Դանիէլ Վարուժան իր յօդուածներէն շատերուն մէջ կը յիշէ, թէ իր վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցած են ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ մանկավարժ Ժան Ժագ Ռուսոյի, ինչպէս նաեւ աշխարհահռչակ ռուս գրող Թոլոստոյի գործերը:

Ընթերցանութեան կողքին կ՚ուզենք կարեւորել ուսուցիչին եւ դպրոցին դերը՝ մանաւանդ Դանիէլ Վարուժանի պարագային. ցաւ ի սիրտ, մեր օրերուն ուսուցչութիւնը որպէս «ասպարէզ» կը դիտուի եւ ուսուցիչներ զանգի հետ միասին դասարան մուտք գործելով զանգի հետ միասն դուրս կու գան՝ դասագիրքին մէջինները եղածին պէս աշակերտներուն փոխանցել փորձելով, սակայն անցեալին վիճակը այդպէս չէր. առնենք Վարուժանի պարագան. իր գիւղի դպրոցին մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք բերելով զինք կ՚ուղարկեն Պոլիս՝ որպէսզի աւելի կատարեալ ուսում ստանայ։ Պոլսոյ մէջ Սագըզաղաճիի Մխիթարեան դպրոցը յաճախելէ ետք ընդունուած է Քաղկեդոնի վարժարանը, ուր Հայր Արիստ Քասգանտիլեան գնահատելով աշակերտի կարողութիւնները զինք ուղարկած է Վենետիկ՝ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարան: Եթէ Վարուժանի գիւղի ուսուցիչները անտարբեր գտնուէին Վարուաժնի կարողութիւններով ու Պոլիս չղրկէին ուսումը շարուանկելու, գուցէ այսօր չունենայինք Վարուժան. եւ մեր դպրոցներուն մէջ այս նուիրական կէտն է, որ կը պակսի. մերօրեայ դպրոցները ապագայ բանաստեղծներն ու մտաւորականները ստեղծելու վրայ շեշտ դնելու փոխարէն շահութաբեր հաստատութեան մը վերածած են դպրոցները:

Դանիէլ Վարուժան իր 19 տարեկան հասակին՝ 1903 թուականին «Գիւղիս դպրոցը» խորագրեալ յօդուածը կ՚աւարտէ հետեւեալ խօսքերով. «Դպրոցը ձուլարանն է ընկերութեան եւ գաղափարին ու կեանքին համար՝ կենսատու աւիշը. այն աշխա՜րհ մ՚է աշխարհիս մէջ»: Խօսելով դպրոցի կարեւորութեան մասին Վարուժան կը գիտակցի, որ գիւղի այդ դպրոցը կառուցուած է հազար ու մէկ զոհողութիւններով՝ որպէս ապագայ սերունդը «մարդ» դառնայ եւ ուսում ստանայ. նոյն այդ զոհողութիւններով կառուցուած են սփիւռքի տարածքին գտնուող դպրոցններն ու վարժարանները՝ որ աւա՜ղ մէկ առ մէկ կը նուազին. ցաւ ի սիրտ, վերջին տասը տարիներուն նորակառոյց դպրոցներու, նոր հրատարակուած օրաթերթերու եւ կամ շաբաթաթերթերու լուրեր չտեսանք, սակայն ականատեսը եղանք, թէ քանի՜ քանի դպրոցներ ու թերթեր իրենց դռները առյաւէտ փակեցին:

Մեր ազգը գիտակցելով հանդերձ դպրոցի կարեւորութեան՝ չկրցաւ առաջնահերթութիւն տալ իր հիմնական նպատակին եւ ցաւ ի սիրտ, միջամուխ եղաւ ազգային, քաղաքական կռիւներու եւ խնդիրներու. մեր դպրոցները ապագայ սերունդները հիմնական նպատակ դարձնելու փոխարէն զբաղուեցան գոյներով՝ մին կաթոլիկ, միւսը առաքելական, մին դաշնակցական՝ միւսը հնչակեան եւ ուսումի մէջ եւս մուտք գործեց այդ թշուառ ու աննպատակ պայքարը:

Այս բոլոր դժբախտութիւններուն դիմաց, ահաւասիկ 19-ամեայ Վարուժանի հասկացողութիւնը դպրոցի մասին. «Դարձիր, հո՛ն, դէպի դպրոց. մայրենի ստինքէն վերջ` մարդկային զարգացման ստինքն է ան. ծծէ, ծծէ ատկէ, որ կազդուրուիս. ծծէ, որ երակներէդ նախապաշարումի նախկին արիւնը մաքրուի: Այն ատեն պիտի իմանաս մտքիդ ազատ թռիչը` որ վանդակէն կ՚ազատի, եւ շճացած զգացումներուդ շեղումը, որ թումբերը կը պատռէ. սիրոյդ պիտի ցուցնես ուղիղ ճամբան, որ մինչեւ երկնային մաքրութիւնը պիտի հասնի»: Այդ իսկ պատճառով Վարուժան կ՚ուզէր շեշտել ուսումի կարեւորութիւնը. ան պատանի սերունդին համար կը գրէր. «գիտե՞ս թէ ի՛նչ է դպրոցը. կամ գիւղիդ դպրոցը, որ քու հայրերուդ սթափանքին ծաղիկն եղաւ, զոր անոնք արիւնելով տնկեցին եւ քրտնելով կ՚ոռոգին»:

Եթէ չըլլար հայ դպրոցը, գուցէ չըլլար նաեւ Վարուժանը եւ այս համոզումի լոյսին տակ նոր Վարուժաններու պակասը՝ հայ դպրոցին թերութեան մէկ մասը կը կազմէ. դպրոցի մը մէջ հայերէն լեզուի ուսուցիչին հիմնական պաշտօնը հոլովները սորվեցնելէ աւելի պէտք է ըլլայ հայ գրականութեան հանդէպ սէր մը, փոքր կրակ մը վառել հայ աշակերտին սիրտին մէջ. աշակերտը ընթերցանութեան առաջնորդելը մի քանի տասնեակ քերականութան դասապահեր անցընելու համազօր է, որովհետեւ գիրքն է որ լեզուի իմացութեան հետ միասին մարդկային կեանքի եւ զգացումի գաղափարը կը փոխանցէ եւ մարդը կը կերտէ:

Մերօրեայ գրել ուզուղները իրենց գրիչները շարժելէ առաջ թող մե՛ծ ժամանակ տրամադրեն կարդալու. այնպէս ինչպէս ջուրն ու սնունդը մարդուն գոյութիւնը կ՚ապահովեն, նոյնպէս ալ գիրքն ու ընթերցանութիւնը գրողին միտքն ու հոգին:

Երանի՜ օր մը դարձի գալով յաջողինք ազգովի սրբագրել մեր բոլոր սխալները՝ ստեղծելու համար ապագայի Վարուժանները՝ որոնց պիտի յանձնուի մեր ազգն ու անոր ապագան:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Քանի՞ հայ գրող կը ճանչնաս:

Պատասխան. Կան մի քանի հայ նշանաւոր գրողներ, որոնք գրականութեան մէջ մեծ հետք ձգած են. անոնցմէ են օրինակ.

Ա.- Ուիլիըմ Սարոյեան.- ամերիկահայ գրող, որ յայտնի է իր վէպերով եւ պատմուածքներով:

Բ.- Խաչատուր Աբովեան.- յայտնի է որպէս ժամանակակից հայ գրականութեան հայր՝ իր «Վէրք Հայաստանի» վէպով:

Գ.- Յովհաննէս Թումանեան.- բանաստեղծ եւ գրող, որ յայտնի է գրականութեան մէջ իր ունեցած մեծ աւանդով:

Դ.- Սիլվա Կապուտիկեան.- մեծ հեղինակութիւն վայելող բանաստեղծուհի եւ գրող, որ յայտնի է ժամանակակից հայ գրականութեան մէջ իր ունեցած ազդեցութեամբ:

Գ.- Պարոյր Սեւակ.- բանաստեղծ եւ գրականագէտ, որ կը նկատուի 20-րդ դարու հայ մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկը:

Այս բոլորը մի քանի օրինակներ են. շատ աւելի հայ գրողներ կան, որոնք նոյնպէս կարեւոր ներդրում ունեցած են գրականութեան մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2024