ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀՈԳԻՆ
Մարդկային հոգին աստուածային խորհուրդներով, անտեսանելի հարստութիւններով, գեղեցկութիւններով, ուժերով լեցուն կղզեակ մըն է, մեր մարմնին ճախճախուտին մէջ։
Այդ հարստութիւնները համադրելու, այդ խորհուրդներու գործադրութիւնը ապահովելու եւ զանոնք մարդկային ընկերականութեան, մեր նմաններուն եւ մեզի նպաստաւոր կացութեան մը մէջ դնելու համար մեր կատարելիք ճիգին եւ մեր ձեռք առնելիք միջոցներուն եւ ուղղութեանը մէջ պէտք է փնտռենք մեր պարծանքին իսկական բնութիւնը։
Երեւոյթները շատ անգամ յաջողած են չարին գործածել տալ մեր հոգիին ամենէն բարի զգացումները եւ այսպէս ալ՝ մեր թոյլ եւ մեղկ վարմունքը շատ հեղ պատճառ կ՚ըլլայ, որ մենք խեղդուինք մեր մարմնի ճախճախուտին մէջ եւ անոր մեզի ներշնչած բառերը, անոր մեզի ծծել տուած երջանկութիւնները, անոր մեզի ըմբոշխնել տուած հաճոյքները թոթովենք իբրեւ մեր պարծանքը, առանց կարենալ մեր հոգին զգալու, առանց խաչին պարծանքը ընդգրկելու։
Աշխարհ որչափ շահագործած է զմեզ, անիկա զմեզ «գործիք» մը շինած է իր ցանցին մէջ զմեզ բռնելու եւ զմեզ իր հաճոյքներուն մէջ խեղդելու համար, մինչ խաչին պարծանքը զմեզ յաղթանակներ կը շինէ։ Մենք պէ՛տք է յաղթանակենք Յիսուս Քրիստոսով, քանի որ ա՛յս է քրիստոնեային կոչումը. (ՀՌՈՎՄ. Ը 37, ԺԲ 21), եւ չպարծենանք ոչ մէկ բանով, բայց միա՛յն Յիսուս Քրիստոսի խաչով։
Պէտք է մենք գործածենք, մենք օգտագործենք աշխարհը մեր շնորհներուն եւ մեր տեւական յոյսերուն ուժով, պէտք է զայն խաչով եւ խաչին համար արդիւնաւորենք, եւ Աստուծոյ մեզի պարգեւած ձիրքերը եւ կարողութիւնները մեր տեւական պարծանքին եւ մեր կեանքին համար գործածենք եւ ըսենք, պարծենանք միայն Յիսուս Քրիստոսի խաչին հետ։
Հոգիի այդ բարձրութիւնը, հաւատքի այդ համոզումը, պարծանքի այդ անթառամ պսակը կը լուսաւորէ բոլոր խաւար միտքերը եւ կ՚առաջնորդէ ճշմարտութեա՛ն։
Emil Michel Cioran (1911-1995) կ՚ըսէ, թէ՝ յաւիտենականութիւնը ապրիլ՝ ներկան ապրիլ կը նշանակէ։
Կեանքը՝ ծնունդի եւ մահուան միջեւ ընթացքն է։ Արդարեւ, կեանքի ամբողջ ընթացքին խաղաղ, երջանիկ օրեր ալ ապրի մարդ, ի վերջոյ մահուամբ յաւիտենականութեան կը փոխադրուի։
Հաստատուն հաւատքով ապրող մարդուն համար աշխարհ մեռած մըն է եւ մարդ աշխարհի համար մեռած մըն է փոխադարձաբար։ Իրարմով, իրարու համար ապրելու եւ մէկ մէկու վրայ ազդելու եւ ներգործելու ուժը կորսնցուցած են ալ։ Աշխարհասիրութիւնը սոսկումով կը լեցնէ մարդը մահուան գաղափարին հանդէպ, գերագոյն զոհողութիւններու անընդունակ կը շինէ զինքը. մահուան մէջ ոչնչութիւն միայն ցոյց կու տայ իրեն եւ վախճան մը իր յոյսերուն, որովհետեւ մէկու մը հետ վերապրելու մխիթարութիւնը չի կրնար տալ իրեն։
Աշխարհի պարծանքը, մարդուս ցոյց չի տար աշխարհի մէջ մէկը՝ որ զինքը ապրեցնելու համար մեռած ըլլայ կամ պատրաստ ըլլայ մեռնելու։ Յիսուս. Ան աշխարհը սիրեց, մա՛նաւանդ մարդը՝ մեզ սիրեց, մեր փրկութիւնը ապահովելու համար, մեզ մխիթարելու համար, կեանքը ազատագրելու համար գերագոյն զոհողութիւնը ցոյց տուաւ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024