ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԷԼԱԶԸՂ

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առիթով Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան այցելեց Էլազըղ, ուր տեսակցեցաւ տեղաբնակ հայերուն հետ։

Հայր սուրբը շաբաթ, օդային ճամբով հասաւ Էլազըղ, ուր դիմաւորուեցաւ քաղաքի հայ համայնքի անդամներէն Արման Եաղճըի կողմէ եւ հիւրասիրուեցաւ Եաղճը ընտանիքի բնակարանին մէջ։ Կիրակի առաւօտ քաղաքի հայկական գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ կատարուեցաւ կանոնական պաշտամունք եւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, պատարագիչ հայր սուրբը քարոզեց եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութիւնները փոխանցեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ան քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան մեծ եւ սքանչելի խորհուրդի իմաստին եւ հաւատացեալներուն թելադրեց, որ միշտ ի մտի ունենան, թէ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ»։ Կատարուեցաւ նաեւ ջրօրհնէք եւ խորհրդանշական կնքահօր պարտականութիւնը ստանձնեց Եթքին Եաղճը։ Ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Խարբերդի մերձակայ ճաշարանի մը մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Հայր սուրբը ընկերակցութեամբ Արման Եաղճըի քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ քաղաքի Ասորւոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մուշէ Տաղ Վարդապետին եւ ուխտի աղօթք ըրաւ գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ։

Հայր սուրբը կիրակի երեկոյեան օդային ճամբով վերադարձաւ քաղաքս։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2024