ԱՐԴԱՐ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ
Քննադատութեան օգտաբեր դերակատարութիւնը կարելի չէ անտեսել եւ ուրանալ։ Գիտակից եւ բանականութեամբ գործող մարդիկ քննադատութեան շնորհիւ կը վերարժեւորեն իրենց գործունէութիւնները եւ յարաբերութիւնները։ Արդարեւ, քննադատութիւնը նորոգող, սրբագրող եւ բուժիչ յատկութիւն մը ունի. ան հիները նորոգող, սխալները սրբագրող եւ աղտերը մաքրող ազդու դեղ մը եւ դարմա՛ն մըն է։
Սակայն քննադատութիւնը պէտք է արդա՛ր ըլլայ։
Քննադատութիւնը վնասակար է, երբ ան յետին նպատակներով կը կատարուի եւ մանաւանդ քանդիչ դիտաւորութիւն կը հետապնդուի։ Անարդար եւ անիրաւ քննադատութիւնը կարելի չէ վաւերական քննադատութիւն համարուի։ Ան պարզապէս յաւակնոտ ստութիւն մը՝ խաբէութի՛ւն մըն է։
Անիրաւ եւ անարդար քննադատութիւնը ենթական անդունդ կ՚առաջնորդէ։ Յետին նպատակով կատարուած քննադատութիւնը համախոհ անձերու շրջանակ մը կը ստեղծէ, քանի որ մարդկային տկարութիւն է ընդհանրապէս սուտին հաւատալ, հաւանութիւն տալ։
Սակայն, այդ «տկարներ»ու կողմէ սնուցուողները բնականաբար զօրաւոր պիտի զգան, քանի որ իրենց մէկ հարուածով ոչ թէ միայն ուրիշ տկարներ կը հարուածուին, այլ ամբողջ մարդկային ընկերութիւնը կը վնասեն։ Այսպիսի քննադատութիւնները նոյնիսկ անարդար քննադատութիւն ըլլալէ աւելի, մտահոգիչ եւ վնասակար կը դառնան անիրաւ եւ յետին նպատակով կատարուած քննադատներուն համար։
Քննադատութիւնը՝ մարդկային կեանքի մէջ մարդուն բնութեան բնական մէկ արտայայտութիւնն է, քանի որ մարդ կատարեալ չէ, բայց իւրաքանչիւր անձ ինքզինք կատարեալ կը կարծէ եւ ինքզինք մի՛շտ իրաւացի կը նկատէ։ Եւ երբ ինք իրաւացի է, ապա ուրեմ ուրիշը, եթէ ոչ ամբողջովին, մասամբ անիրաւ է։
Քննադատութեան հիմնական հոգեբանական պատճառներէն մին ալ, ինքզինք արդարացնելու ջանքն է։ Ուստի, մարդ ինքզինք արդարացնելու համար ուրիշը կը մեղադրէ, ուրիշին անկատարութիւն եւ թերութիւն կը վերագրէ։ Շատ անգամ ալ անբաւարարութեան գոհացում տալու, անբաւարարութիւնը քօղարկելու համար գործածուած ճամբայ մըն է անարդար եւ անիրաւ քննադատութիւնը։ Քննադատութիւնը, ոմանք ալ կը գործածեն որպէս ինքնահաւանութեան, իմաստակութեան, կեղծ իմաստութեան միջոց…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ