ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԱԶՄՈՂ ՈՒԺԵՐ…
Անմիաբանութիւնը կը կործանէ, կը քանդէ ամէն հոգեւոր, ամէն բարոյական շէնք։ Անմիաբանութիւնը, որովհետեւ պառակտում կը ստեղծէ, իսկ պառակտումը ամենամեծ թշնամին է միութեան։ Արդարեւ, որեւէ մեքենայի կանոնաւոր եւ սահուն գործելուն համար պէտք է անոր բոլոր կտորները տեղաւորուին իւրաքանչիւր վայրերուն մէջ՝ ամէն մէկուն յատուկ կազմածներ ագուցանելով։ Այլապէս, մեքենան չի գործեր եւ անգործ կը մնայ։
Ամէն մարդ չի կրնար օժտուած ըլլալ ամէն յատկութիւններով եւ կարողութիւններով։ Ուստի, իւրաքանչիւր գործ կը պահանջէ գործին մասնագէտը։ Այլապէս, գործը կը ձախողի եւ ապարդիւն կը մնայ եւ չի հասնիր իր նպատակին։ Այս կերպով յառաջ կու գան անգիտութիւն եւ անհասկացողութիւն, որոնք կը կասեցնեն յառաջդիմութիւնը եւ կեանքին բնականոն ընթացքը։
Ընտանիքի մը կազմութեան համար տարբեր սեռերէ երկու անձ հարկաւոր է՝ իւրաքանչիւրը իր սեռին յատուկ յատկութիւններով եւ կարողութիւններով…
Ընտանիքը ընկերութեան կորիզն է եւ ընկերութեան մը երջանկութիւնը, հասարակ բարիքը կախում ունի զինք կազմող ընտանիքներու երջանկութենէն եւ բարութենէն։ Այս իմաստով ընտանիքը կարեւոր «միութիւն» մըն է հասարակաց, ընկերային կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։
Արդարեւ, ընտանիքը ընկերութեան անհրաժեշտ տարրն է։ Ընկերութեան կազմութեան այս անհրաժեշտ եւ կարեւոր տարրը՝ ընտանիքին կազմութիւնը կը նմանի իրարու ագուցուած չորս պատերով՝ չորս սիւներով ամրապնդուած շէնքի մը։ Ընտանիքին կառուցուածքն ալ պէտք է յենուի հաստատ եւ պինդ բարոյական սիւներու եւ պատերու։
Եւ եթէ պատերը անկիւնասիւներով իրարու չմիանան, մէկ կամ միւս կողմը բաց կը մնայ եւ անպատեհութիւններ տեղի կ՚ունենան։
Ընտանիք կազմող ամոլին բարոյական եւ հոգեկան շէնքին չորս սիւները պէտք է ըլլան՝ հաւատարմութիւն, հանդուրժողութիւն, ուրախութիւն եւ իրերհասկացողութիւն, որոնց միացնող շաղախը կը կազմուի սիրով եւ յարգանքով։ Իսկ հիմնաքարերն են՝ զոհողութիւն, արդարութիւն, պարտականութեան գիտակցութիւն եւ պատասխանատուութեան ճանաչում։ Եւ եթէ ասոնցմէ մին կամ միւսը պակսի, շէնքին ամբողջութիւնը աւազի վրայ հիմնուած կ՚ըլլայ եւ վախճանի շուտ կը հասնի։
Այսօր աշխարհի ընտանեկան իրավիճակը յարափոփոխ ընթացքի մը մէջ կը գտնուի։ Ամուսնացած զոյգեր կ՚ամուսնալուծուին յաճախ, եւ դժբախտաբար ասիկա շատ բնական կը համարուի, հակառակ որ ամուսնութեան մէջ պառակտում եւ բաժանում պէտք չէ ըլլայ, քանի որ հոն «ես»ին տեղը գրաւած է «մենք»ը, որ հաստատուած է սիրոյ վրայ։ Եւ քանի որ սէրը զոհողութիւն եւ նուիրում կ՚ենթադրէ, միութիւնը, միաբանութիւնը բնական է եւ պառակտումը, բաժանումը անբնական եւ բացառիկ, արտակա՛րգ։
Պառակտուած եւ քանդուած ընտանիքներ կ՚ոտնակոխեն բոլոր սրբութիւնները եւ կը սրբապղծեն բարոյականութիւնը։ Ամուսնալուծումներ վնաս կը պատճառեն մանաւանդ մանուկներուն։ Ի՜նչեր կը զգայ մանուկ մը, երբ պառակտուած ընտանիքի մը մէջ կը ստիպուի առանց մօր կամ հօր ապրիլ եւ կամ նոր ընտանիքի մը մէջ՝ խորթ զաւակի դիրքին կը մատնուի։ Ուստի, այսպիսի մանուկներ ժառանգական բարոյական նկարագիր չեն ունենար ընդհանրապէս եւ բախտին եւ միջավայրին ազդեցութեան կ՚ենթարկուին եւ կեանքի մէջ միշտ «կարօտ»ով մը՝ սիրտը կոտրած, ընկճուած կ՚ապրին։
Ինչո՞ւ կը խաթարուին ընտանիքներ։
Եսասիրութիւն, մոլութիւններ, պարտազանցութիւններ, անպատասխանատու վարմունք, անհաւատարմութիւն՝ սէր եւ խաղաղութիւն չեն թողուր…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ