ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքը։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը ճաշասեղանով մը պատուեց հոգեւոր եղբայրը, որ այցելեց Լիբանան։

Զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան Հայ Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ դաւանակից եկեղեցիներու համագործակցութեան, միջեկեղեցական հանդիպումներու եւ ծրագրերու վերաբերեալ հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ տագնապներուն։

Ուրբաթ, Յունուար 19, 2024