ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած՝ «Հայ կինը մշակութային եւ հասարակական կեանքի մէջ» խորագրեալ ձեռնարկը շաբաթավերջին կրկնուեցաւ Էսաեան վարժարանի բեմին վրայ։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Պէյօղլուի ընտանիքի եւ Էսաեան վարժարանի պատասխանատուներն ալ ներկայ էին ձեռնարկին, որոնք Ղալաթիոյ խնամակալութեան եւ Կեդրոնական վարժարանի ներկայացուցիչները հիւրընկալեցին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Այս ձեռնարկը թէեւ կրկնութիւն մըն էր, սակայն, ծրագիրը այնքան անժամանակ պատգամներու միահիւսումով պատրաստուած է, որ ամէն անգամ նորովի հետաքրքրութեան կ՚արժանանայ։
Ձեռնարկի աւարտին արտայայտուեցաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ Պէյօղլուի ընտանիքին անունով պատրաստուած էին յուշանուէրներ։ Այս ամբողջին մէջ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Կեդրոնականի բազմամեայ, անխոնջ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանին, որու տեսլականով կը պատրաստուին այս ձեռնարկները։