ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ճի՞շդ է, որ մարդ երբ ողորմութիւն կու տայ, այդպիսով Աստուծոյ փոխ կու տայ:

Պատասխան. Այո ճի՛շդ է: Սողոմոն Իմաստուն կը գրէ. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տիրոջ փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ» (Առ 19.17):

Աստուծոյ համար չկա՛յ որեւէ բարեգործութիւն, որ աննշան կամ առանց հատուցումի կը մնայ: Սա չի՛ նշանակեր, սակայն, որ մարդ մի միայն այս ակնկալիքով, այսինքն՝ անպայման փոխարէնը ստանալու ակնկալիքով ողորմութիւն կ՚ընէ, կ՚օգնէ աղքատներուն եւ կարօտեալներուն, որովհետեւ այդպիսով իր արարքը ո՛չ թէ բարեգործութիւն, այլ պայմանադրութիւն մը կ՚ըլլայ, տալ՝ առնելու սպասումով: Աստուած կ՚ուզէ, որ մարդ սրտանց տայ, առանց ակնկալութեան տայ:

Յիշենք Տէր Յիսուսի ողորմութեան մասին տուած ուսուցումը, ուր կ՚ըսէր. «Զգո՜յշ, Աստուծոյ հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնները մարդոց ներկայութեան մի՛ կատարէք ցոյցի համար, որովհետեւ այդ պարագային վարձատրութիւն պիտի չստանաք ձեր երկնաւոր Հօրմէն:

Երբ ողորմութիւն կ՚ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ: Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ: Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.1-4):

Իմաստունին ըսածը, թէ Անիկա [Աստուած] անոր [աղքատին ողորմութիւն տուողին] հատուցում պիտի ընէ արտայայտութիւնը համեմատենք Տէր Յիսուսի ըսածին, թէ այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս, արդեօք նոյն իմաստն ու նշանակութիւնը չունի՞ն: Առակագիրը կ՚ըսէ, թէ Աստուած հատուցում պիտի ընէ, Տէր Յիսուս կու գայ ա՛լ աւելի յստակացնելու՝ ըսելով, թէ քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս, այսինքն՝ մարդուն ըրած որեւէ բարիքը, մանաւանդ երբ սրտանց եւ ցուցադրականութենէ հեռու է, ո՛չ միայն անպատասխան կամ առանց վարձատրութեան պիտի չմնայ, այլ յայտնապէս պիտի վարձատրուի:

Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան Հայրապետը մէջբերելով Սուրբ Պօղոս առաքեալը, բարեգործութեան ճիշդ ձեւ մը կու տայ մեզի, երբ կ՚ըսէ. «Պօղոս առաքեալը չի բաւարարուիր միայն օգնութիւն տրամադրելով կարիքաւորներուն, այլ՝ կը պահանջէ ողորմութիւն գործողէն մասնակից դառնալ այդ կարիքաւորներու ցաւերուն, տխրութիւններուն եւ տանջանքներուն»: Այսօրուան «բարեգործ»ները՝ բոլոր խաւերուն պատկանող, բարեգործութիւն ընելէ աւելի, իրենց մտահոգութիւնը կամ նպատակը նկարուիլն է, աշխարհին ցոյց տալն է իրենց կատարած արարքը: Բնականաբար, նման մօտեցում մը միմիայն ժամանակաւոր կերպով մարդուն քմահաճոյքները կը բաւարարէ, սակայն հանդերձեալի համար ո՛չ մէկ օգուտ կրնայ տալ անհատին: Սակայն, երբ Պօղոս առաքեալի թելադրութեամբ առաջնորդուինք, ապա ո՛չ միայն մեր դիմացինին օգնած կ՚ըլլանք, այլեւ մենք մեզի մե՜ծ բարիք ըրած կ՚ըլլանք:

Դարձեալ դիմենք Պօղոս առաքեալին. «Յիշեցէք, թէ ով որ քիչ կը սերմանէ՝ քիչ ալ պիտի հնձէ. եւ ով որ առատօրէն կը սերմանէ՝ առատօրէն կը հնձէ: Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտին յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ: Եւ Աստուած կրնայ ամէն պարգեւ տալ ձեզի առատօրէն, որպէսզի միշտ ալ ունենաք այնքան՝ որքան պիտի բաւէր ձեր բոլոր կարիքներուն եւ աւելնար՝ ամէն տեսակի բարի գործերու յատկացուելու» (Բ.Կր 9.6-8): Այս տողերը կարդալով, պահ մը մեր միտքերուն մէջ պատկերացնենք հողագործի աշխատանքը: Հողագործը եթէ իր այգին լաւ չմշակէ, ճշդուած ժամանակին չփորէ, չհերկէ, տունկ ու սերմեր չցանէ, ցանելէ ետք պէտք եղած ուշադրութիւնը չդարձնէ՝ մշակելով, խնամելով, ջրելով եւ հետեւելով աճման ընթացքին, ապա, բնականաբար, լաւ արդիւնք չի՛ կրնար ունենալ: Մինչ, երբ ամէն ինչ ժամանակին ընէ, բերքահաւաքի ժամանակ յաճախ իր սպասածէն շատ աւելին կ՚ունենայ: Նոյնն է պարագան ողորմութեան. մարդ երբ այս երկրաւոր կեանքի ընթացքին ինքզինք կը դաստիարակէ իր ունեցածէն բաժին հանելու իր նմանին համար, ապա եթէ ո՛չ այս կեանքին մէջ, ապա՝ հանդերձեալի բերքահաւաքի ժամանակ անպայման իր վարձատրութիւնը պիտի ստանայ, իր տուած մէկին փոխարէն ստանալով երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր (Մտ 13.8):

Ողորմութեան մասին այսպէս կը գրէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ.

- Ողորմութիւնը ազնուագոյն արուեստ է եւ ողորմացողի պաշտպանը, որովհետեւ Աստուծոյ հաճելի է, եթէ մենք չպղծենք զայն, իսկ այն կրնայ պղծուիլ, երբ մենք ողորմութիւն կ՚ընենք ուրիշը կողոպտելու հաշւոյն, իսկ եթէ մաքուր ձեւով կ՚ըլլայ, մեծ խիզախութիւն կու տայ նաեւ աղօթելու բոլոր անոնց համար, որոնք Աստուծոյ զայրոյթը յարուցած են իրենց վրայ:

- Ողորմութիւնը շատ աւելի մեծ զոհաբերութիւն է, քան՝ աղօթքը, պահքը եւ միւս բաները, եթէ, անշուշտ, այն արդար մղումներով կ՚ըլլայ եւ նոյնպիսի նեղութիւններով, եթէ մաքուր է ամէն տեսակի շահախնդրութենէ, թալանէ եւ բռնութենէ:

- Ողորմութեան մեծութիւնը ո՛չ թէ տրուած ողորմութեան չափով կ՚որոշուի, այլ՝ ողորմացողներուն յօժարութեամբ եւ տրամադրուածութեամբ:

- Մի՛ ամչնար քու ձեռքովդ աղքատներուն ծառայելու: Քրիստոս չ՚ամչնար ձեռք երկարել եւ ողորմութիւն վերցնել աղքատի միջոցով, իսկ քեզի համար ամօ՞թ է ձեռքդ երկարել եւ դրամ տալ: Միթէ ատիկա ամօթ չէ՞:

- Ով որ միայն ինքն իր համար կ՚ապրի եւ ուրիշները կը քամահարէ, այդպիսին ի զուր կ՚ապրի, այդպիսին նոյնիսկ մարդ չէ, մեր ցեղէն չէ:

- Նայէ՛ ոչ թէ օգնութեան կարիք ունեցողներուն արժանաւորութեան, այլ՝ միա՛յն կարիքին:

- Ողորմութեան մեծութիւնը ո՛չ թէ տրուած ողորմութեան չափով կ՚որոշուի, այլ՝ ողորմածներուն յօժարութեամբն ու տրամադրուածութեամբը։ Պէտք չէ նայիլ այն բանին, որ այրին երկու լումայ կու տայ, այլ անոր, որ ընդամէնը երկու լումայ ունենալով չ՚ափսոսար, այլ ամբողջ ունեցածը կը զոհէ:

- Ողորմէ՜ ինծի-ն կարճ խօսք է, սակայն ծով մարդասիրութիւն (յառաջ բերաւ), որովհետեւ ուր որ ողորմածութիւն կայ, այնտեղ ամէն տեսակ բարիքներ կան։ Եթէ եկեղեցիին մէջ չես, ձայն տուր Աստուծոյ եւ ըսէ՝ ողորմէ՜ ինծի, թէեւ բերանդ չշարժելով, այլ՝ միտքով կանչելով։ Աստուած կը լսէ նաեւ լռողները։ Կարեւորը ո՛չ թէ տեղն է, այլ՝ բարեպաշտութեան հիմքը:

- Ողորմութիւն տուողին ձեռք մեկնողը աղքատ մուրացկանն է, սակայն ողորմութիւն առնողը՝ Աստուած է։

- Ողորմութիւնները աղօթքի թեւեր են, առանց թեւերու աղօթքը չի՛ կրնար թռչիլ։

- Սուրբ Հայրերը կ՚ըսեն, որ մարդկութեան թշնամին յատկապէս գթասրտութիւնը կ՚ատէ։

- Ողորմութիւնը յաւիտենական կեանք կը պատրաստէ, մահուան ճիրաններէն կը փախցնէ, թէ՛ այս եւ թէ այն կեանքին մէջ կը փառաւորէ՝ երկինքին մէջ քեզի յաւիտենական կացարաններ պատրաստելով։ Ան թոյլ չի՛ տար, որ մեր լապտերները մարին, թոյլ չի՛ տար աղտոտ հագուստներով հարսանիքի առագաստ մտնել, այլ կը մաքրէ զայն ձիւնէն աւելի սպիտակ դարձնելով. «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան» (Ես 1.18)։ Ան թոյլ չի՛ տար մեզի իյնալ այնտեղ, ուր հարուստը ինկաւ եւ զարհուրելի խօսքերը լսել, այլ մեզ դէպի Աբրահամի գոգը կ՚առաջնորդէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 78

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024