ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԱՌԱՐԿԱՆ ԵՒ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼԸ
Քաղաքական մորեխը Արաբական աշխարհի ներկային եւ ապագային վրայ ունեցած ազդեցութենէն ետք, կարծես հիմա իր ուշադրութիւնը ուղղած է անցեալին. այս՝ այն պատճառով, որպէսզի արաբ մարդը ոչ մէկ բան ունենայ, ուր կարենայ իր կռնակը կռթնեցնել՝ զինք շրջապատող վտանգները դիմակայելու համար՝ բացի այն աթոռէն, որու վրայ նստած է: Ասոր փաստն է՝ մեր արաբերէն լեզուի նկատմամբ ունեցած կարեկցանքը, ինչպէս նաեւ ամէնօրեայ ողբերգութիւնը տարածաշրջանի գրեթէ բոլոր պարբերականներուն մէջ եւ ռատիօներուն վրայ, թէ ի՜նչ աւերներ գործուած են անոր օրէնքներուն վրայ եւ թէ անխոհեմաբար ի՜նչ բաներու կ՚ենթարկուին անոր քերականութիւնն ու գործածութիւնը՝ այնքան, որ այլեւս չենք իմանար ինչպէս նամակ մը կարդալ կամ հեռաձայնի թիւ մը արձանագրել:
Յարգելով մեր լեզուի իւրաքանչիւր տառը, ինչպէս նաեւ Արաբական աշխարհին մէջ գնահատելով այդ տառերուն բոլոր պարագաները, ժամանակներն ու վայրերը գործածուած նախադասութիւններուն մէջ, սակայն եւ այնպէս պէտք է հարցնենք.
-Ի՞նչ օգուտ անունէն եթէ «ճիշդ» է…, երբ հայրենիքը ի՛նք թերի է:
Կամ եթէ այս կամ այն նախադասութիւնը հիմնուած է կէտադրութեան նշաններու վրայ…, մինչ իսրայէլեան գաղութները մեր աչքերուն առջեւ շինուած են՝ պաղեստինցի աշակերտներու եւ ուսուցիչներու դիակներուն վրայ:
Տակաւին, ինչո՞ւ համար իւրաքանչիւր ազգի պատմութեան մէջ լեզու մը գոյութիւն ունեցած է. արդեօք իր հաւաքականութիւններուն եւ անհատներուն միջեւ երկխօսութեան եւ իրերհասկացութեան համար չէ՞:
Ներկայիս ո՞ւր է մեր միջեւ այդպիսի երկխօսութիւն:
Արդեօք վաճառականին եւ յաճախորդին միջեւ երկխօսութիւն կա՞յ:
Գործաւորին եւ գործատիրոջ:
Սեփականատէրին եւ վարձակալին:
Ուղեւորին եւ վարորդին:
Քննիչին եւ մեղադրեալին:
Հօր եւ որդիին:
Կամ ամուսինին եւ իր տիկնոջ:
Տակաւին, կարիք չկայ ո՛չ մէկ բանի մասին հարցնելու կամ որեւէ մէկ բանի պատասխան տալու: Օրինակ՝ շարժանկարի սրահին գիները, իւրաքանչիւր տոմսի վրայ գրուած է, հիւանդանոցը՝ իւրաքանչիւր անկողինի վրայ, ճաշարանէն ներս՝ իւրաքանչիւր հաշուեցոյցի վրայ եւ ամէն բան, որ կը շրջապատէ արաբ քաղաքացին, գինը այլեւս յստակ եղաւ ու ճանաչելի եւ բոլոր կողմերը գրուած՝ հագուստներու, կօշիկներու, միրգերու, բանջարեղէններու, տուներու, գինետուներու, այգիներու, ունեցուածքներու, անցնելով մարզիկներու, երգիչներու, գրողներու եւ լրագրողներու: Միայն մնացած է, որ ժողովուրդներուն վրայ գրուի իրենց գինը, արտադրութեան թուականն ու ինչքան ժամանակ կարելի է գործածել:
Այս բոլորէն աւելի կարեւորը. Արեւելքի մէջ իշխանութեան եւ ժողովուրդին միջեւ երբեւէ երկխօսութիւն կա՞յ:
Օրինակ, բրիտանացի իւրաքանչիւր պատասխանատու, իր երկրին մէջ դասախօսութեան մը կամ զրոյցի մը ընթացքին, եթէ ոեւէ մէկուն հետ հակակարծիք ըլլայ, ապա Շէյքսփիրէն մէջբերում մը կը կատարէ, որպէսզի համոզէ զինք լսողները:
Իտալացին մէջբերում մը կը կատարէ Տանթէէն:
Ֆրանսացին մէջբերում մը կը կատարէ Վոլթերէն:
Գերմանացին մէջբերում մը կը կատարէ Նիցչէէն:
Իսկ ոեւէ մէկ արաբ պատասխանատու, եթէ բանաստեղծութեան մը վերնագրի շուրջ հակառակութիւն ունենայ ոեւէ մէկուն հետ, ապա թնդանօթ մը կը բերէ քեզի…, հրամմէ ու զրուցէ:
Այդ պատճառով ալ արաբ մարդուն բերանը վերածուած է հաւնոցի մը, ուր լեզուն ու ակռաները կը պահուին եւ ո՛չ աւելին:
Օրինակ՝ այսպիսի պարագաներու խեղճ նախադրեալը ի՞նչ կրնայ ընել օդանաւակիրին դիմաց:
Կամ նշանները1 ի՞նչ կրնան ընել յետահար թնդանօթին դիմաց, որ իր մէջ կը պարփակէ ամբողջ լեզու մը:
Եւ այնքան ատեն միակ երկխօսութիւնը, որ արտօնուած է Արաբական աշխարհէն ներս՝ աչքի եւ ուլունքի երկխօսութիւնն է, ապա՝
Գիներէն բացի ուրիշ ոչինչ պիտի բարձրանայ:
Կախաղաններ միայն պիտի կանգնեցուին:
Գրաւեալ հողերը միայն պիտի ներառնուին:
Ժողովուրդները միայն պիտի քաշուին:
Այդ պատճառով, այնքան ատեն որ կարդամ կամ լսեմ այս կամ այն արաբ բանաստեղծները, լրագրողները կամ խօսնակները, որոնք կը «գոռգռան» ժողովրդավարութեան, արդարութեան եւ ազատութեան մասին, ինչպէս նաեւ կը յաղթէ սիոնիզմին եւ վերջ կու տայ տգիտութեան, ասոր կը սպառնայ ու միւսին կը սպառնայ եւ ինք նստած է իր սրճարանէն ներս, կամ բարձրախօսին ետեւը, [այդ ատեն] միայն կը յուսամ, որ արաբերէնը ազգայնացուի ովկիանոսէն մինչեւ ծոց եւ կուտակել զայն Արաբական աշխարհին կեդրոնը գտնուող հնձանի մը կամ հրապարակի մը մէջտեղը, մասնագէտ պաշտօնեայի մը յանձնարարել, որու ականջին գրիչ մը կայ, իսկ դիմացը արաբ բոլոր գրողներուն, բանաստեղծներուն եւ մտաւորականներուն ցանկը, զանոնք իրենց անուններով կանչէ եւ մէկ առ մէկ հարցնէ անոնց.
- Դո՛ւն, ո՜վ աւանդապաշտ բանաստեղծ, քանի՞ բառ կ՚ուզես ասոնց նման՝ նիզակներ, աւազ, վէրքեր, զառանցանքներ. հրամմէ՛, վերցո՛ւր եւ ցտեսութիւն:
- Դո՛ւն, ո՜վ արդի բանաստեղծ, քանի՞ բառ կ՚ուզես ասոնց նման՝ անցնիլ, գերազանցել, ստեղծագործականութիւն, ներդաշնակութիւն. հրամմէ՛, վերցո՛ւր եւ ցտեսութիւն:
- Դո՛ւն, ո՜վ ջղային խօսնակ, քանի՞ բառ կ՚ուզես ասոնց նման՝ «այս դժուար իրավիճակին մէջ», «այս վճռորոշ վայրկեաններուն». հրամմէ՛, վերցո՛ւր եւ ցտեսութիւն:
- Դո՛ւն, ո՜վ հաւասարակշռուած մտաւորական, քանի՞ բառ կ՚ուզես ասոնց նման՝ «իրականութեան մէջ», «տրամաբանօրէն», «ամբողջականօրէն», «առարկայական մօտեցում», «քանակական թռիչք». հրամմէ՛, վերցո՛ւր եւ ցտեսութիւն:
- Եւ դո՛ւն, ո՜վ ազատամարտիկ ու ծայրայեղական, որ ժամանակ ունիս որեւէ դասախօսութեան, դասընթացքի եւ առիթի, քանի՞ բառ կ՚ուզես ասոնց նման՝ արիւն, բռնակալութիւն, կայսերապաշտութիւն, ժողովուրդներ, «ժողովուրդներու միութիւն», «ճակատագիրի միութիւն», Քուպա, Նիգարակուա եւ քանի՞ աճուրդ կ՚ուզես ասոնց վրայ. հրամմէ՛, վերցո՛ւր եւ ցտեսութիւն ու յաջողութիւն:
Լեզուն յարգելէ առաջ պէտք է յարգել այն մարդը, որ այդ լեզուն կը գործածէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 5
Վաղարշապատ
1 Արաբերէն լեզուն նշաններ ունի, որ տառերուն վրայ դրուելով, տրուած տառին ձայնային հնչիւնը կը փոխէ: Ինչպէս նաեւ, նկատի ունենալով, որ արաբերէն լեզուն արական եւ իգական ունի, երբեմն այդ նշանները բառերուն վերջաւորութեան դրուելով, տուեալ բառին սեռը կ՚որոշեն։