ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Բոլորը լքած էին զինքը, առանձնութիւնը ամբողջ ուժգնութեամբ ինկաւ անոր վրայ եւ խլեց վերջին ուժը»։

ՍՏԵՖԱՆ ՑՎԷՅԿ

Շատ բան կայ ըսելիք առանձնութեան մասին։ Ինչպէ՞ս կրնանք առանձին մնալ աշխարհի մը մէջ, ուր կը բնակի մօտաւորապէս 9 միլիառ մարդ: Առանձնութիւնը այնքան վատ է, որ մինակ ես՝ բազմամարդ աշխարհի մը մէջ։

Թէեւ առանձնութիւն ըսելով բացասական երեւոյթ մը կը պատկերացնենք, բայց ան այնքան ալ վատ չէ՝ ըստ Շոփենհաուէրի նման մտածողներու, որոնց հասարակաց յայտարարն է. «Առանձնութիւնը բոլոր նշանաւոր միտքերու ճակատագիրն է»:

Մարդը միշտ բաժնուած է երթալու եւ մնալու միջեւ։ Որովհետեւ այն, ինչ որ ան կը փնտռէ՝ կա՛մ կը գտնէ եւ կամ ոչ։ Այն, ինչ որ ան կը փնտռէ, ինքն իրմէ դուրս գալը կամ իր ներաշխարհին մէջ փակուիլն է:

Անասունները իրենց սեփական իրականութիւնը ունին, իսկ մարդիկ, որոնք լեզու ունին, հաւաքական ամբողջութեան մէկ մասն են։ Յամենայնդէպս, որո՞նք են այն իրավիճակները, որոնք մեզ կը մղեն դէպի առանձնութիւն, որ ոմանց համար լաւ, իսկ միւսներու համար վատ է:

Այս հարցին պատասխանը կը ներառէ բազմաթիւ իրադարձութիւններ եւ իրավիճակներ: Օրինակ, ըստ Մեծն Բրիտանիայի առանձնութեան վերջ դնելու նախաձեռնութեան, տեղւոյն բնակիչ չափահասներու 45 տոկոսը երբեմն կամ յաճախ առանձին կը զգայ։ 2019 թուականին հրապարակուած զեկոյցին համաձայն՝ 2000-ական թուականներուն ծնած սերունդին 22 տոկոսը յայտարարած է, որ ընկեր չունի։

Ինչպէս մարդը լաւ կը խնամէ իր մարմինը, այնպէս ալ պէտք է հոգ տանի իր յարաբերութիւններու պարագային, քանի որ այդ մէկը նոյնպէս «ինքնասպասարկման» մեթոտ մըն է: Հոգեբան Ճուլիանա Հոլթ-Լունսթատ 2015 թուականին կատարած ուսումնասիրութեան ժամանակ նկատած է, որ առանձնութիւնը կ՚ազդէ որոշ առողջական խնդիրներու վրայ. ինչպէս՝ արեան ճնշումը, ընկճուածութիւնը, սրտի հիւանդութիւնները եւ այլն:

Այս բոլոր խնդիրներու հիմնական աղբիւրը առանձնութիւնն է. սա պայմանաւորուած է դրամատիրական ​​համակարգի կամ ընկերային հարթակներու չափէն աւելի օգտագործման նման գործօններով: Օրինակ, դրամատիրական ​​համակարգը կը ստիպէ մարդոց երկար եւ անկանոն ժամերով աշխատիլ եւ անոնք չեն կրնար ժամանակ խնայել իրենց ընկերային կեանքին համար։ Մէկ կողմէ մարդիկ պէտք է աշխատին ապրելու համար, բայց միւս կողմէ՝ որպէս անհրաժեշտութիւն, չեն կրնար շփուիլ իրենց շուրջիններուն հետ։

Անշուշտ, կարելի չէ մեղքը առաւելապէս բարդել դրամատիրական համակարգի վրայ։ Այս պահուն անհատի համար կարեւոր է ժամանակի կառավարումը եւ ծրագիր կազմելը: Սխալ կ՚ըլլայ յստակ եզրակացութիւն ընել, թէ անցեալի մէջ ինչպէս կ՚ընկալուէր առանձնութեան հասկացութիւնը, սակայն Արիստոտէլ այս մասին ըսած է հետեւեալը. «Առանձնութիւնը վայելողը կա՛մ վայրի կենդանի է կամ Աստուած»:

Ըստ Մարքսի օտարացման տեսութեան՝ կարելի է նշել օտարման երկու տեսակ։ Առաջինը՝ բնութենէն կտրուածութիւնն է։ Մարդը ստիպուած կ՚ըլլայ հիմնել սեփական կենսատարածքը՝ պոկուելով մշակութային-ընկերային ոլորտէն եւ կ՚օտարուի բնութենէն։ Օտարութեան երկրորդ տեսակը դրամատիրութեան համակարգի ​​հասարակութեան պատճառած խնդիրներու պատճառով մեկուսացումն է՝ թէ՛ իրենցմէ եւ թէ ընդհանրապէս աշխարհէն։

Կարելի է ըսել նաեւ, որ մարդիկ կը մղուին դէպի առանձնութիւն, որովհետեւ վրդոված են կեանքէն։ Ինչպէս վերը նշեցի, բազմաթիւ պատճառներ կը վրդովեցնեն եւ կ՚օտարեն մարդիկ։ Ինչպէս կ՚ըսէր Տեքարթը. «Ընկերային խաղաղութիւն է առանձնութիւնը, որմէ դուն այլեւս երբեք չես տխրիր: Միակ բանը, որ զայն անտանելի կը դարձնէ՝ պարտութեան զգացումն է»…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024