ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ Առակագիրին ըսած հետեւեալ նախադասութիւնը. «Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար» (Առ 19.18):

Պատասխան. Այս համարը եւս մեր առջեւ կը պարզէ ծնող-զաւակ յարաբերութեան մէկ երեսը: Առակագիրը կը խրատէ ծնողները, որպէսզի խրատեն իրենց զաւակները, այնքան ատեն որ իրենց կապը չէ կտրուած, չէ խզուած, այսինքն՝ ի՜նչ-ի՜նչ պատճառներով իրենց զաւակները իրենցմէ չեն հեռացած: Զգո՜յշ պէտք է ըլլալ սակայն, որովհետեւ ծնողներ կան, որոնք խրատն ու յանդիմանութիւնը իրարամէ չեն կրնար զանազանել, որով սխալ կերպով վարուելով, անելանելի վիճակներու կը մատնուին: Յանդիմանութիւնը, խստութիւնը միշտ չէ, որ պէտք է գործածուի, այլ՝ երբեմն-երբեմն, յստակ կամ յատուկ պատգամ մը փոխանցելու համար զաւակին, որպէսզի ամբողջ կեանքի ընթացքին իր հետ կրէ այդ պատգամը: Մնայուն կերպով յանդիմանել ու խստութեամբ վարուիլ զաւակին հետ, կը տանի այն բանին՝ որ զաւակը իր վստահութիւնը եւ յարգանքը կը կորսնցնէ իր ծնողներուն նկատմամբ: Եւ վա՜յ այն ծնողներուն, որոնց զաւակները իրենց վստահութիւնն ու յարգանքը կորսնցուցած են իրենց նկատմամբ…:

Այս համարը մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն համար շա՜տ խօսուն է, որովհետեւ այսօրուան մարդը, որ իր եսին գերին դարձած է, յատկապէս երիտասարդները, միայն նիւթապէս քիչ մը կայանան, կ՚ուզեն իրենց հայրական տունը լքել եւ առանձինն ապրիլ: Ծնողները շա՜տ զգոյշ պէտք է ըլլան այս պարագային եւ խելամիտ կերպով վարուին, այլապէս մէկանգամընդմիշտ կրնան իրենց զաւակները կորսնցնել: Յամառութիւն, կամ «իմ խօսքս պիտի քալէի» տրամաբանութեամբ պէտք չէ վարուիլ այս պարագային, ընդհակառակը, խաղաղ մթնոլորտի մէջ, հայրը, կամ մայրը պէտք է երկխօսութեան հնարաւորութիւն ստեղծեն, խօսին իրենց զաւակներուն հետ, եւ մանաւանդ ԼՍԵՆ զանոնք, նախքան որեւէ մէկ որոշում կամ խօսք ըսելը:

Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթի այսպէս կը բացատրէ այս համարը. «Յոյսի ոգիով մարդ կը խրատէ իր զաւակը, հաստատակամ քնքշութեամբ ու սիրով: Իսկ ծանր ու բռնի պատիժները, ապա ատոնք իրենց մէջ սպանութեան որճրագործութիւնը կը պարունակեն, ինչպէս նաեւ զաւակները կը դրդեն ու զանոնք հակառակութեան կը մղեն: Այսպիսով, դաստիարակութիւնը բարեփոխումի չի՛ ծառայեր, ընդհակառակը՝ քանդումի, ոչնչացումի:

Դաստիարակութեան ընթացքին, ծնողները անպայմանօրէն պէտք է կառուցողական երկխօսութեան մէջ մտնեն իրենց զաւակներուն հետ, որպէսզի զաւակները հասկնան ու ըմբռնեն այդ կերպ դաստիարակելու իմաստը, ինչպէս նաեւ ծնողները հասկնան իրենց զաւակներուն վարուելակերպին դրդապատճառը, որով զգացական եւ աճապարանօք չի՛ յանդիմաներ [խրատեր, դաստիարակեր]:

Սանձարձակ ազատութիւնը եւ ծայրայեղ խստութիւնը, երկուքն ալ կործանարար են թէ՛ զաւակներուն եւ թէ ընդհանրապէս ընտանիքին համար:

Սաւուղ թագաւորը իր բարկութեան մէջ փոխանակ իր զաւակին՝ Յովնաթանին հետ զրուցելու, իր նիզակը ուղղեց անոր կողմ՝ որպէսզի հարուածէ (Ա. Թգ 20.33), որով զաւակը իր վստահութիւնը կորսնցուց իր հօր նկատմամբ, եւ իր սիրտը մեկուսացուց անորմէ»:

Հ. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակագիրին ըսած հետեւեալ նախադասութիւնը. «Մարդուն ողորմածութիւնը իր փառքն է ու աղքատը ստախօսէն աղէկ է» (Առ 19.22):

Պ. Մարդը երբ ողորմածութեան առաքինութիւնը ձեռք կը ձգէ, ատով ձեռք ձգած կ՚ըլլայ Աստուածասիրութիւն, մարդասիրութիւն, ներողամտութիւն, հոգատարութիւն, եւ բոլոր այն առաքինութիւնները, որոնք մարդս կը գեղեցկացնեն:

Ողորմածութիւնը ձեւով մը արտացոլացումն է մարդուն մէջ եղած բարոյական օրէնքին, ինչ բանի մասին Պետրոս Շանշեանց այսպէս կը գրէ. «Աշխարհի մէջ մարդոց բուն եւ ճշմարիտ կոչումը բարոյական օրէնքը կատարելն է, որպէսզի կարողանայ բարոյական կատարելագործութեամբ եւ առաքինութեան ճանապարհով երջանկութեան հասնիլ, ըլլալ այնպէս, ինչպէս Արարիչէն ստեղծուած է, այսինքն՝ ըլլալ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան համաձայն: Որովհետեւ մարդուն վսեմ պարտաւորութիւնն ու ճշմարիտ երջանկութիւնը Աստուծոյ նմանիլն է եւ ոչ թէ ուրիշ բանի. ըլլալ բարի, մարդասէր, խաղաղասէր, հեզ, խոնարհ եւ համբերող, որովհետեւ Աստուած ամենաբարի է եւ ամբողջութեամբ՝ Սէր. տակաւին, մեզ կը հրաւիրէ յառաջանալ այս առաքինութիւններուն մէջ, որպէսզի կարողանանք կատարեալ ըլլալ, ինչպէս որ Ինք՝ մեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է»:

Մարդ պէտք է ողորմութենէն ամուր կառչի եւ միշտ ջանայ ողորմութիւն գործել: Ամենէն կարեւորը սակայն, անկեղծ սիրտով կատարել: Առակացը այդ պատճառով է որ կ՚ըսէ, թէ աղքատը ստախօսէն աղէկ: Այսինքն, եթէ մարդ հնարաւորութիւն չունի ողորմութիւն կատարելու, աւելի լաւ է անկեղծանայ եւ յայտնէ իր անկարողութիւնը, քան թէ սուտ խօսի: Յիշենք Պետրոս առաքեալին կատարած համարձակ յայտարարութիւնը, թէ՝ «արծաթ կամ ոսկի չունիմ, բայց ինչ որ ունիմ՝ կու տամ քեզի: Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով՝ ե՛լ եւ քալէ» (Գրծ 3.6): Պետրոս առաքեալին այս յայտարարութիւնը, պէտք է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար ուսանելի դաս ըլլայ՝ տալու այն՝ ինչ որ ունի, ինչ որ կրնայ, եւ այդ ունեցածը պայման չէ որ արծաթ, ոսկի կամ դրամ ըլլայ, շատ յաճախ փոխանակած երկու խօսքը, կամ պարգեւած քաղցր ժպիտը շատ բան կու տան, կամ շատ բան կը փոխեն մեր դիմացինի կեանքին մէջ:

Աստուածաշունչը յաճախ կը թելադրէ մեզի ողորմութիւն գործել: Այսպէս.

«Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ, քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, եթէ եղբայրներէդ մէկը աղքատ ըլլայ, խստասրտութիւն մի՛ ըներ ու աղքատ եղբօրդ ձեռքդ մի՛ գոցեր» (Բ. Օր 15.7):

«Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագուեցնելը ու մարմինդ անտեսելն է» (Ես 58.6-7):

«Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. “Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք”» (Մտ 25.40), որով յստակ կը դառնայ, թէ երկրի վրայ սրտանց կատարած բարեգործութիւնը, ողորմութիւնը առանց վարձատրութեան պիտի չմնայ:

«Եւ մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն, որովհետեւ ատոնք են Աստուծոյ կամեցած զոհերը» (Եբր 13.16):

Աւարտենք, դարձեալ Պետրոս Շանշեանցէն մէջբերում մը կատարելով ողորմութեան մասին. «Ողորմութիւնը ամենէն օգտակար եւ բարի գործն է, որով կրնանք մեր ունեցուածքը գործի դնել: Ի՞նչ զգացողութիւն կրնայ հաւասարիլ այն զգացողութեան, որ մեր մէջ կը ծնի ողորմութիւնը. մինչդեռ, աշխարհային ցանկութեան եւ փարթամութեան համար գործ դրած մեր ունեցուածքը եւ ստացուածքը մեզի միայն ունայն հաճոյք կու տան եւ շատ անգամ ալ մեր միտքին մէջ դառն յիշատակ կը ձգեն: Բարերարութիւնը գեղեցիկ ճանպարհ է, որով կրնանք նեղեալները, դժբախտներն ու կարօտեալները մխիթարել, որով անոնք նաեւ կրնան օրհնել Նախախնամութիւնը: Բարերարութիւնն է միջոցը՝ անոնց սիրտը գրաւելու, մեր տարաբախտ եղբայրները՝ աղօթքի հրաւիրելու եւ այսպիսի ժամանակաւոր գործերով՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու. «Տուէք եւ Աստուած ձեզի պիտի տայ. պիտի տայ լաւ չափով, բերնէ բերան, զեղուն առատութեամբ։ Ինչ չափով որ ուրիշները չափէք, նոյն չափով Աստուած ձեզ պիտի չափէ» (Ղկ 6.38). «Եւ Աստուած կրնայ ամէն պարգեւ տալ ձեզի առատօրէն, որպէսզի միշտ ալ ունենաք այնքան՝ որքան պիտի բաւէր ձեր բոլոր կարիքներուն եւ աւելնար՝ ամէն տեսակի բարի գործերու յատկացուելու։ Ինչպէս Սաղմոսին մէջ գրուած է. «Առատօրէն բաշխեց եւ կարօտեալներուն տուաւ. Անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»։ Եւ Աստուած, որ սերմնացանին սերմ եւ ուտելիք հաց կը պարգեւէ, ձեզի եւս պիտի սերմ պարգեւէ եւ զայն աճեցնէ, եւ բազմացնէ նաեւ ձեր արդարութեան արդիւնքները» (Բ.Կր 9.8-10)»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 79

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2024