ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան այս շրջանին իրերայաջորդ կը հիւրընկալէ օտարերկրեայ բարձրաստիճան դիւանագէտներ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան Պաղեստինի գործերու բաժանմունքի վարիչ Ճորճ Նոլլը։ Առաւօտեան ժամերուն տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։ Ներկայ էին նաեւ Սուրբ Աթոռի կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան եւ աւագ թարգման Տ. Վազգէն Վրդ. Ալէքեան։

Նորին Ամենապատուութիւնն ու ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը անդրադարձան Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած առկայ տագնապներուն, որոնց յաղթահարման ուղղութեամբ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը եւ սաղիմահայութիւնը կը գործադրեն խտացեալ ջանքեր։ Զրուցակիցները այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածին վերաբերեալ իրադարձութիւնները։

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2024