ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԹԱՓ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԺԱՅՌԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ
Հայաստանէն եւ Անգլիայէն հնագէտ մասնագէտներէ բաղկացեալ արշաւախումբ մը վերջերս ի յայտ բերաւ ժայռապատկերներ, ինչ որ ստեղծած է լայն արձագանգ։ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի եւ Արցախի սահմանագլխուն գտնուող Ծղուկ լեռնային գօտիի յարակից տարածքէն ներս հնագէտներու եւ արուեստաբաններու աշխատախումբը յայտնաբերեց ու փաստագրեց աւելի քան հազար ժայռապատկերներ։ Կը հաղորդուի, որ ժայռապատկերներու այս խումբը ամենամեծն է Հայաստանի տարածքէն ներս ցայսօր ուսումնասիրուած ու փաստագրուածներու շարքին։ Ծղուկի մէջ յայտնաբերուած զանազան ժամանակաշրջանի ժայռապատկերները կը տարբերին իրենց ոճային ու բովանդակային առանձնայատկութիւններով, ինչպէս նաեւ կատարման թեքնիկին տեսակէտէ։ Անոնց ցոլացուցած դրուագները բազմազան են՝ կենցաղայինէ սկսեալ մինչեւ դիցաբանական, կենդանական նկարներ, տեսարաններ եւայլն։ Իսկ ժամանակագրական առումով Ծղուկի մէջ ուսումնասիրուող ժայռապատկերներու հասակագրութիւնը տակաւին չէ աւարտած։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իրականացուած աշխատանքներուն նպատակն է ժայռապատկերներու հնարաւորինս ճշգրտութեամբ ուսումնասիրութիւնը եւ փաստագրումը ժամանակակից գիտութեան պահանջներուն համապատասխան։ Դաշտային հետազօտական աշխատանքներուն ներգրաւուած են զանազան ոլորտներու մասնագէտներ՝ երկրաբաններ, հնագէտներ, արուեստաբաններ։ Այս ժայռապատկերներուն թուագրումը, ըստ գիտնականներուն, բաւական խնդրայարոյց է ամբողջ աշխարհին մէջ։ Սովորաբար կ՚որոշուի պատկերներու ամենավաղ սահմանը։ Սխալ կը համարուի ժայռապատկերներուն որպէս առանձին երեւոյթ դիտարկումը։ Գիտնականները յարմար կը դատեն, որ անոնք պէտք է դիտարկել հնագիտական ամբողջի մը մէջ։ Հետեւաբար, կը փաստագրուին ո՛չ միայն ժայռապատկերները, այլեւ՝ անոնց շուրջ գտնուող հնագիտական նիւթերը։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մասնագէտները կը մատնանշեն, թէ երկրի տարածքէն ներս գտնուող ժայռապատկերներուն մեծամասնութիւնը վտանգուած է, որովհետեւ կը գտնուի գիւղատնտեսական աշխոյժ գօտիներու մէջ։
Մասնագէտներու ենթադրութիւններով, Ծղուկի մէջ ամենավաղ ժայռապատկերը կրնայ թուագրուիլ ոչ աւելի վաղ, քան Ն.Ք. 12-րդ հազարամեակը, որովհետեւ անկէ առաջ այդ տարածքը գտնուած է սառցադաշտի տակ։ Ուստի եթէ նոյնիսկ մինչ այդ ժամանակաշրջանը եղած են ժայռապատկերներ, ապա անոնք չէին կրնար պահպանուիլ։ Արդարեւ, սառցադաշտի հոսքի ժամանակ բոլոր քարերը կը տաշուին։ Իսկ Հայաստանի տարածքէն ներս փաստագրուած ամենահին ժամանակաշրջանի ժայռապատկերը, որ յայտնաբերուած է Գեղամաւանի քարայրին մէջ, ենթադրաբար կը պատկանի միջին քարէ դարուն (մեզոլիթ)։
Ժայռարուեստի հետազօտութիւնը Հայաստանի մէջ կը դասուի գիտական նոր ճիւղերու շարքին։ Հայաստանի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի արշաւախումբը աշխատանքի ձեռնարկած է 2002 թուականէն ի վեր։ Ծղուկի մէջ հնագիտական աշխատանքները սկսած էին 2008 թուականին։