ՃԻՎԱՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ՊԻՏԻ ՆՈՒԱԳԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ
Աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիվան Գասպարեան յառաջիկայ ամսուան սկիզբին համերգով մը հանդէս պիտի գայ Երուսաղէմի մէջ։ Մեծանուն վարպետը պիտի նուագէ եւս երեք տուտուկահարներու՝ Արմէն Ղազարեանի, Վազգէն Մակարեանի եւ Ճիվան Գասպարեան կրտսերի հետ։ Այս վերջինը իր թոռն է։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ճիվան Գասպարեան մասնակցութիւն պիտի բերէ Երուսաղէմի սրբազան երաժշտութեան փառատօնի եւ իր մաս կազմած քառեակին ելոյթը նախատեսուած է Սեպտեմբերի 3-ին։
Փառատօնի կայքէջը այս առթիւ անդրադարձ կատարած է Ճիվան Գասպարեանին՝ որպէս առասպել։ Ընդգծուած է, որ իր աւելի քան եօթանասուն տարուան երաժշտութեան գործունէութեան ընթացքին Ճիվան Գասպարեան շահած է անթիւ մրցանակներ, հանդէս եկած է աշխարհի զանազան երաժիշտներուն հետ եւ Հոլիվուտի ժապաւէններուն մէջ յաճախ կը հնչեն իր կատարումները։ Ան վեց տարեկանին սկսած է տուտուկ նուագել՝ առանց դասաւանդման։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024