«ՀԱՅՓՈՍՏ» ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹ ՄԸ ԹՈՂԱՐԿԵՑ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ

Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րը կը շա­րու­նա­կեն ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­յու­թեան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դառ­նալ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րուն ձօ­նուած դրոշ­մա­թուղ­թեր թո­ղար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նի թղթա­տա­րա­կան ըն­կե­րու­թեան՝ «Հայ­փոստ»ի կող­մէ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այդ նա­մա­կա­նիշ­նե­րը ար­դէն սպառ­ման դուրս ե­կան ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ։ Նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած այդ դրոշ­մա­թուղ­թե­րու կնքնման ա­րա­րո­ղու­թիւնն ալ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Գե­ղա­թեր­թիկ­նե­րը կնքե­ցին Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան ու կա­պի փոխ-նա­խա­րար Գա­գիկ Թա­դէո­սեան, «Հայ­փոստ»ի ընդ­հա­նուր գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Հայկ Ա­ւա­գեան, Հա­յաս­տա­նի Ֆի­լա­թե­լիստ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Յո­վիկ Մու­սա­յէ­լեան, ըմբ­շա­մար­տի աշ­խար­հի ա­խո­յեան Վա­ղի­նակ Գալստեան, ինչ­պէս նաեւ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րէն Հեր­մի­նէ Տիւ­զեան, Տիգ­րան Ալ­թուն եւ Յա­կոբ Գըր­մը­զեան։

Գա­գիկ Թա­դէո­սեա­նի խօս­քով, բա­րի ա­ւան­դոյթ դար­ձած է յատ­կան­շա­կան բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րուն ձօ­նուած գե­ղա­թեր­թիկ, դրոշ­մա­թուղթ կամ ծրար ու­նե­նա­լը։

Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րուն ձօ­նուած գե­ղա­թերթի­կին վրայ պատ­կե­րուած են խա­ղե­րու ոս­կէ մե­տայ­լին դի­մե­րե­սը եւ դար­ձե­րե­սը, ո­ճա­ւո­րուած պատ­կե­րուած են խա­ղե­րու լո­կոն եւ բա­ժա­կը, ինչ­պէս նաեւ նշուած են ա­նուննե­րը այն քա­ղաք­նե­րուն, ո­րոնք կը հիւ­րըն­կա­լեն մրցա­շարք­նե­րը՝ Ե­րե­ւան, Կիւմ­րի, Վա­նա­ձոր, Ստե­փա­նա­կերտ։ Դրոշ­մա­թուղ­թին վրայ պատ­կե­րուած է մար­զա­դաշտ մը՝ վեց հիմ­նա­կան մար­զա­ձե­ւե­րով, ինչ­պէս նաեւ դար­ձեալ Հա­մահայ­կա­կան խա­ղե­րու լո­կո­յով։ Այս բո­լո­րին գե­ղա­րուես­տա­կան ձե­ւա­ւո­րու­մը կա­տա­րուած է Դա­ւիթ Տով­լա­թեա­նի կող­մէ։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2015